ՀԵՏԱՔՐՔՐԱԿԱՆ ԾՐԱԳԻՐ ՄԸ

Փոքր տարիքէն տնային գործեր կատարելը կարեւոր է ոչ միայն տունը կոկիկ պահելու, այլեւ երեխայի եւ դեռահասներու անձնական յատկանիշներու ձեւաւորման համար։ Այնուամենայնիւ, աշխարհի որոշ մասերու մէջ տնային գործերը տակաւին կը համարեն կնոջ պարտականութիւն, որու հետեւանքով որոշ տղամարդիկ չեն փափաքիր կամ նոյնիսկ չեն կրնար տարրական տնային գործեր կատարել, կը գրէ «Bored Panda» կայքէջը։

Սեռերու հաւասարութեան ի նպաստ պայքարող Սպանիոյ Վիկօ քաղաքի Colegio Montecastelo դպրոցը կ՚իրականացնէ ծրագիր մը, որու շրջանակներէն ներս դեռահասներուն եւ երիտասարդներուն կը սորվեցնէ տնային գործեր՝ մաքրութիւն, կարուձեւ, հագուստ արդուկել, նաեւ կերակուր պատրաստել։

Մինչ որոշ մարդիկ կ՚ողջունեն այս նախաձեռնութիւնը, միւսները կը կարծեն, որ դասընթացը իրականութեան մէջ «սեռերու դերեր կը վերագրէ տղամարդոց»։ Ոմանք ալ կը կարծեն, որ այդ հմտութիւնները պէտք է ուսուցանուին տանը, այլ ոչ թէ դպրոցին մէջ:

Ուրբաթ, Հոկտեմբեր 23, 2020