ԳԵՂԵՑԻԿ ՈՒՏԵՍՏՆԵՐ

Պելժիացի կինը կենդանիներու պատկերներով ուտեստներ պատրաստելու շնորհիւ մեծ թիւով հետեւորդ ստացած է համացանցի մէջ։ Այսպէս, Պելժիոյ փոքր գիւղերէն մէկը բնակող Եոլանտա Սթոքերմանս ծաղիկներու եւ կենդանիներու ձեւերով ուտեստներ պատրաստելու տաղանդի շնորհիւ հետաքրքրութեան առարկայ դարձած է համացանցի մէջ, կը գրէ «boredpanda.com» կայքէջը։

Աղբիւրը կը մանրամասնէ, որ մօտաւորապէս տարի մը առաջ Սթոքերմանս սկսած է համեղ բաղադրատոմսերով գեղեցիկ ուտեստներ պատրաստել ու լուսանկարել։ Ժամանակի ընթացքին կինը այս սիրական զբաղումով այնքան տարուած է, որ սկսած է անընդհատ ինքզինք կատարելագործել ու բարդ պատկերներ ստանալ։ «Երեխաներս ըսին, որ «Instagram»ի մէջ հրապարակեմ աշխատանքներս։ Վերջապէս, միացայ հարթակին, իսկ այժմ մօտաւորապէս 14 հազար հետեւորդ ունիմ», նշած է Սթոքերմանս, աւելցնելով, որ աշխատանքներու մէջ ամենօրեայ օգտագործման ամենապարզ բաղադրիչները՝ հիմնականին միրգ ու բանջարեղէն են։

Ուրբաթ, Հոկտեմբեր 23, 2020