ԾԱՒԱԼՈՒՆ ՀԱՇՈՒԵԿՇԻՌ

«Հրանդ Տինք» հիմ­նար­կին նա­խա­ձեռ­նու­թեամբ շա­բա­թա­վեր­ջին «Պողա­զի­չի» հա­մալ­սա­րա­նին մէջ տե­ղի ու­նե­ցաւ խորհր­դա­ժո­ղով մը, որ կազ­մա­կեր­պուած էր հիւ­րըն­կալ համալ­սա­րա­նին ա­ռըն­թեր «Պիլ­կի» եւ «Սա­պան­ճը» հա­մալ­սա­րան­նե­րու հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեամբ։ «Ոչն­չա­ցուած քա­ղա­քակր­թու­թիւն. ոչ իս­լամ­նե­րու ստա­ցուած­քը՝ ուշ Օս­մա­նեան կայս­րու­թեան եւ վաղ հան­րա­պե­տա­կան ժա­մա­նա­կաշրջա­նին» խո­րագ­րեալ այս խորհրդա­ժո­ղո­վին եր­կօ­րեայ աշ­խա­տան­քը տե­ղի ու­նե­ցաւ «Պո­ղա­զիչի» հա­մալ­սա­րա­նի «Ալ­պերթ Լոնկ» դահ­լի­ճին մէջ, ուր հա­մախմ­բուե­ցան հայ, թուրք կամ օ­տար հե­ղի­նա­կա­ւոր մաս­նա­գէտ­ներ եւ ազ­դու գոր­ծիչ­ներ։ «Հրանդ Տինք» հիմ­նար­կին նա­խա­ձեռ­նու­թեամբ վեր­ջին տա­րի­նե­րուն կա­նո­նա­ւոր պարբե­րու­թեամբ կազ­մա­կեր­պուած տա­րե­կան խորհր­դա­ժո­ղով­նե­րէն մին էր այս մէ­կը, ո­րու բաց­ման ող­ջոյ­նի խօս­քե­րով հան­դէս ե­կան նա­խա­ձեռ­նարկ հիմ­նար­կին ա­նու­նով Ռա­քել Տինք, ինչ­պէս նաեւ Կիւ­լայ Պար­պա­րո­սօղ­լու («Պո­ղա­զի­չի» հա­մալ­սա­րան), Նի­հատ Պեր­քէր («Սա­պան­ճը» հա­մալ­սա­րան) եւ Մեհ­մէտ Տուր­ման («Պիլ­կի» հա­մալ­սա­րան)։

Այս խորհր­դա­ժո­ղո­վի գի­տա­կան նիս­տե­րէն մէ­կուն ըն­թաց­քին օ­րա­կար­գի վրայ ե­կաւ Մե­ծի Տանն Կի­լի­կիոյ Կա­թո­ղի­կո­սու­թեան Սի­սի շրջա­նէն ներս առգ­րա­ւուած կա­լուած­նե­րուն հար­ցը, ո­րու շուրջ զե­կու­ցեց Եըլ­տըզ Թէք­նիկ հա­մալ­սա­րա­նի Քա­ղա­քա­գի­տու­թեան ֆա­քիւլ­թէի դա­սա­խօս­նե­րէն Փրոֆ. Էլ­չին Մա­ճառ։ Այս վեր­ջի­նը ծա­ւա­լուն եւ հե­տաքր­քրա­կան հա­շուեկ­շիռ մը ներ­կա­յա­ցուց տուեալ նիւ­թին կա­պակ­ցու­թեամբ։ Իր զե­կու­ցած նիս­տին միւս ա­տե­նա­խօս­ներն էին Զէյ­նէպ Քե­զէր եւ Քե­րո­լայն Մես­րո­պեան-Հիք­մըն, իսկ նս­տա­վա­րը՝ «Պո­ղա­զի­չի» հա­մալ­սա­րա­նի Պատ­մութեան ֆա­քիւլ­թէի դա­սա­խօս­նե­րէն Փրոֆ. Էտ­հեմ Էլ­տեմ։

