ՀՈՅԱՄՈՂԷԶԻ ՄԸ ԿՄԱԽՔԸ ԿԸ ՎԱՃԱՌՈՒԻ

Նիւ Եորքի մէջ աճուրդով հոյամողէզի մը կմախքը կը վաճառուի։ Այսպէս, աշխարհահռչակ Christie՚s աճուրդի տունը հոյամողէզի մը կմախքը վաճառքի կը հանէ, կը գրէ «The New York Times»ը: Այս մէկը հոյամողէզի առաւել ամբողջական կմախքներէն մէկն է՝ 188 ոսկորով: Սիրող հնէաբան Ստէն Սեքրիսըն զայն յայտնաբերած է 1987 թուականին՝ Հարաւային Տաքոթայի մէջ պեղումներու ժամանակ: Փորձագէտներու կարծիքով՝ հոյամողէզի ծանրութիւնը 7-8 թոն է, իսկ անոր ատամները աւելի քան 27 սմ. երկարութիւն ունին:

1997 թուականին կմախքը աճուրդով վաճառուած է Շիքակոյի Բնութեան պատմութեան թանգարանին՝ 8.36 միլիոն ամերիկեան տոլարով: Ըստ թերթի, յառաջիկայ աճուրդին մէջ այդ գումարը կրնայ աւելի բարձր ըլլալ:

Ուրբաթ, Հոկտեմբեր 23, 2020