ՍԱՐԳՍԵԱՆ ՓԱՐԻԶԻ ՄԷՋ ԱՐՑԱԽԻ ՎԻՃԱԿԸ ՔՆՆԱՐԿԵՑ ՄԱՔՐՈՆԻ ՀԵՏ

Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան Լեռնային Ղարաբաղի լայնածաւալ պատերազմի մթնոլորտին մէջ աշխատանքային այցելութիւն մը տուաւ Փարիզ։ Էլիզէի պալատին մէջ ան հիւրընկալուեցաւ Ֆրանսայի Հանրապետութեան նախագահ Էմմանիւէլ Մաքրոնի կողմէ։ Ինչպէս ծանօթ է, Ֆրանսա ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահ երկիրներէն մին է ու լուրջ ջանքեր կը գործադրէ պատերազմական գործողութիւններու կասեցման ուղղութեամբ։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, Սարգսեան եւ Մաքրոն քննարկեցին հակամարտութեան գօտիէն ներս ստեղծուած իրավիճակը։ Արմէն Սարգսեան շնորհակալութիւն յայտնեց Մաքրոնի դրական ջանքերուն համար ու նշեց, որ Հայաստան բարձր կը գնահատէ ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահ Ֆրանսայի եւ անձամբ Մաքրոնի ջանքերն ու դիրքորոշումը հիմնախնդրի կարգաւորման ուղղութեամբ։ Արմէն Սարգսեան ընդգծեց, որ Ատրպէյճանի կողմէ Թուրքիոյ աջակցութեամբ սանձազերծուած լայնածաւալ պատերազմը կը շարունակուի։ Կը թիրախաւորուին Արցախի բնակավայրերը, խաղաղ բնակչութիւնը եւ քաղաքացիական ենթակառուցուածքները։ Ան խոր մտահոգութիւն յայտնեց Թուրքիոյ կողմէ Ատրպէյճանի ի նպաստ ցուցաբերուած ռազմաքաղաքական աջակցութեան բերումով։ Արդարեւ, երրորդ երկրի մը կողմէ նման ծաւալով ներգրաւուածութիւնը կացութիւնը ա՛լ աւելի կը սրէ ու կը վտանգէ տարածքաշրջանի կայունութիւնն ու անվտանգութիւնը։  Արմէն Սարգսեան Փարիզի զրոյցի ընթացքին կանգ առաւ նաեւ Մերձաւոր Արեւելքէ վարձկան ահաբեկիչներու Ատրպէյճանի բանակի շարքերուն մէջ ընդգրկման խնդրին վրայ։  Ըստ իրեն, չի բացառուիր, որ անոնք որոշ ժամանակ վերջ յայտնուին այլ երկիրներու մէջ՝ ներառեալ Եւրոպան։

Իր կարգին, Մաքրոն մտահոգութիւն յայտնեց ռազմական գործողութիւններու շարունակուելուն եւ ստեղծուած իրավիճակին կապակցութեամբ։ Երկու նախագահները համակարծիք գտնուեցան, թէ հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորումը այլընտրանք չունի։ Անոնք անհրաժեշտ համարեցին հրադադարի հաստատման շուրջ գոյացած համաձայնութիւններու իրականացումը։ Նախագահները ընդգծեցին ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի դերը այս հակամարտութեան կարգաւորման գործին մէջ։ Անոնք կարեւորեցին Մինսքեան խմբակի համանախագահութեամբ հնարաւորինս շուտ բանակցային սեղանի շուրջ վերադառնալու անհրաժեշտութիւնը։

Հարկ է նշել, որ Արմէն Սարգսեան Փարիզ մեկնեցաւ Պրիւքսելի վրայով։ Այսպէս, դէպի Պրիւքսել ուղեւորութեան եզրափակիչ փուլին ան հանդիպում մը ունեցաւ Եւրոմիութեան Արտաքին յարաբերութիւններու եւ անվտանգութեան քաղաքականութեան հարցերով գերագոյն յանձնակատար Ժոզէֆ Պորելի հետ։ Արցախի առկայ տագնապալի կացութեան պայմաններուն ներքեւ կողմերը քննարկեցին Ատրպէյճանի կողմէ սանձազերծուած պատերազմին ընթացքը։ Արմէն Սարգսեան ուշադրութիւն հրաւիրեց Ատրպէյճանի կողմէ խաղաղ բնակչութեան եւ քաղաքացիական ենթակառուցուածքներու թիրախաւորման, ինչպէս նաեւ անոր ի նպաստ Թուրքիոյ ռազմաքաղաքական աջակցութեան վրայ։ Սարգսեան տարածքաշրջանային եւ միջազգային կայունութեան ու անվտանգութեան տեսակէտէ լուրջ սպառնալիք համարեց՝ Ատրպէյճանի բանակի շարքերուն մէջ վարձկան ահաբեկիչներու ներգրաւուած ըլլալը։