Էլ­չին Մա­ճառ զե­կուց­ման սկիզ­բին ընդգ­ծեց, որ Մե­ծի Տանն Կի­լի­կիոյ Կա­թո­ղի­կո­սու­թիւ­նը այս տա­րի դի­մում ներ­կա­յա­ցու­ցած է Թուր­քիոյ Սահմա­նադ­րա­կան ա­տեա­նին մօտ՝ վե­րա­ձեռ­քբե­րե­լու հա­մար Սի­սի եր­բեմ­նի Մայր տա­ճա­րի եւ յա­րա­կից կա­թո­ղի­կո­սա­րա­նի տա­րած­քի սե­փա­կան ի­րա­ւուն­քը եւ այս նա­խա­ձեռ­նու­թիւ­նը ա­ռիթ հան­դի­սա­ցած է սոյն զե­կուց­ման հա­մար։ Ուս­տի, Էլ­չին Մա­ճառ փորձ­եց բա­ցատ­րել, թէ այ­սօ­րուան հանգ­րուա­նը ինչ­պէս հա­սունցած է։ Սկիզ­բին ան ամ­փոփ տե­ղե­կու­թիւն­ներ տուաւ Հա­յաս­տա­նեայց Ա­ռա­քե­լա­կան Ե­կե­ղեց­ւոյ նուի­րա­պե­տու­թեան, Կի­լի­կիոյ հա­յոց թա­գա­ւո­րու­թեան եւ զբա­ղե­ցու­ցած տա­րած­քին շուրջ։ Ան նշեց, որ կա­թո­ղի­կո­սա­րա­նը կը գտնուէր պատ­մա­կան թա­գա­ւո­րու­թեան պա­լա­տի փլա­տակ­նե­րուն գտնուած տա­րած­քին վրայ։ Սուրբ Սո­ֆիա ե­կե­ղե­ցին ա­թո­ռի մայր տա­ճարն էր, յա­րա­կից վա­նա­կան հա­մալի­րով հան­դերձ։ 1240-ա­կան թուա­կան­նե­րուն Հե­թում Ար­քա­յին կող­մէ կա­ռու­ցուել տրուած ե­կե­ղե­ցին 1810 թուա­կա­նին վե­րա­շի­նուած էր։ Կի­լիկիոյ տա­րած­քը Օս­մա­նեան տի­րա­պե­տու­թեան տակ ան­ցած էր Եա­վուզ Սուլթան Սե­լի­մի շրջա­նին։ Ըստ Էլ­չին Մա­ճա­ռի, Օս­մա­նեան փաս­տա­թուղ­թե­րուն մէջ յստակ կա­րե­լի է տես­նել, թէ ո­րոնք են Կի­լի­կեան Ա­թո­ռի հո­գե­ւոր իշ­խա­նու­թեան սահ­ման­նե­րը։ Նոյն­պէս Օս­մա­նեան ար­խիւ­նե­րուն մէջ կան բազ­մա­թիւ փաս­տա­թուղ­թեր Մե­ծի Տանն Կի­լի­կիոյ Կա­թո­ղի­կո­սու­թեան մա­սին, մա­նա­ւանդ 19-րդ դա­րուն եւ 20-րդ դա­րաս­կիզ­բի պա­րա­գա­յին։ Այդ փաս­տա­թուղ­թե­րը յստակ ցոյց կու տան, թէ Օս­մա­նեան պե­տու­թիւ­նը ամ­սա­կան կը վճա­րէր Կի­լի­կիոյ կա­թո­ղի­կոս­նե­րուն, եր­բեմն յատ­կա­ցում­ներ կը կա­տա­րէր, ար­տօ­նու­թիւն­ներ կու տար ե­կե­ղե­ցի­նե­րու վե­րա­նո­րո­գու­թեան կամ կա­ռուց­ման հա­մար, կա­թո­ղի­կո­սա­կան ընտ­րութիւն­նե­րուն ժա­մա­նակ թէեւ Պոլ­սոյ Պատ­րիար­քա­կան Ա­թո­ռը երկ­խօս կ՚ըն­դու­նէր, սա­կայն Ա­տա­նա­յի կու­սա­կա­լու­թեան մի­ջո­ցաւ կը հե­տե­ւէր ընտ­րու­թեան ըն­թաց­քին, նոյ­նիսկ վե­րահս­կո­ղու­թեան հա­մար Իս­թան­պուլէն մաս­նա­ւոր պաշ­տօ­նեայ կ՚ու­ղար­կէր եւ ա­մե­նա­շատ քուէ ստա­ցած վեց թեկ­նա­ծու­նե­րու շար­քին ա­ռա­ջի­նը կա­թո­ղի­կոս կը նշա­նա­կէր։ Օս­մա­նեան պե­տու­թիւ­նը թէեւ հա­յոց ազ­գին ներ­կա­յա­ցու­ցի­չը կը նկա­տէր Պոլ­սոյ Պատ­րիար­քա­կան Ա­թո­ռը, բայց եւ այն­պէս Պատ­րիար­քա­րա­նին եւ Կա­թո­ղի­կո­սա­րա­նին մի­ջեւ հա­ւա­սա­րակշ­ռու­թեան մը հե­տա­մուտ կ՚ըլ­լար ու նա­խան­ձախնդ­րու­թիւն կը ցու­ցա­բե­րէր, որ­պէս­զի կա­թո­ղի­կո­սու­թիւ­նը պահ­պա­նէ իր հո­գե­ւոր ինք­նա­վա­րու­թիւ­նը։

