ՈՐԲՈՒԿ ՎԱԳՐԱՁԻՆ…

Քենիոյ մէջ Տիրիա անունով որբացած վագրաձին վերագտած է երջանկութիւնը իր խնամակալի շնորհիւ, որ ամէն օր կը կրէ սեւ ու սպիտակ գծաւոր վերնազգեստ՝ փոխարինելով անոր մայրը։

Քենիոյ Ցաւօ ազգային ճեմապարտէզին մէջ Տիրիայի մայրը խումբ մը առիւծներու զոհը դարձած է, որմէ յետոյ կենդանին հրաշքով կրցած է փրկուիլ՝ թաքնուելով հարեւան այծի հօտին հետ։

Սկիզբին անոր մասին հոգ տարած են հովիւները, իսկ յետոյ վագրաձին տեղափոխած են Շելտրիքի վայրի բնութեան հիմնարկը, որ աշխատանք կը տանի Քենիոյ մէջ։

Հիմնարկի աշխատակիցներէն մէկը կենդանիի մօր բացակայութիւնը լրացնելու համար ամէն օր կը հագնի սեւ ու սպիտակ գծաւոր վերնազգեստ։

Վայրի բնութեան հիմնարկի ներկայացուցիչներու խօսքով՝ իր խնամակալի շնորհիւ որբացած վագրաձին վերագտած է իր երջանկութիւնը։

Ուրբաթ, Հոկտեմբեր 23, 2020