ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ ՆՈՐ ՆԱԽԱԳԱՀԸ՝ ՔԱՀՐԱՄԱՆ

Ազ­գա­յին մեծ ժո­ղո­վը ե­րէկ ընտ­րեց իր նոր նա­խա­գա­հը։ Այս­պէս, խորհր­դա­րա­նէ ներս տե­ղի ու­նե­ցած քուէար­կու­թեան եր­րորդ փու­լի ար­դիւն­քին ԱՔ կու­սակ­ցու­թեան կող­մէ թեկ­նա­ծու ա­ռա­ջադ­րուած Իս­մա­յիլ Քահ­րա­ման ընտ­րուե­ցաւ նա­խա­գահ՝ ա­պա­հո­վե­լով 316 քուէ։

75-ամեայ Իսմայիլ Քահրաման խորհրդարանի երկրորդ ամենաերէց պատգամաւորն է եւ անցեալի մէջ վարած է մշակոյթի նախարարի պաշտօն։

Երկուշաբթի, Նոյեմբեր 23, 2015