Իր կարգին, Ժոզէֆ Պորել խոր մտահոգութիւն յայտնեց ռազմական գործողութիւններու շարունակման եւ ստեղծուած իրավիճակին կապակցութեամբ։ Ըստ իրեն, անհրաժեշտ է՝ լարուածութիւնը լիցքաթափել, կրակը դադրեցնել եւ բանակցային գործընթացի շուրջ վերադառնալ ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահութեամբ։

Էլիզէի աղբիւրները հաղորդեցին, որ երէկ Արմէն Սարգսեանը հիւրընկալելէ առաջ՝ Էմմանիւէլ Մաքրոն երկուքական հեռախօսազրոյց ունեցած է Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի եւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հետ։ Ան հերթական անգամ ընդգծած է, որ ստեղծուած իրավիճակէն դուրս գալու միակ տարբերակը բանակցութիւններն են։ Ըստ իրեն, երկխօսութեան վերականգնման համար անհրաժեշտ են հանգիստ պայմաններ։

Միւս կողմէ, Մաքրոն խոստացած է, որ Ֆրանսա բժշկական օգնութիւն կ՚ուղարկէ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ վիրաւորուածներուն համար։ Մանրամասնութիւնները յայտնի պիտի դառնան յառաջիկայ օրերուն։

ԷՐՏՈՂԱՆ ԵՒ ՌՈՒՀԱՆԻ ՀԵՌԱՁԱՅՆԻ ՎՐԱՅ ԱՆԴՐԱԴԱՐՁԱՆ ԼԵՌՆԱՅԻՆ ՂԱՐԱԲԱՂԻ ՊԱՏԵՐԱԶՄԻՆ

Լեռնային Ղարաբաղի լայնածաւալ պատերազմով պայմանաւորուած միջավայրին մէջ, երէկ, հեռախօսազրոյց մը տեղի ունեցաւ Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողանի եւ Իրանի նախագահ Հասան Ռուհանիի միջեւ, որոնք անդրադարձան Արցախի մէջ ստեղծուած իրավիճակին։ Նախագահները կանգ առին Լեռնային Ղարաբաղի տագնապին եւ Սուրիոյ իրադարձութիւններուն վրայ։ Ըստ Էրտողանի, Ատրպէյճանի տարածքները բռնագրաւելով եւ յարձակումներ գործելով Հայաստան տագնապի ծնունդ տուած է եւ քաղաքային ժողովուրդին վրայ անոր կողմէ կատարուած յարձակումները պատերազմական յանցագործութիւն կը համարուին։ Էրտողան համոզուած է, որ այս խնդրին կապակցութեամբ կարեւոր է դիրքաւորուիլ այնպիսի կէտի մը վրայ, ուր կը զանազանուին արդարն ու անարդարը եւ կը տարանջատուին բռնագրաւիչն ու բռնագրաւուողը։

Անգարայէն յայտարարուած այս մանրամասնութիւններուն առընթեր Էրտողան-Ռուհանի հեռախօսազրոյցին շուրջ Թեհրանի աղբիւրներն ալ կատարեցին հաղորդումներ։ Ըստ «Արմէնփրէս»ի, Ռուհանի զրոյցի ընթացքին մտահոգութիւն յայտնեց Մերձաւոր Արեւելքէն ահաբեկիչներու Իրանի սահմաններու մօտակայքին յայտնուելուն կապակցութեամբ։ Ըստ իրեն, ահաբեկչական խումբերը կրնան լուրջ սպառնալիք մը դառնալ տարածքաշրջանի համար։ Ան անդրադարձաւ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան եւ ընդգծեց Իրանի սահմանամերձ քաղաքներէ ներս անվտանգութեան ապահովման անհրաժեշտութիւնը։ Ռուհանի մատնանշեց, որ այս առումով Իրանի դիրքորոշումը բաւական պարզ է։ «Կը կարծենք, թէ պատերազմը Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան լուծումը չէ։ Խնդիրը կը լուծուի բանակցութիւններով», ըսած է ան։