Էլ­չին Մա­ճառ ա­ւե­լի վերջ վի­ճա­կագ­րա­կան ման­րա­մասն տուեալ­ներ ներ­կա­յա­ցուց Կի­լի­կիոյ վե­րա­բե­րեալ՝ 1915 թուա­կա­նի դրու­թեամբ։ Ան ըսաւ, թէ այս ամ­բող­ջին մէջ հա­կա­սու­թիւն մը գո­յու­թիւն ու­նի Պոլ­սոյ Հա­յոց Պատ­րիար­քու­թեան եւ Օս­մա­նեան պե­տու­թեան վի­ճա­կագ­րա­կան տուեալ­նե­րուն մի­ջեւ։ Ար­դա­րեւ, 1912 թուա­կա­նին Հա­յոց Պատ­րիար­քութեան տուեալ­նե­րով 407 հա­զար հա­յու­թիւն կը բնա­կէր Կի­լի­կիոյ մէջ, իսկ պե­տու­թեան տուեալ­նե­րով այդ թի­ւը շուրջ 92 հա­զար էր։

Էլ­չին Մա­ճառ նշեց, թէ 1915 թուա­կա­նի Մա­յի­սին Կի­լի­կեան Միա­բանու­թեան հրա­հան­գուած էր Սի­սէն գաղ­թել դէ­պի Հա­լէպ։ Այդ ու­ղե­ւո­րու­թեան ըն­թաց­քին Մայր տա­ճա­րի ըն­տիր ի­րե­ղէն­նե­րէն ո­մանք ալ փո­խադ­րուած էին Հա­լէպ։

Մա­ճառ դի­տել տուաւ 13 Սեպ­տեմ­բեր 1915-ին, լքեալ կա­լուած­նե­րու (գոյ­քե­րու) ժա­մա­նա­կա­ւոր օ­րէն­քի տրա­մադ­րու­թիւն­նե­րուն հի­ման վրայ առգ­րա­ւուած էր վա­նա­կան հա­մա­լի­րը։ Ընդ­հան­րա­պէս, հա­յոց կա­լուած­նե­րէն ներս տե­ղա­կա­յուած էին Պալ­քան­նե­րէն ներ­գաղ­թած­նե­րը։ 1912-1915 թուա­կան­նե­րուն ա­նոնց թի­ւը հա­սած էր 6500-ի։ 1915-էն վերջ Սուրբ Սո­ֆիա Մայր տա­ճա­րը որ­պէս որ­բա­նոց ծա­ռա­յած էր ա­րա­կան սե­ռէ թուրք որ­բե­րու հա­մար։

10 Օ­գոս­տոս 1916 թուա­կա­նին շրջա­նա­ռու­թեան դրուած նոր «սահ­մանադ­րու­թեան» մը տրա­մադ­րու­թիւն­նե­րով՝ Օս­մա­նեան տա­րած­քէն ներս գտնուող Մե­ծի Տանն Կի­լի­կիոյ Կա­թո­ղի­կո­սու­թիւ­նը, Պոլ­սոյ եւ Երու­սա­ղէ­մի Հա­յոց Պատ­րիար­քու­թիւ­ննե­րը միա­ցուած էին, ա­նոնց հո­գե­ւոր իշ­խա­նու­թեան սահ­մա­նը դար­ձած էր Օս­մա­նեան տա­րած­քը եւ ար­գի­լուած էին յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րը Մայր Ա­թոռ Սուրբ Էջ­միած­նի հետ։ Այդ կա­ռոյցին գլու­խը դրուած էր կա­թո­ղի­կոս-պատ­րիարք մը եւ պաշ­տօ­նը յանձ­նուած՝ Կի­լի­կիոյ գա­հա­կալ Սա­հակ Կա­թո­ղի­կո­սին։

