ԸՆԴԴԻՄՈՒԹԻՒՆԸ Կ՚ԱՇԽՈՒԺԱՆԱՅ

Հայաստանի ընդդիմութիւնը այս շրջանին դարձեալ կ՚աշխուժացնէ իր գործունէութիւնը՝ միշտ ձգտելով երկրէն ներս իշխանափոխութեան։ «Տաւուշը՝ յանուն հայրենիքի փրկութեան» շարժման հիման վրայ վերջին ամիսներուն սկսած եւ ամրան շրջանին միջոց մը դադար առած ընդդիմադիր շրջանակներու գործունէութիւնը ներկայիս վերստին թափ կը ստանայ։ «Սրբազան պայքար» անուանումին ներքեւ կը շարունակուի այս՝ իշխանափոխութեան ուղղեալ քաղաքական նախաձեռնութիւնը։ Երէկ, Երեւանի մէջ, «Կարէն Տեմիրճեան» մարզահամերգային համալիրի երդիքին տակ տեղի ունեցաւ «Սրբազան պայքար»ի հանրահաւաքը։ Ելոյթով մը հանդէս եկաւ այս շարժման գլխաւոր դէմքը՝ Տ. Բագրատ Արք. Գալստանեան, որ յայտարարեց, թէ յառաջիկայ շաբթուընէ սկսեալ քաղաքացիական անհնազանդութեան աշխոյժ գործունէութիւնը պիտի վերսկսի։ Հոկտեմբերի 2-ին ալ Երեւանի Հանրապետութեան հրապարակին վրայ ընդդիմութեան հերթական հանրահաւաքը տեղի պիտի ունենայ։

Բագրատ սրբազան երէկուան հաւաքոյթի ընթացքին նշեց, որ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ յառաջիկայ շաբաթավերջին նախատեսուած արարողութիւններէն անմիջապէս վերջ, իրենք պիտի վերսկսին ընդդիմադիր գործողութիւններուն։ Ընդհանուր առմամբ, ան երէկուան հանրահաւաքին ընթացքին վերահաստատեց այն սկզբունքները, որոնք աւելի առաջ յայտարարուած էին այս «Սրբազան պայքար»ի շրջանակներէն ներս։

Երկուշաբթի, Սեպտեմբեր 23, 2024