Անգարա կը շարունակէ զանազան հարթութիւններու վրայ ներգրաւուած մնալ ղարաբաղեան հիմնախնդրին։ Այս ամբողջին մէջ երէկ տեղի ունեցաւ աննախընթաց իրադարձութիւն մը։ ՆԱԹՕ առաջին անգամ Թուրքիան հրաւիրեց օգտագործել իր ազդեցութիւնը՝ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ լարուածութիւնը նուազեցնելու համար։ Դաշինքի ընդհանուր քարտուղարը՝ Եէնս Սթոլթենպերկ երէկ ըսաւ. «Թուրքիա ՆԱԹՕ-ի արժէքաւոր անդամն է, սակայն, կ՚ակնկալուի, որ ան օգտագործէ տարածքաշրջանէ ներս իր զգալի ազդեցութիւնը, որպէսզի նուազեցնէ առկայ լարուածութիւնը»։

Սթոլթենպերկ նախօրէին Պրիւքսելի մէջ հանդիպում մը ունեցած էր Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեանի հետ։ Երէկուան իր յայտարարութիւններուն մէջ ալ դիտել տուաւ, որ իրավիճակը շատ լուրջ է եւ բոլոր դաշնակիցները մտահոգուած են։ Ընդհանուր քարտուղարը շեշտեց, որ դաշինքը այս հակամարտութեան մաս չէ։ Ուստի, ՆԱԹՕ կը յորդորէ գտնել քաղաքական լուծում մը։ «Ես չեմ ըսեր, որ քաղաքական կարգաւորումը դիւրին է ու չեմ կարծեր, թէ խաղաղ լուծում մը գտնել հնարաւոր է մօտաւոր ապագային», ըսաւ Սթոլթենպերկ։

Միւս կողմէ, Արտաքին գործոց փոխ-նախարար Սետաթ Էօնալի կողմէ գլխաւորուած պատուիրակութիւն մը երէկ շփումներու ձեռնարկեց Մոսկուայի մէջ։ «Ազատութիւն» ռատիօկայանի հաղորդումներով, Ռուսաստանի Արտաքին գործոց փոխ-նախարար Սերկէյ Վերշինին «ԹԱՍՍ» գործակալութեան յայտնեց, որ թրքական պատուիրակութեան այցելութեան ընթացքին Լեռնային Ղարաբաղի հարցը քննարկման առարկայ չի դառնար։

ՃԱԿԱՏԻ ՎԻՃԱԿԸ

Լեռնային Ղարաբաղի ռազմաճակատին վրայ պատերազմական գործողութիւնները ընթացքի մէջ են՝ խոր մտահոգութիւն պատճառելով տարածքաշրջանի խաղաղութեան ու կայունութեան տեսակէտէ։ Հայկական աղբիւրները շարունակեցին ռազմաճակատի իրադրութեան վերաբերեալ հաղորդել պարբերական տեղեկութիւններ։ Լեռնային Ղարաբաղի նախագահի բանբերը՝ Վահրամ Պօղոսեան երէկ տեղեկացուց, որ Արցախի Պաշտպանութեան բանակը թէժ մարտեր կը մղէ Մարտունիի շրջանի Շեխեր եւ Ջիւանի գիւղերու մօտակայքին։ Երէկ օրուան երկրորդ կէսին իր կողմէ փոխանցուած տեղեկութիւններով՝ ռազմաճակատի ամբողջ երկայնքին ռազմական գործողութիւնները շարունակուեցան աշխոյժ ձեւով։ Աւելի ուշ, երէկ երեկոյեան ժամերուն, Հայկական միասնական տեղեկատուութեան կեդրոնին մէջ, Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարարութեան ներկայացուցիչ Արծրուն Յովհաննիսեան սարքեց հերթական մամլոյ ասուլիսը։ Ան երեկոյեան ժամերուն դիտել տուաւ, որ մարտական գործողութիւնները, ըստ էութեան, կը շարունակուին հրետանային միջոցներու կիրառումով։ Ռազմաճակատի հարաւին Ատրպէյճանի զանազան զօրախումբեր փորձած են յառաջխաղացում ապահովել դէպի արեւմուտք, հիւսիս եւ հիւսիս-արեւմուտք։ Այդ բոլոր փորձերը կասեցուած են։ Հիմնական մարտական գործողութիւնները շարունակուած են հրետանային համազարկերու կիրառումով եւ նուազագոյն հետեւակներով։ Ըստ Յովհաննիսեանի, ռազմաճակատի կեդրոնական հատուածին մէջ մարտական գործողութիւնները շարունակուած են յստակ բնակավայրերու ուղղութեամբ։ Օճախային բնոյթով այդ մարտերուն ժամանակ Ատրպէյճանի զօրքերը փորձած են ներթափանցումներ կատարել՝ դէպի փոքր բնակավայրեր, ճանապարհային հանգուցային կէտեր, եւ այլն։