Էլ­չին Մա­ճառ այս կէ­տին վրայ ներ­կա­յա­ցուց շատ հե­տաքրք­րա­կան պատ­մա­կան վա­ւե­րա­գիր մը։ Ար­դա­րեւ, Սա­հակ Կա­թո­ղի­կոս այդ շրջա­նին պե­տու­թենէն խնդրած է, որ կա­րե­նայ իր պատ­մա­կան նստա­վայ­րը վե­րադառ­նալ՝ նկա­տի ու­նե­նա­լով, որ ի­րեն պաշ­տօն տրուած է։ Ան այդ խնդրան­քը ներ­կա­յա­ցու­ցած էր չոր­րորդ զօ­րա­բա­նա­կի հրա­մա­նա­տար Ճեմալ Փա­շա­յի մի­ջո­ցաւ, ո­րու հետ յա­ճախ կը հան­դի­պէր։ Ճե­մալ Փա­շա այդ խնդրան­քը փո­խան­ցած է Օս­մա­նեան Ներ­քին գոր­ծոց նա­խա­րա­րու­թեան, ո­րու գլու­խը կը գտնուէր Թա­լեաթ փա­շան։ Այս վեր­ջի­նը իր իսկ ստո­րագ­րու­թեամբ պա­տաս­խան նա­մակ մը ու­ղար­կած էր՝ շեշ­տե­լով, որ շրջա­նը ան­ցեա­լի մէջ հա­յոց թա­գա­ւո­րու­թեան կեդ­րո­նը ե­ղած էր եւ Կիլի­կիան հա­յոց տե­սա­կէ­տէ մեծ կա­րե­ւո­րու­թիւն կը ներ­կա­յաց­նէր ազ­գա­յին ու հո­գե­ւոր ա­ռու­մով։ Ըստ Թա­լեա­թի նա­մա­կին, իսկ ի­րենք ար­դէն այդ պատ­մա­կան կա­պը խզե­լու նպա­տա­կով էր, որ միա­բա­նու­թիւ­նը դուրս հա­նած էին Սի­սէն եւ աք­սո­րած՝ դէ­պի Հա­լէպ։ Հե­տե­ւա­բար, Սա­հակ Կա­թողի­կո­սի խնդրան­քը ա­նըն­դու­նե­լի հա­մա­րուած էր Թա­լեաթ փա­շա­յին կող­մէ, որ նշած էր, թէ ե­թէ բուն նպա­տա­կը տա­րած­քի ար­ժէքն է, ա­պա ի­րենք կրնա­յին այլ վայր մը յատ­կաց­նել եւ կամ հա­տու­ցում մը վճա­րել։ Էլ­չին Մա­ճառ շեշ­տեց, թէ Թա­լեաթ փա­շա այս նա­մա­կը գրի ա­ռած էր 6 Հոկ­տեմ­բեր 1916-ին։ 

Էլ­չին Մա­ճառ ա­ւե­լի վերջ դի­տել տուաւ, որ 30 Հոկ­տեմ­բեր 1918-ին, Մոնտ­րո­սի պայ­մա­նագ­րի կնքուե­լէն վերջ, Օս­մա­նեան կա­ռա­վա­րու­թիւ­նը Իս­թան­պու­լի մէջ նոր օ­րէն­քով մը վե­րա­հաս­տա­տեց Հա­յոց ազ­գա­յին սահմա­նադ­րու­թիւ­նը եւ Ա. Աշ­խար­հա­մար­տի ա­ւար­տին Օս­մա­նեան պե­տու­թեան կրած պար­տու­թիւ­նով Կի­լի­կեան շրջա­նը ան­ցաւ Ֆրան­սա­յի տի­րա­պե­տու­թեան տակ։ Դար­ձեալ Օս­մա­նեան կա­ռա­վա­րու­թեան օ­րէնսդ­րա­կան կար­գադ­րու­թիւն­նե­րով ո­րո­շուե­ցաւ հա­յոց վե­րա­դար­ձը եւ ա­նոնց կալուած­նե­րուն յանձ­նուի­լը։ Կիլի­կեան Ա­թոռն ալ պա­հան­ջեց Սուրբ Սո­ֆիա Մայր տա­ճա­րի եւ յա­րա­կից կա­լուած­նե­րուն ի­րեն վե­րա­դար­ձուի­լը։ Էլ­չին Մա­ճառ նշեց, թէ 15 Հոկ­տեմ­բեր 1918 թուա­կիր փաս­տա­թուղ­թէ կա­րե­լի է հե­տեւց­նել, որ վա­նա­կան հա­մա­լի­րը դա­տար­կուե­լով յանձ­նուած էր Կի­լի­կիոյ Կա­թո­ղի­կո­սու­թեան։ 1919-ին ալ Սա­հակ Կա­թո­ղի­կոս վե­րա­դար­ձած էր Սիս։ Էլ­չին Մա­ճառ այլ փաս­տա­թուղ­թե­րու հի­ման վրայ նշեց, թէ Կիլ­իկեան Ա­թո­ռի ա­ճուր­դով վա­ճառուած ի­րե­ղէն­ներն ալ ետ առնուե­լով յանձ­նուած են Կա­թո­ղի­կո­սու­թեան։ Իսկ այն հա­յե­րը, ո­րոնց կա­լուած­նե­րը առգ­րա­ւուած էին, այդ շրջա­նին Ֆրան­սա­յի կող­մէ Կի­լի­կեան շրջանի կա­ռա­վա­րիչ նշա­նա­կուած գնդա­պետ Կրե­մո­նի հետ կը քննար­կեն ի­րենց սե­փա­կա­նու­թե­անց վե­րա­դար­ձի հար­ցը։ Ա­նոնք կ՚ակն­կա­լէին այդ հար­ցին լու­ծուի­լը եւ իս­կա­պէս ալ ֆրան­սա­ցի գնդա­պե­տը ե­րեք հրա­մա­նագ­րեր ստո­րագ­րե­լով հրա­հան­գած էր հա­յոց կա­լուած­նե­րուն վե­րա­դար­ձուի­լը։ Բայց եւ այն­պէս, այդ հրա­հանգ­նե­րը կը գոր­ծադ­րուէին Օս­մա­նեան դիւա­նա­կա­լու­թեան կող­մէ եւ նման նիւ­թե­րու շուրջ ցոյց կը տրուէր լուրջ դի­մադ­րու­թիւն մը։

