ԹԵՀՐԱՆԻ ՄԷՋ «3+3» ՁԵՒԱՉԱՓՈՎ ԱՐՏԱՔԻՆ ԳՈՐԾՈՑ ՆԱԽԱՐԱՐՆԵՐՈՒ ԺԱՄԱԴՐՈՒԹԻՒՆ
Թեհրանի մէջ այսօր տեղի կ՚ունենայ՝ Հարաւային Կովկասի համար նախատեսուած «3+3» ձեւաչափով հարթակի՝ արտաքին գործոց նախարարներու մակարդակով ժողովը։ Այս ձեւաչափով առաջին հանդիպումը անցեալ տարի Մոսկուայի մէջ տեղի ունեցած էր՝ արտաքին գործոց փոխ-նախարարներու մակարդակով առանց Վրաստանի։ Այսօրուան ժողովին ալ Վրաստան չի մասնակցիր։ Հարաւային Կովկասի տեսակետէ ճակատագրական իրադարձութիւններու մթնոլորտին մէջ, վրայ հասած է նաեւ Իսրայէլ-Պաղեստին պատերազմը, որու ընթացքը ուղղակիօրէն կրնայ պայմանաւորել հարեւան տարածաշրջաններու կացութիւնը։ «3+3» ձեւաչափի երկիրները ուղղակիօրէն կ՚ազդուին Իսրայէլ-Պաղեստին պատերազմէն։
Ուրեմն, այս համայնապատկերին վրայ Թեհրանի մէջ այսօր կը մէկտեղուին արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտան, Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան, Ռուսաստանի արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով, Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամով, անշուշտ, Իրանի արտաքին գործոց նախարար Ամիր Ապտուլլահիանի տանտիրութեամբ։ Ժողովական նախարարներու մայրաքաղաքներէն առանձին պաշտօնական յայտարարութիւններ կատարուեցան իւրաքանչիւրի մասնակցութեան շուրջ։ Երեւանէն տեղեկացուեցաւ, որ Միրզոյեան Թեհրանի մէջ կ՚ունենայ նաեւ այլ երկկողմանի հանդիպումներ։ Թէեւ յաւելեալ մանրամասնութիւններ չեն յստակեցուած, եթէ Թեհրանի մէջ տեղի ունենայ Հաքան Ֆիտան-Արարատ Միրզոյեան հանդիպում մը, ապա այդ մէկը պիտի ըլլայ անոնց առաջին դէմ առ դէմ տեսակցութիւնը, քանի անոնց միջեւ ցարդ տեղի ունենած են միայն հեռախօսազրոյցներ։
Թեհրանի ժամադրութեան ընդառաջ, շաբաթավերջին, Հոլանտայի մօտ Ատրպէյճանի դեսպան Ռահման Մուսթաֆայեւ հանդէս եկաւ ուշագրաւ յայտարարութիւնով մը։ Այսպէս, ան յայտնեց, որ Հայաստան կրնայ Ատրպէյճանի եւ Վրաստանի կարեւոր գործընկերը դառնալ «Միջին միջանցք» նախագիծին մէջ։ Դեսպանի խօսքով՝ սա տեղի կրնայ ունենալ Երեւան-Պաքու խաղաղութեան պայմանագիրի ստորագրումէն յետոյ։ «Ծրագրի արդիւնքը կ՚ըլլայ ո՛չ միայն Չինաստանի, Կեդրոնական Ասիոյ եւ Եւրոպայի միջեւ ապրանքներու արդիւնաւէտ փոխադրումը, այլեւ՝ նախագիծի ամբողջ երթուղիի երկայնքով տարածաշրջանային ներքին համագործակցութեան աշխուժացումը։ «Միջին միջանցք» նախագիծի յաջող իրականացումը խթան կը դառնայ Հարաւային Կովկասի երկիրներու համագործակցութեան», յայտնեց դեսպանը։
Մինչ այդ, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ-Եւրոմիութիւն գագաթաժողովին ընթացքին ալ օրակարգի վրայ եկաւ Հայաստան-Ատրպէյճան խաղաղութեան հաստատման հարցը։ Ուաշինկթընի մէջ, Սպիտակ տան երդիքին տակ ԱՄՆ-ի նախագահ Ճօ Պայտըն բանակցութիւններ վարեց՝ ԵՄ-ի խորհուրդի նախագահ Շարլ Միշելի, Եւրոյանձնաժողովի նախագահ Ուրսուլա ֆոն տեր Լէյէնի եւ ԵՄ-ի արտաքին յարաբերութիւններու ու անվտանգութեան քաղաքականութեան գերագոյն յանձնակատար Ժոզէֆ Պորելի հետ։
Գագաթաժողովէն վերջ հրապարակուած համատեղ յայտարարութեան մէջ նշուեցաւ, որ ԱՄՆ եւ ԵՄ կը շարունակեն յանձնառու մնալ՝ յառաջ մղելու Հայաստան-Ատրպէյճան կայուն խաղաղութեան հաստատման գործընթացը՝ հիմնուած իրարու ինքնիշխանութեան, սահմաններու անձեռնմխելիութեան եւ տարածքային ամբողջականութեան փոխադարձաբար ճանաչման։ Պաքուին կոչ ուղղուեցաւ ապահովել Լեռնային Ղարաբաղի մէջ մնացած կամ իրենց տուները վերադառնալու փափաքով մարդոց իրաւունքներն ու անվտանգութիւնը։ Բոլոր կողմերուն կոչ ուղղուեցաւ ձեռնպահ մնալ ուժ կիրառելէ կամ ուժի դիմելու սպառնալիքներէ։
Այսօր ալ Լիւքսեմպուրկի մէջ տեղի կ՚ունենայ ԵՄ-ի անդամ երկիրներու արտաքին գործոց նախարարներու հերթական ժողովը։ Խորհուրդի նիստի առաջնահերթ նիւթերու շարքին կը գտնուին Իսրայէլն ու Կազզէի հատուածը, Ուքրայնայի վիճակը եւ Հայաստան-Ատրպէյճան խնդիրները։
Միւս կողմէ, Հայաստանի պաշտպանութեան նախարար Սուրէն Պապիկեան երէկ աշխատանքային այցելութեամբ մեկնեցաւ Փարիզ՝ Ֆրանսայի պաշտպանութեան նախարար Սեպաստիան Լըքոռնիւի հրաւէրով։
Թեհրանի այսօրուան բանակցութիւնները տեղի կ՚ունենան՝ համընկնելով Թուրքիա-Ատրպէյճան հերթական զօրավարժութիւններուն։ Ռազմափորձերը ձօնուած են Թուրքիոյ Հանրապետութեան հիմնադրութեան 100-ամեակի յոբելեաններուն։ «Մուսթաֆա Քեմալ Աթաթիւրք-2023» կոչուած զօրավարժութիւնները կ՚ընթանան Պաքուի, Նախիջեւանի եւ 44-օրեայ պատերազմէն վերջ Ատրպէյճանի վերահսկողութեան տակ անցած տարածքներուն մէջ։