ՌՈՒՏԻ ՃՈՒԼԻԱՆԻ ԵՐԵՒԱՆԻ ՄԷՋ

Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի իրաւաբանական հարցերով անձնական խորհրդականը՝ Ռուտի Ճուլիանի այս օրերուն կ՚այցելէ Երեւան։ Ռուսաստանի Հայոց միութեան նախագահ եւ ԻՒՆԷՍՔՕ-ի բարեկամեցողութեան դեսպան Արա Աբրահամեանի հրաւէրով տեղի կ՚ունենայ այս այցելութիւնը։ Ռուտի Ճուլիանի, որ Նիւ Եորքի նախկին քաղաքապետն է, Երեւանի մէջ մասնակցութիւն կը բերէ Եւրոասիոյ տնտեսական միութեան ծիրին մէջ կազմակերպուած ֆորումին։

Ռուտի Ճուլիանի երէկ Երեւանի մէջ այցելեց Ծիծեռնակաբերդի յուշարձանը ու շրջեցաւ յարակից թանգարանը։ «Ազատութիւն» ռատիօկայանի թղթակցին հետ զրուցելու ընթացքին ան ըսաւ. «Ես համոզուած եմ, թէ ցեղասպանութիւնը պատմական իրողութիւն մըն է, սակայն այսօր այստեղ ես չեմ գտնուիր որպէս իրաւասու մը, այլեւ եկած եմ որպէս մասնաւոր անձ մը»։ Ճուլիանի նշեց, որ Թրամփի վարչախումբը այս հարցին շուրջ պէտք է ձեւաւորէ իր մօտեցումը։ Ճուլիանի նշեց նաեւ, որ մօտէն ծանօթ է ամերիկահայ համայնքին, սակայն առաջին անգամ կ՚այցելէ Հայաստան։ Իր խօսքով՝ հայոց ցեղասպանութիւնը պէտք չէ մոռցուի, այլապէս սա կը նշանակէ, որ մեր դարաշրջանին նման սարսափելի ահաբեկչական գործողութիւնները կրնան ապագային եւս հնարաւոր դառնալ։ «Ցեղասպանութեան ճանաչումը կը նպաստէ կանխարգիլել նման անմարդկայնութիւնը յետագային», ըսաւ ան։

Հարկ է նշել, որ Ճուլիանի ծանօթ է նաեւ՝ որպէս Տանըլտ Թրամփի անպաշտօն խորհրդականը սիպեր անվտանգութեան հարցի մէջ։

Երեքշաբթի, Հոկտեմբեր 23, 2018