Էլ­չին Մա­ճառ ա­ւե­լի վերջ յայտ­նեց, թէ Յու­նաս­տա­նի բա­նա­կի Ա­նա­տոլուի մէջ ապ­րած ձա­խո­ղու­մը եւ Ֆրան­սա­յին ալ՝ Սու­րիոյ մէջ դիր­քե­րը ամ­րապն­դե­լու ա­ռա­ջադ­րու­թեամբ այդ շրջա­նի Ան­գա­րա­յի կա­ռա­վա­րութեան հետ հա­մա­ձայ­նի­լը բա­ցա­սա­կան կա­ցու­թիւն մը ստեղ­ծած էր հա­յոց տե­սան­կիւ­նէն։ 1921 թուա­կա­նին Ֆրան­սա ո­րո­շեց դուրս գալ շրջանէն եւ նոյն տա­րուան Յու­լի­սին Սի­սի հա­յու­թիւնն ալ ֆրան­սա­ցի­նե­րուն հետ միա­սին լքեց Կի­լի­կիան։ Իսկ Սա­հակ Կա­թո­ղի­կոս նոյն տա­րուան Նո­յեմ­բե­րին մեկ­նե­ցաւ Հա­լէպ։

Էլ­չին Մա­ճառ այս կէ­տին վրայ մէջ­բե­րեց այդ ժա­մա­նա­կաշր­ջա­նի կարե­ւոր լրագ­րող­նե­րէն Քլեր Փրի­սի 20 Հոկ­տեմ­բեր 1921 թուա­կիր վկա­յութիւն­նե­րը, ըստ ո­րոնց թուրք-ֆրան­սա­կան հա­մա­ձայ­նու­թե­նէն վերջ 65 հա­զար հայ շրջա­նը լքե­լով մեկ­նած էր դէ­պի հա­րաւ։ Ա­նոնց­մէ մէկ մա­սը ան­ցած էր ֆրան­սա­կան տի­րա­պե­տու­թեան տակ գտնուող շրջան­ներ, իսկ մէկ մասն ալ մեկ­նած՝ դէ­պի Լի­բա­նան, Սու­րիա եւ Պա­ղես­տին։ Յու­նուար 1922-ի դրու­թեամբ, բա­ցի Իս­քեն­տէ­րու­նէն (Ա­ղեք­սանտ­րիկ), ամ­բողջ Կիլի­կիոյ մէջ միայն 600 հայ մնա­ցած էր։ Իսկ կա­լուա­ծա­կան հար­ցե­րու պարա­գա­յին ի­րա­դար­ձու­թիւն­նե­րը նոյն­պէս ե­ղած էին ու­շագ­րաւ։ 1909 թուա­կա­նին հինգ հա­զար հա­յե­րու մաս­նակ­ցու­թեամբ բո­ղո­քի ցոյց մը տեղի ու­նե­ցած էր Ա­տա­նա­յի մէջ, Սուրբ Սո­ֆիա Մայր տա­ճա­րի ա­ռանց­քով։ Ե­կե­ղե­ցա­պատ­կան կա­լուած­նե­րը ար­ձա­նագ­րուած էին սուր­բե­րու կամ օ­րուան գա­հա­կա­լին ա­նու­նով։ Այդ շրջա­նին մա­հա­ցած Մկրտիչ Կա­թո­ղի­կո­սի ժա­ռան­գորդ­նե­րը պա­հան­ջած էին ի­րենց ի­րա­ւուն­քը, կա­ռա­վա­րու­թիւնն ալ տուած էր հա­ւա­նու­թիւն։ Նոյ­նիսկ կա­ռա­վա­րու­թիւ­նը տե­ղե­կա­ցու­ցած էր, որ ե­թէ ժա­ռան­գորդ­ներ չըլ­լան, ա­պա կա­լուած­նե­րուն սե­փա­կան ի­րա­ւուն­քը կը փո­խան­ցուի պե­տու­թեան։ Ե­կե­ղե­ցա­պատ­կան ար­տե­րու պա­րա­գա­յին ալ այդ շրջա­նին մտադ­րու­թիւն կար՝ այն­տեղ գաղ­թա­կան­ներ տե­ղա­կա­յե­լու ուղ­ղու­թեամբ։ Այս բո­լո­րը այդ շրջա­նին մին­չեւ հրա­ժա­րա­կան տա­րած էին Սա­հակ Կա­թո­ղի­կո­սը՝ իր պաշ­տօ­նին վե­րա­դառնա­լէ վերջ, որ­պէս բո­ղո­քի նշան։ Զե­կուց­ման այս հանգ­րուա­նին Էլ­չին Մա­ճառ տե­սո­ղա­կան ա­ռար­կա­ներ ներկա­յա­ցուց Մկրտիչ Կա­թո­ղի­կո­սի ա­նու­նով ար­ձա­նագ­րուած կա­լուած­ներուն ցու­ցա­կին շուրջ։