Այս օրուայ սկիզբին ալ Արծրուն Յովհաննիսեան տեղեկացուց, որ առաւօտուան վաղ ժամերէն սկսեալ Ատրպէյճանի բանակը դարձեալ նախաձեռնած է յարձակողական գործողութիւններու քանի մը ուղղութիւններով։ Երէկ օրուան տեւողութեան յատկապէս ռազմաճակատի հարաւային ուղղութեամբ շարունակուած յամառ մարտերէն վերջ, գիշերուան ժամերուն հակամարտութեան գօտիէն ներս յարաբերական կայուն-լարուած իրադրութիւնը չէ փոխուած։ Արցախի Պաշտպանութեան բանակի աղբիւրները այս առաւօտ տեղեկացուցին, որ ռազմաճակատի առանձին հատուածներէն ներս տեղի կ՚ունենան հրետանային մենամարտեր եւ փոխադարձ հրաձգութիւններ։ Ստեփանակերտի աղբիւրները հաղորդեցին, որ օրուայ սկիզբին մասնաւորապէս Մարտունիի շրջանի շարք մը գիւղերը՝ ներառեալ Կարմիր շուկան եւ Թաղավարդը հրթիռակոծուած են «Սմերչ» հրթիռներով։

Միւս կողմէ, Արծրուն Յովհաննիսեան երէկուան յայտարարութիւններուն մէջ հերքեց Պաքուի կողմէ շրջանառութեան մէջ դրուած տեղեկութիւնը, ըստ որու Արցախի եւ Իրանի սահմանը ամբողջութեամբ Ատրպէյճանի վերահսկողութեան տակ է։ Արծրուն Յովհաննիսեան յայտնեց, որ Արցախի եւ Իրանի սահմանի երկայնքով յամառ մարտեր կ՚ընթանան, լիարժէք վերահսկողութեան մասին խօսք չի կրնար ըլլալ։ «Եթէ որոշ տեղերու մէջ նեղ տեղամասերու մէջ Ատրպէյճանի զօրքերը կը տեսնեն Արաքս գետը, ապա սա չի նշանակեր լիարժէք վերահսկողութիւն», յայտնեց Յովհաննիսեան։

ԺԱՄԱԴՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ ԵՒ ՍՊԱՍՈՒՄ

Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Արտաքին գործոց նախարար Մայք Փոմփէօ այսօր Ուաշինկթընի մէջ ժամադրուած է Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Զօհրապ Մնացականեանի եւ Ատրպէյճանի Արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամովի հետ։ Այսօր յետմիջօրէին Փոմփէօ նախ կը տեսակցի Պայրամովի հետ, ժամ մը վերջ ալ կ՚ընդունի Մնացականեանը։ Բաց աստի, այսօր տեղի կ՚ունենայ նաեւ ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահներու հանդիպումը։ Ուաշինկթընի մէջ ռուս համանախագահ Իկոր Փոփով ամերիկեան կողմի ներկայացուցիչներուն հետ շարք մը առանձին շփումներ ալ կ՚ունենայ Լեռնային Ղարաբաղի շուրջ ստեղծուած կացութեան օրակարգով։ Երեւանի պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, Զօհրապ Մնացականեան արդէն հասած է Ուաշինկթըն, ուր հանդիպում մը ունեցած է ԱՄՆ-ի պետական քարտուղարի Եւրոպայի ու Եւրոասիոյ հարցերով տեղակալ Ֆիլիփ Ռիքերի հետ։

Ընդհանրապէս, Լեռնային Ղարաբաղի լայնածաւալ պատերազմի մթնոլորտին մէջ, այսօր շահագրգիռ բոլոր կողմերու ուշադրութիւնը կեդրոնացած է Ուաշինկթընի վրայ ու կը սպասուի այնտեղէն հասնելիք լուրերուն։

Ուրբաթ, Հոկտեմբեր 23, 2020