ԺԸՆԵՒԻ ՄԷՋ ՀԱՒԱՔՆԵՐ

Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան Ժընեւի մէջ մասնակցեցաւ «Համաշխարհային ներդրումային համաժողով-2018»ի (World Investment Forum) բացման հանդիսաւոր արարողութեան։ ՄԱԿ-ի Ժընեւի կեդրոնակայանէն ներս տեղի ունեցաւ բացման հանդիսաւոր արարողութիւնը։ ՄԱԿ-ի Առեւտուրի եւ զարգացման քոնֆերանսի՝ (UNCTAD) երկամեայ պարբերականութեամբ կազմակերպուող համաժողովներէն մին է այս մէկը։ Այս տարուան համաժողովը յոբելենական է, որովհետեւ կազմակերպուած է տասներորդ անգամ։ «Ներդրումներ՝ յանուն կայուն զարգացման» խորագրեալ համաժողովի բացումէն առաջ Արմէն Սարգսեան կարճ զրոյց մը ունեցաւ Զուիցերիոյ համադաշնակցութեան նախագահ Ալէն Փերեսի հետ։ Այս վերջինը մասնակցութիւն բերած էր Երեւանի մէջ կազմակերպուած Ֆրանսախօսութեան միջազգային կազմակերպութեան 17-րդ գագաթաժողովին։

Համաժողովի բացման ներկայ գտնուեցան Ալէն Փերես, ՄԱԿ-ի Առեւտուրի եւ զարգացման քոնֆերանսի անդամ պետութիւններէ, միջազգային գործարար շրջանակներէ, ներդրումային կամ միջազգային կազմակերպութիւններէ բարձրաստիճան պաշտօնատարներ։ Հիւրերը ելոյթով մը ողջունեց Ալէն Փերես։ Համաժողովը այս տարի համախմբած է 160 երկիրներէ աւելի քան 4000 ներկայացուցիչներ, որոնց շարքին կը գտնուին զանազան երկիրներէ բազմաթիւ անդրազգային ընկերութիւններու, ազդու ներդրումային ֆոնտերու եւ այլ խոշոր ընկերութիւններու ղեկավարներ։

Համաշխարհային ներդրումային համաժողովը ներդրումներու եւ կայուն զարգացման ոլորտին ձօնուած միջազգային յառաջատար եւ ներկայացուցչական համաժողովներէն մին է։ Սա բարձր մակարդակի հարթակ մըն է, ուր կը քննարկուին համաշխարհայնացման եւ էնսթիթիւսիոնալիզասիոնի նոր դարաշրջանէն ներս ներդրումային ոլորտի մէջ առկայ համաշխարհային մարտահրաւէրները եւ զանոնք յաղթահարելու հնարաւորութիւնները։

Ժընեւի մէջ Արմէն Սարգսեան կը մասնակցի նաեւ «Crans Montana» միջազգային հեղինակաւոր ֆորումի 20-րդ տարեկան նստաշրջանի բացման ու որպէս գլխաւոր բանախօս հանդէս կու գայ՝ տեղական ու համաշխարհային անվտանգութեան խնդիրներուն ձօնուած քննարկումներուն ժամանակ։

Ժընեւի կեցութեան ընթացքին Արմէն Սարգսեան եւ Առաջին տիկին Նունէ Սարգսեան այցելեցին «Ֆրանք Միւլլէր» ժամացոյցներու արտադրութեան աշխարհահռչակ ընկերութեան կեդրոնը։ Անոնք ջերմ մթնոլորտի մը մէջ հիւրընկալուեցան զուիցերահայ գործարար ու բարերար Վարդան Սըրմաքէշի կողմէ։ Զրոյցի ընթացքին Արմէն Սարգսեան նշեց, որ գերխնդիր կը համարուի Հայաստանը դարձնել ներդրումներու տեսակէտէ հրապուրիչ երկիր մը։ «Մենք պէտք է կարողանանք կառուցել կայուն եւ կանխատեսելի երկիր մը, ուր հնարաւոր պիտի ըլլայ երկարաժամկէտ ծրագիրներ մշակել եւ յաջողութեամբ իրագործել», ըսաւ ան։

Իր կարգին, Վարդան Սըրմաքէշն ալ յայտնեց, որ ինք եւ որդիները պատրաստ են զանազան ծրագրերու միջոցաւ ընդլայնել իրենց մասնակցութիւնը Հայաստանի եւ Արցախի զարգացման։

Երեքշաբթի, Հոկտեմբեր 23, 2018