Ան­գա­րա­յի կա­ռա­վա­րու­թիւ­նը 1923-ին օ­րէնսդ­րա­կան նոր կար­գադ­րու­թիւնով մը հան­դէս ե­կած էր։ Էլ­չին Մա­ճառ դի­տել տուաւ, թէ այս հի­ման վրայ ո­րո­շուե­ցաւ լքեալ կա­լուած­ներու օ­րէնսդ­րու­թիւ­նը գոր­ծադ­րել 1919-էն վերջ խոյս տուած­նե­րու պա­րա­գա­յին։ Այդ օ­րէն­քը գոր­ծադ­րուեցաւ, հա­կա­ռակ ա­նոր, որ տա­կա­ւին թէ­կուզ նուազ քա­նա­կու­թեամբ հայ գո­յու­թիւն ու­նէր շրջա­նէն ներս։ Ֆրան­սա­յի կա­ռա­վա­րու­թիւ­նը հա­յոց Կի­լի­կիա­յէն հե­ռա­նա­լէն վերջ հայ­կական կա­լուած­նե­րուն ա­ռա­ջար­կեց հա­յոց սե­փա­կա­նու­թիւն­նե­րուն վե­րա­բե­րեալ ցու­ցակ մը պատ­րաս­տել։ Էլչին Մա­ճառ պաս­տա­ռի վրայ ցոյց տուաւ նաեւ այդ ցան­կե­րը, ո­րոնց մէջ խնդրոյ ա­ռար­կայ շի­նու­թիւն­նե­րու ֆի­զի­քա­կան մաս­նա­յատ­կու­թիւն­ներն ալ ներ­կա­յա­ցուած էին յստա­կօ­րէն։ Միմիայն Սի­սի կա­թո­ղի­կո­սական հա­մա­լի­րը ու­նէր 1250 ար­տա­վար տա­րա­ծու­թիւն։ Ընդ­հան­րա­պէս 41 կա­լուած ար­ձա­նագ­րուած էր Կա­թո­ղի­կո­սա­րա­նի ա­նու­նով՝ 12 հա­զար ար­տա­վար ընդ­հա­նուր տա­րա­ծու­թեամբ։ Էլ­չին Մա­ճառ ցոյց տուաւ նաեւ նոյ­նիսկ այդ շրջա­նէն մնա­ցած ա­պա­հո­վագ­րա­կան փաս­տա­թուղ­թեր։ Սահակ Կա­թո­ղի­կոս այդ ժա­մա­նակ յաչս ֆրան­սա­ցի­նե­րուն նա­խա­ձեռ­նու­թիւն­նե­րով հան­դէս ե­կած էր՝ առ­նուազն հա­տու­ցում մը ա­պա­հո­վե­լու նպա­տա­կով։ Իսկ 1927-ին Լի­բա­նա­նի նա­խա­գա­հին միջ­նոր­դու­թեամբ նման պա­հանջ մը օ­րա­կար­գի վրայ բե­րած էր, ո­րով­հե­տեւ Լի­բա­նան հաստա­տուած հա­յե­րը դար­ձած էին քա­ղա­քա­ցի եւ խնդի­րը սկսած էր պատ­կա­նիլ նաեւ այդ երկ­րին։ 1929 թուա­կա­նին ֆրան­սա­ցի բարձ­րա­գոյն կո­մի­սա­րը տե­ղե­կա­ցուց, որ Ֆրան­սա չի կրնար մի­ջա­մուխ դառ­նալ ազգա­յին փոք­րա­մաս­նու­թիւն­նե­րու վե­րա­բե­րեալ խնդիր­նե­րուն եւ կա­թո­ղի­կո­սու­թիւ­նը պէտք է իր խնդիր­նե­րուն հա­մար դի­մէ Ազ­գե­րու լի­կա­յին։

