ՆԱԽԱԳԱՀ ԱՐՄԷՆ ՍԱՐԳՍԵԱՆ ՄԱՍՆԱԿՑԵՑԱՒ ՃԱԲՈՆԻ ՆՈՐ ԿԱՅՍԵՐ ԳԱՀԱԿԱԼՈՒԹԵԱՆ ՀԱՆԴԻՍԱՒՈՐ ԱՐԱՐՈՂՈՒԹԵԱՆ
Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան եւ Առաջին տիկին Նունէ Սարգսեան երէկ Թոքիոյի մէջ մասնակցեցան Ճաբոնի նոր կայսեր՝ Նարուհիթոյի գահակալութեան հանդիսաւոր արարողութեան։ Կայսերական պալատին մէջ տեղի ունեցած արարողութեան ներկայ գտնուեցան աշխարհի 183 երկիրներէ պատուիրակութիւններ, որոնց գլուխը կը գտնուէին արքունիքներու ներկայացուցիչներ, պետութիւններու կամ կառավարութիւններու ղեկավարներ, այլ բարձրաստիճան պաշտօնատարներ, միջազգային կազմակերպութիւններու ղեկավարներ։ Նոր կայսեր գահակալման առթիւ շնորհաւորական խօսքով մը հանդէս եկաւ Ճաբոնի վարչապետ Շինծօ Ապէ։ Ճաբոն, որ ունի խոր աւանդութիւններ, իր Սահմանադրութեամբ կայսրը պետութեան եւ ազգի միասնութեան խորհրդանշանը կը համարէ եւ իբր այդ ան կ՚իրականացնէ արարողակարգային գործառոյթներ։ Այսինքն, Ճաբոնի կայսրը ունի ըստ էութեան ներկայացուցչական լիազօրութիւններ։ Ճաբոնի՝ այժմ արդէն նախկին կայսր 85-ամեայ Աքիհիթօ գահէն հրաժարած էր անցեալ ապրիլին։ Ներկայիս իրեն կը փոխարինէ որդին։ Ճաբոնի մէջ աւարտած է ազգային ժամանակագրութեան «Հէյսէյ» ժամանակաշրջանը։ Սա կը նշանակէր՝ խաղաղութիւն հաստատելու դարաշրջան, որ սկսած էր 1989 թուականին։ Այժմ սկսած է 59-ամեայ Նարուհիթոյի գահակալութեան ժամանակաշրջանը, որ ստացած է «Ռէյվա» անուանումը։ Սա կը նշանակէ՝ կարգ ու կանոն ու ներդաշնակութիւն։ Ճաբոնի արքունիքը ունի հազարամեայ պատմութիւն։ Նարուհիթոյի պատկանած արքունիքի թեւը գոյութիւն ունի աւելի քան 2600 տարիէ ի վեր եւ ան կը հանդիսանայ 26-րդ կայսրը։
Արմէն եւ Նունէ Սարգսեան ամոլը մասնակցեցաւ նաեւ նոր կայսրի գահակալութեան առթիւ կազմակերպուած պաշտօնական ընդունելութեան։ Նախագահ Սարգսեան այս առթիւ շնորհաւորութիւններ յղեց միապետին։
Թոքիոյի մէջ Արմէն Սարգսեան հանդիպումներ ալ ունեցաւ արարողութեան մասնակից այլ ղեկավարներու հետ. ինչպէս՝ Սպանիոյ Ֆելիփէ Զ. թագաւորը, Անգլիայէն իշխան Չարլզը, Գերմանիոյ, Աւստրիոյ, Ղազախիստանի, Պրազիլի, Թիւրքմենիստանի, Խրղըզիստանի, Վրաստանի նախագահները եւ այլք։