ՍԱՀՄԱՆԻ ԵՐԿԱՅՆՔՈՎ

Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան երէկ Սոչիի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ։ 6 ժամ 20 վայրկեան տեւեց այս կարեւոր գագաթաժողովը, որու աւարտին յայտարարուեցաւ, թէ Անգարայի եւ Մոսկուայի միջեւ ընդհանուր համաձայնութիւն մը ապահովուած է Սուրիոյ տագնապի ապագային շուրջ։ Սա Թուրքիոյ տեսակէտէ շատ կարեւոր իրադարձութիւն մըն է։ Արդարեւ, Թուրքիա-Սուրիա սահմանի ամբողջ երկայնքով ահաբեկչութեան վտանգին դէմ երաշխիքներ ստեղծելու տեսակէտէ շօշափելի յառաջընթաց մը արձանագրուած է։

Թուրք զինեալ ուժերու կողմէ ձեռնարկուած «Խաղաղութեան ակ» գործողութիւնները կը նախատեսէին անվտանգ գօտի մը ստեղծել Սուրիոյ հիւսիսին՝ Եփրատի արեւելքէն ահաբեկիչներու մաքրագործումով։ Անգարա այդ առանցքին վրայ իր նպատակին առաւել չափով հասաւ՝ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու միջամտութեամբ։ Անգարայի եւ Ուաշինկթընի միջեւ ձեռք բերուած համաձայնութեան վրայ գործողութիւններուն հինգ օր դադար տրուեցաւ, որպէսզի ահաբեկիչները լքեն այդ ամբողջ տարածքը։ Իսկ Էրտողան-Փութին հանդիպումը եկաւ այդ իրավիճակը ամրապնդել։ Տեսակցութիւնը տեղի ունեցաւ երէկ, երբ գործողութիւններու դադրեցման ժամկէտը կը լրանար։ Այս իրավիճակին մէջ, Թուրքիոյ եւ Ռուսաստանի ղեկավարութիւններուն միջեւ համաձայնութիւն գոյացաւ՝ այս անգամ Եփրատի արեւմուտքն ալ ահաբեկչական տարրերէ ամբողջովին մաքրագործելու ուղղութեամբ։ Այդ հատուածն ալ պիտի ունենայ շուրջ 30 քիլօմեթր խորութիւն, ինչ որ կը համապատասխանէ Եփրատի արեւելքի վիճակին։ Դարձեալ 150 ժամուան կամ հինգ օրուան ժամկէտ մը սահմանուած է, որպէսզի ահաբեկիչները լքեն նաեւ Եփրատի արեւմուտքը։ Ըստ Էրտողանի եւ Փութինի միջեւ ձեռք բերուած համաձայնութեան, թրքական եւ ռուսական զօրքերը համատեղ հերթապահութիւն պիտի կատարեն այնտեղ։

Մինչ այս իրադարձութիւնները ստեղծած են շատ լայն արձագանգ, Իրանն ալ ողջունեց Էրտողանի եւ Փութինի կողմէ առնուած որոշումները։

Իր կարգին, Սուրիոյ հարցով ԱՄՆ-ի յատուկ ներկայացուցիչ Ճէյմս Ճեֆրի յայտարարեց, որ Անգարայի եւ Մոսկուայի միջեւ գոյացած համաձայնութեան մէջ կան բազմաթիւ «բաց կէտեր»։ Արտաքին գործոց նախարար Մեւլիւտ Չավուշօղլուն ալ հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ իր ամերիկացի պաշտօնակցին՝ Մայք Փոմփէոյի հետ։

Չորեքշաբթի, Հոկտեմբեր 23, 2019