Պատ­մա­կան այս տուեալ­նե­րու հի­ման վրայ Էլ­չին Մա­ճառ խօ­սե­ցաւ Մեծի Տանն Կի­լի­կիոյ Կա­թո­ղի­կո­սու­թեան կող­մէ ներ­կա­յիս բա­ցուած դա­տին շուրջ։ Ան ը­սաւ, թէ Ֆէ­նէ­րի Յու­նաց Պատ­րիար­քա­րա­նին կող­մէ կատա­րուած եր­կու դա­տա­կան դի­մում­ներ օ­րի­նակ ծա­ռա­յած են Ան­թի­լիա­սին։ Այդ եր­կու օ­րի­նակ­նե­րէն մին է Ֆէ­նէր թա­ղա­մա­սի Վլահ պա­լատի ե­կե­ղե­ցին, իսկ միւ­սը՝ Ե­նի­գիւ­ղի Ա­յա Եոր­կի Յու­նաց Ե­կե­ղե­ցին, ո­րու սե­փա­կա­նու­թիւ­նը պատ­կա­նած է Ե­րու­սա­ղէ­մի Յու­նաց Պատ­րիար­քու­թեան։ Այս եր­կու դրա­կան օ­րի­նակ­նե­րը, ըստ Էլ­չին Մա­ճա­ռի, խրա­խու­սած են Մե­ծի Տանն Կի­լի­կիոյ Կա­թո­ղի­կո­սու­թիւ­նը։ Ան նշեց, թէ 31 Օ­գոս­տոս 2011 թուա­կա­նին Մե­ծի Տանն Կի­լի­կիոյ Տ.Տ. Ա­րամ Ա. Կա­թո­ղի­կո­սը նա­մա­կով մը դի­մած է Թուր­քիոյ պե­տա­կան ա­ւա­գա­նիին, որ­պէս­զի Սի­սի եր­բեմ­նի Կա­թո­ղի­կո­սա­րա­նի տա­րած­քի սե­փա­կա­նու­թեան ի­րա­ւուն­քը վե­րա­դար­ձուի ի­րեն։ Այդ պա­հան­ջէն վերջ 2015 թուա­կա­նին, այ­սինքն ար­դէն այս տա­րի բա­ցուե­ցաւ սոյն դա­տը։ Էլ­չին Մա­ճառ կա­րե­ւո­րու­թեամբ ընդգ­ծեց, որ մի միայն վա­նա­կան հա­մա­լի­րի սե­փա­կա­նու­թեան ի­րա­ւուն­քին կը վերա­բե­րի ներ­կայ դա­տա­վա­րու­թիւ­նը։ Ըստ ի­րեն, տար­րա­կան տե­ղե­կա­տուու­թեան պա­կաս­ներ գո­յու­թիւն ու­նին ներ­կա­յիս՝ այդ սե­փա­կա­նութեան ի­րա­ւուն­քին շուրջ։ Մա­ճառ շեշ­տեց, որ Քա­ղա­քա­ցիա­կան օ­րէն­քի տրա­մադ­րու­թիւն­նե­րով հե­տաքր­քիր­նե­րը կրնան օգ­տուիլ ար­ձա­նագրու­թիւն­նե­րէն, այդ ա­զա­տու­թիւ­նը ու­նին, սա­կայն Կա­լուա­ծա­յին արձա­նագ­րու­թիւն­նե­րու տնօ­րէ­նու­թեան եր­կու շրջա­բե­րա­կան­նե­րը ան­մատ­չե­լի դար­ձու­ցած են հա­մա­պա­տաս­խան ար­ձա­նագ­րու­թիւն­նե­րը, նոյնիսկ փաս­տա­բան­նե­րուն հա­մար։ Մա­ճառ դի­տել տուաւ, թէ այ­սօր վանա­կան հա­մա­լի­րին գտնուած տե­ղը կան բնա­կա­րան­ներ ու տա­կա­ւին կ՚օգ­տա­գոր­ծըւին պատ­մա­կան աս­տի­ճան­նե­րը։ Բնա­կա­րան­նե­րու ա­րան­քին մնա­ցած հա­տուա­ծէն ներս կայ նաեւ թէ­յա­րան մը։ Երբ դա­տա­կան դի­մու­մին մա­սին լու­րե­րը մտած են շրջա­նա­ռու­թեան մէջ, մնա­ցած ա­զատ տա­րածք­ներն ալ քա­ղա­քա­պե­տա­րա­նին կող­մէ ան­մի­ջա­պէս վե­րա­ծուած է մա­նուկ­նե­րու հա­մար խա­ղահ­րա­պա­րա­կի։ Էլ­չին Մա­ճառ շեշ­տեց, որ սա Թուր­քիոյ մէջ ե­կե­ղե­ցա­պատ­կան կա­լուա­ծի մը պա­րա­գա­յին հա­յոց կող­մէ բա­ցուած ա­ռա­ջին դատն է։ Զան­գուա­ծա­յին լրա­տուու­թեան մի­ջոց­նե­րը նիւթը այն­պէս մը մա­տու­ցե­ցին, թէ Կա­թո­ղի­կո­սու­թիւ­նը հա­տու­ցում կը պա­հան­ջէ։ Էլ­չին Մա­ճառ յի­շե­ցուց, թէ Ա­րամ Ա. Կա­թո­ղի­կոս այս առ­թիւ երկ­րորդ յայ­տա­րա­րու­թիւ­նով մը հան­դէս գա­լով շեշ­տած է, որ պաշ­տամուն­քի ա­զա­տու­թեան շրջագ­ծով պի­տի չհրա­ժա­րի սե­փա­կա­նու­թեան ի­րա­ւուն­քի վե­րա­դար­ձի պա­հան­ջէն։

