ԵՐՈՒՍԱՂԷՄԻ ՀԱՅՈՑ ՊԱՏՐԻԱՐՔԸ ՔԱՂԱՔԻՍ ՄԷՋ

Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարք Տ. Նուրհան Արք. Մանուկեան այս օրերուն կ՚այցելէ քաղաքս։ Նորին Ամենապատուութեան կ՚ընկերանայ Սուրբ Աթոռի Կալուածոց գրասենեակի ղեկավար Տ. Պարէտ Ծ. Վրդ. Երէցեան։ Ինչպէս ծանօթ է, Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը երկար ժամանակէ ի վեր հետամուտ է Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարքութեան՝ Թուրքիոյ մէջ գտնուող երբեմնի կալուածներու սեփականութեան իրաւունքի վերաձեռքբերման աշխատանքներուն։ Ներկայ այցելութիւնն ալ տեղի կ՚ունենայ նոյն ծիրին մէջ։ Ան կը տեսակցի փաստաբաններու հետ, որոնք Սրբոց Յակոբեանց վանքի իրաւունքները կը հետապնդեն Թուրքիոյ մէջ։ Քննարկումներու այժմու փուլը հետաքրքրական է, որովհետեւ վերջերս դատական իշխանութիւնները վճիռներ արձակած են Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարքութեան վերաբերեալ գործերուն շուրջ։

Միւս կողմէ, կը տեղեկանանք, որ երէկ երեկոյեան Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարքը ընթրած է Կրօնական ժողովի ատենապետ Տ. Արամ Արք. Աթէշեանի հետ։ Ընթրիքի սեղանի շուրջ երկու բարձրաստիճան հոգեւորականները եկեղեցական կեանքի վերաբերեալ զանազան նիւթերու շուրջ անմիջական զրոյց մը ունեցած են՝ որպէս հոգեւոր եղբայրներ։

Չորեքշաբթի, Հոկտեմբեր 23, 2019