ԱՆԿԵՂԾ ՎՇՏԱԿՑՈՒԹԻՒՆ

Հանրապետութեան նախագահ Էրտողան երէկ Աթոռանիստ Մայր եկեղեցւոյ մէջ հրաժեշտի խօսք մը արտասանեց նորոգ հանգուցեալ Իսթանպուլի երեսփոխան Մարգար Էսաեանի համար։ Դամբանականին մէջ ան շեշտեց, որ Մարգար Էսաեան իր ճանապարհի ընկերն էր։ Խորազգած վշտակցութիւններ փոխանցելով անոր ցաւալի կորուստին բերումով՝ Էրտողան նշեց, որ Մարգար Էսաեանը ճանչցած էր այն շրջանին, երբ ան տակաւին լրագրական ասպարէզի մէջ էր։ Այդ ծանօթութիւնը շարունակուեցաւ՝ Մարգար Էսաեանի քաղաքական ասպարէզ մտնելէն վերջ։ Եղաւ երկար ճանապարհորդութիւն մը։ Էրտողան նշեց, որ Մարգար Էսաեան երկու շրջան ԱՔ կուսակցութենէն երեսփոխան ընտրուած էր։ Մասնակցած էր նաեւ կուսակցութեան ամենաբարձր գործադիր մարմնին։ Էրտողան նշեց, որ Մարգար Էսաեան սիրով կապուած էր երկրին ու ազգին։ Ծառայելու սէրը միշտ զգալի եւ նկատելի էր իր մօտ։ Քաղաքական գործունէութեան ընթացքին Մարգար Էսաեան եռանդով աշխատած էր, որպէսզի Թուրքիոյ մէջ ժողովրդավարութիւնն ու ազատութիւնները ամրապնդուին եւ երկիրը զօրանայ։

Դամբանականին մէջ նախագահ Էրտողան շեշտեց, որ Մարգար Էսաեան մտաւորականի որակումը նուաճած էր իր սրտով եւ անկեղծութեամբ ու ոչ թէ իր արմատներով։ Ան միշտ հաւատարիմ մնացած էր իր գրչի պատիւին։ Նախագահը վստահութիւն յայտնեց, որ Թուրքիոյ հայ համայնքի շարքերէն այսպիսի տակաւին բազում երիտասարդներ կը հասնին։ Ելոյթի աւարտին ան ընդգծեց, որ ծառայութիւնները պիտի շա

Ուրբաթ, Հոկտեմբեր 23, 2020