Ի լրումն այս բո­լո­րին, Էլ­չին Մա­ճառ յի­շե­ցուց Վար­չա­պետ Ահ­մէտ Տավու­տօղ­լուի կող­մէ, ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րա­րի պաշ­տօն վա­րե­լու ժա­մա­նակ մօ­տա­ւոր ան­ցեա­լին կա­տա­րուած կարգ մը յայ­տա­րա­րու­թիւննե­րը, ո­րոնց ա­մե­նա­վառ օ­րի­նակն էր ա­սո­րի­նե­րու աք­սո­րեալ պատ­րիար­քին ուղ­ղուած կո­չը՝ Թուր­քիա վե­րա­դառ­նա­լու հա­մար։ Ան­հա­տա­կան են­թադ­րու­թիւն­նե­րու հի­ման վրայ Էլ­չին Մա­ճառ յի­շե­ցուց, թէ իր կար­ծի­քով Տա­վու­տօղ­լուի մտքին մէջ միան­շա­նակ դա­սա­ւո­րում­ներ չկա­յին եւ այդ կո­չը ի զօ­րու կրնայ ըլ­լալ նաեւ Մե­ծի Տանն Կի­լի­կիոյ Կա­թողի­կո­սու­թեան պա­րա­գա­յին։ Նոյն­պէս ա­տե­նա­խօ­սին հա­մոզ­մամբ, Մայր տա­ճա­րի եւ յա­րա­կից Կա­թո­ղի­կո­սա­րա­նի ու վա­նա­կան հա­մա­լի­րի սե­փակա­նու­թեան ի­րա­ւուն­քին վե­րա­դար­ձը կրնայ նպաս­տել ո­րոշ մեղ­մաց­ման մը ապ­րուե­լուն՝ առ­կայ պատ­մա­կան լա­րուա­ծու­թեան մթնո­լոր­տին մէջ։ Այս խորհր­դան­շա­կան քայ­լը կրնայ օգ­նել նաեւ մնա­ցեալ կա­լուած­նե­րու պա­րա­գա­յին զա­նա­զան բա­նա­ձե­ւում­նե­րու յղաց­ման։

Երկուշաբթի, Նոյեմբեր 23, 2015