ՀԱՅԱՍՏԱՆ ԿԸ ՎԱՐՈՒԻ ՀԱՄԱՐԺԷՔ

Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան յայտարարեց, որ դժուար կը պատկերացնէ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնահարցի կարգաւորումը՝ առանց Արցախի կարգավիճակի ճշգրտման եւ յստակեցման։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, Պէյրութ կատարած այցելութեան ընթացքին, լիբանանահայ համայնքի ներկայացուցիչներու հետ զրուցելու ժամանակ Նիկոլ Փաշինեան անդրադարձաւ Արցախի հիմնախնդրի կարգաւորման։ Ան ըսաւ, որ շատ յաճախ միջազգային հանրութեան ներկայացուցիչները զանազան բանակցութիւններու ժամանակ հարց կու տան, թէ Հայաստան պատրա՞ստ է զիջումներու։ Ան այս կապակցութեամբ ըսաւ.

«Այս հարցին սովորաբար կու տամ հետեւեալ պատասխանը. իսկ Ա-տըրպէյճան պատրա՞ստ է զիջումներու։ Ես չեմ համարեր, որ այդ հարցումի առաջին պատասխանողը պէտք է ըլլայ Հայաստան։ Չեմ գիտեր ինչու, իմ վարչապետ ընտրուելէն վերջ իսկ ես կը զգամ, թէ այդպիսի տրամաբանութիւն մը կայ։ Չեմ գիտեր, թէ ո՞վ որոշած է կամ ե՞րբ որոշուած է, թէ այդ հարցումին առաջին պատասխանողը պէտք է ըլլայ Հայաստան։ Պէտք չէ որ ըլլայ Հայաստանը այդ հարցումի առաջին պատասխանողը։ Պատասխանը առնուազն պէտք է ըլլայ համաժամանակեայ։ Իսկ Ատրպէյճան պատրա՞ստ է զիջումներու։ Սա հարց մըն է, որու պատասխանը պէտք է ձեւակերպուի համաժամանակ։ Ես ըսած եմ, որ մենք ամէն իրավիճակի մէջ պիտի ըլլանք համարժէք։ Շատ կարեւոր է իրավիճակին համարժէք ըլլալը եւ Հայաստանի կառավարութիւնը համարժէքութեան զգացումը երբեք պիտի չկորսնցնէ»։

Բաց աստի, Նիկոլ Փաշինեան ընդգծեց, որ դժուար կը պատկերացնէ հարցի կարգաւորումը առանց Արցախի կարգավիճակի ճշգրտման եւ յստակեցման։ «Սա նաեւ իրողութիւն մըն է, որ մենք մեր բոլոր ելոյթներուն մէջ կ՚ընդգծենք, թէ Արցախի կարգավիճակն ու անվտանգութիւնը ունի անկիւնաքարային նշանակութիւն կարգաւորման համար», ըսաւ ան։

Երեքշաբթի, Հոկտեմբեր 23, 2018