1500 ՏԱՐՈՒԱՆ ԳԵՐԵԶՄԱՆ ՄԸ

Գերմանիոյ մէջ 1500 տարի առաջ ապրած գերմանացի լորտի դամբարան մը յայտնաբերուած է։ Այսպէս, Գերմանիոյ Սաքսոնիա-Անհալթ մարզին մէջ 1500 տարի առաջ ապրած գերմանացի լորտի կամ իշխանի գերեզման յայտնաբերուած է, կը գրէ «Daily Mail» պարբերականը։

Փորձագէտներու կարծիքով՝ այս տարածքը երկրի վերջին քառասուն տարուայ պատմութեան մէջ յայտնաբերուած ամենակարեւոր հնագիտական յուշարձանը կարելի է համարել։ Տարածքը յայտնաբերուած է թռչնաբուծական նոր ագարակի ստեղծման համար իրականացուող աշխատանքներու ժամանակ։ Գերեզմանին մէջ ճառագայթային դասաւորուածութեամբ վեց կնոջ (հաւանաբար իշխանի գերուհիներու) ոսկորներ յայտնաբերուած են, սակայն հնագէտները տակաւին պէտք է թաղուած իշխանի մնացորդները գտնեն։  Յայտնի է, որ անոր աճիւնը կրնայ ըլլալ կեդրոնական դամբարանին մէջ յայտնաբերուած կաթսայի մնացորդներու մէջ։ Անոր կողքին նաեւ կենդանիներու մնացորդներ, արծաթեայ, ոսկեայ, ապակեայ իրեր յայտնաբերուած են, ինչպէս կ՚երեւի վերի լուսանկարներուն մէջ։

Ուրբաթ, Հոկտեմբեր 23, 2020