ՊԱՔՈՒ ՄԻՇՏ ՍՊԱՍՈՂԱԿԱՆ
Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի յատուկ յանձնարարութիւններով դեսպան Էլչին Էմիրպէյով յայտնեց, որ իր երկիրը կը փափաքի խաղաղութեան պայմանագիրը ստորագրել ո՛չ թէ Նիկոլ Փաշինեանի, այլ Հայաստանի հետ։ Գերմանական լրատուամիջոցի մը տուած հարցազրոյցին մէջ Էմիրպէյով նշեց, որ Ատրպէյճան անիրատես եւ անընդունելի կը նկատէ՝ խաղաղութեան պայմանագրի միայն համաձայնեցուած կէտերուն ստորագրումը։
Ան մեկնաբանեց Երեւանէն հնչած յայտարարութիւնները, ըստ որոնց, հայկական կողմը վաղն իսկ պատրաստ է կնքել խաղաղութեան պայմանագիրը։ Իր խօսքով՝ այդ յայտարարութիւնը անկեղծութեան առումով կասկած կը յառաջացնէ։
«Նոյնիսկ վաղը անաւարտ, կիսատ համաձայնագրի ստորագրման առաջարկը ո՛չ միայն անիրատես եւ անընդունելի է, այլեւ ապակողմնորոշող։ Կողմերը տակաւին պէտք է համաձայնեցնեն պայմանագրի նախագծի քանի մը կարեւոր կէտերը, որոնք բաց են եւ առանց անոնց փաստաթուղթը կ՚ըլլայ թերի», ըսաւ ան ու կրկնեց, որ խաղաղութեան հասնելու ճանապարհին հիմնական խոչընդոտը կը մնայ Հայաստանի տակաւին շարունակուող տարածքային պահանջները Ատրպէյճանէն։ Հերթական անգամ օրակարգի վրայ բերելով Հայաստանի Սահմանադրութեան փոփոխութեան հարցը՝ ան շեշտեց, որ Հայաստան անսահմանափակ դիւանագիտական, տնտեսական ու ռազմական օգնութիւն կը ստանայ Արեւմուտքէն եւ այս պատճառով կորսնցուցած է բանակցութիւններուն շինիչ մասնակցելու հետաքրքրութիւնը։ Ըստ Էմիրպէյովի՝ եթէ Հայաստանի Սահմանադրութիւնը մնայ ներկայ տեսքով, ապա խաղաղութեան պայմանագիրը կարճատեւ կ՚ըլլայ։ Արդարեւ, որեւէ նոր ղեկավարութիւն, որ Ատրպէյճանի հետ խաղաղութեան դէմ կ՚ըլլայ, պարզապէս կրնայ չեղարկել զայն՝ պատճառաբանելով Սահմանադրութեան անհամապատասխանատուութիւն։ Ուստի, Ատրպէյճան կ՚ուզէ խաղաղութեան պայմանագիր կնքել ո՛չ թէ Նիկոլ Փաշինեանի, այլ Հայաստանի հետ։
Էմիրպէյով աւելցուց, որ «Զանգեզուրի միջանցք»ի բացումը տակաւին մեծ նշանակութիւն ունի երկրին համար։ «Սակայն, համաձայնելով այդ հարցը դուրս բերել խաղաղութեան համաձայնագիրի շրջանակներէն՝ Ատրպէյճան չի փափաքիր հաշտութեան համաձայնագրի շուրջ բանակցութիւնները տապալած ըլլալու համար քննադատութեան ենթարկուիլ», ըսաւ ան։