«ՊԱՏՄԱԿԱՆ ՎԵՐԱԴԱՐՁ»
Շաբաթավերջին, Հայաստանի Պատմութեան թանգարանէն ներս ցուցադրութեան դրուեցաւ Անահիտ աստուածուհիի պրոնզէ քանդակը, որ բրիտանական թանգարանի հաւաքածոյին մաս կը կազմէ։ Հայաստանի անկախութեան 33-րդ տարեդարձի օրուան զուգադիպեցաւ այս բացառիկ հնութեան ցուցադրութեան սկիզբը։ Պատմական բացառիկ արժէք մըն է այս մէկը, որ Երեւանի մէջ պիտի ցուցադրուի մինչեւ 2025 թուականի մարտը։
Հայաստանի Պատմութեան թանգարանին մէջ առաջին իսկ օրէն սկսեալ բազմաթիւ այցելուներ փութացին այս քանդակը տեսնելու։ Հայաստանի մէջ Անահիտի պաշտամունքը սկսած է տարածուիլ առնուազն Ն.Ք. 4-րդ դարուն եւ անոր տարածումը շարունակուած է Փոքր Ասիոյ եւ Սուրիոյ մէջ։
Ցուցադրութեան առաջին օրը Հայաստանի Պատմութեան թանգարան այցելեցին նաեւ երկրի պետական աւագանիին յառաջատար դէմքերը։ Այսպէս, Հանրապետութեան նախագահ Վահագն Խաչատուրեան եւ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան եւս տեսան Անահիտ աստուածուհիի հնագոյն պրոնզէ արձանի բնօրինակ հատուածները, որոնք աւելի քան դարէ մը ի վեր կը ցուցադրուին աշխարհահռչակ բրիտանական թանգարանին մէջ։