ՀԵՌԱՆԿԱՐԱՅԻՆ ՋԱՆՔԵՐ

Ե­րէկ, Ե­րե­ւա­նի մէջ տե­ղի ու­նե­ցաւ «Ան­թի­քոնթ­րա­ֆաքթ 2016» մի­ջազ­գա­յին հա­մա­ժո­ղո­վը, ո­րու ըն­թաց­քին օ­րա­կար­գի վրայ ե­կան Եւ­րոա­սիոյ տնտե­սա­կան միու­թեան (ԵՏՄ) տա­րած­քէն ներս ապ­րանք­նե­րու ա­պօ­րի­նի շրջա­նա­ռու­թեան հար­ցերն ու ա­նոնց դէմ հա­կազ­դե­լու մի­ջոց­նե­րը։ Այս հա­մա­ժո­ղո­վին մաս­նակ­ցե­ցաւ նաեւ Ռու­սաս­տա­նի Ա­ռեւ­տու­րի եւ ար­դիւ­նա­բե­րու­թեան նա­խա­րար Տե­նիս Ման­թու­րով, որ օ­րուան տե­ւո­ղու­թեան ա­մե­նա­բարձր մա­կար­դա­կի վրայ հիւ­րըն­կա­լուե­ցաւ Հա­յաս­տա­նի ղե­կա­վա­րու­թեան կող­մէ։ Այս­պէս, ռուս նա­խա­րա­րը հան­դի­պում­ներ ու­նե­ցաւ Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գահ Սերժ Սարգ­սեա­նի, Վար­չա­պետ Կա­րէն Կա­րա­պե­տեա­նի, Փոխ-վար­չա­պետ Վա­չէ Գաբ­րիէ­լեա­նի, Պաշտ­պա­նու­թեան նա­խա­րար Վի­գէն Սարգ­սեա­նի եւ պե­տա­կան ա­ւա­գա­նիէն այլ դէմ­քե­րու հետ։ Պաշ­տօ­նա­կան աղ­բիւր­նե­րու հա­ղոր­դում­նե­րով, Սերժ Սարգ­սեան եւ Տե­նիս Ման­թու­րով քննար­կե­ցին երկ­կող­մա­նի ա­ռեւտ­րատն­տե­սա­կան կա­պե­րու սեր­տաց­ման եւ հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան խո­րաց­ման վե­րա­բե­րեալ հար­ցեր։ Ա­նոնք կա­րե­ւո­րե­ցին նաեւ «Ան­թի­քոնթ­րա­ֆաքթ 2016» մի­ջազ­գա­յին հա­մա­ժո­ղո­վը, որ այս տա­րի կազ­մա­կեր­պուած է չոր­րորդ ան­գամ։ Կա­րէն Կա­րա­պե­տեանն ալ ռուս նա­խա­րա­րին հետ քննար­կեց երկ­կող­մա­նի ա­ռեւտ­րատն­տե­սա­կան կա­պե­րու ընդ­լայն­ման վե­րա­բե­րեալ հար­ցեր։ Ան հա­մո­զուած է որ հայ-ռու­սա­կան դաշ­նակ­ցա­յին ա­մուր յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րը ու­նին զար­գաց­ման մեծ նե­րուժ եւ անհ­րա­ժեշտ է օգ­տա­գոր­ծել բո­լոր հար­թակ­ներն ու հնա­րա­ւո­րու­թիւն­նե­րը՝ այդ նե­րու­ժը լիար­ժէք կեան­քի կո­չե­լու հա­մար։ Կող­մե­րը կար­ծիք­ներ փո­խա­նա­կե­ցին գիւ­ղատն­տե­սու­թեան, հան­քա­գոր­ծու­թեան, զբօ­սաշր­ջու­թեան եւ այլ ո­լորտ­նե­րէ ներս հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան հե­ռան­կար­նե­րուն շուրջ։ Զրու­ցա­կից­նե­րը կա­րե­ւո­րե­ցին գոր­ծա­րար մի­ջա­վայ­րի աշ­խու­ժաց­ման եւ ա­զատ տնտե­սա­կան գօ­տի­նե­րու շրջա­նակ­նե­րէն ներս գոր­ծակ­ցու­թեան ուղ­ղեալ քայ­լե­րը։ Այս ամ­բող­ջին մէջ Կա­րէն Կա­րա­պե­տեան ներ­կա­յա­ցուց գոր­ծա­րա­րու­թեան խրա­խուս­ման նա­պա­տա­կով Հա­յաս­տա­նի կա­ռա­վա­րու­թեան ծրագ­րով նա­խա­տե­սուած ներդ­րու­մա­յին հիմ­նադ­րամ­նե­րու ստեղծ­ման եւ գոր­ծու­նէու­թեան վե­րա­բե­րեալ ման­րա­մաս­նու­թիւն­նե­րը։

Միւս կողմէ, Հայաստան եւ Ռուսաստան որոշեցին մշակել ճանապարհային քարտէս մը՝ իրենց համատեղ ծրագրերուն համար։ Հայաստանի Տնտեսական զար­գացման եւ ներդրումներու նախարար Սուրէն Քա­րայեան յայտնեց, որ դէպի երրորդ երկիրներ ապրանք­ներու արտահանումը արդիւնաբերութեան զարգաց­ման լաւ ուղղութիւն մը կրնայ դառնալ կողմերուն համար։

Չորեքշաբթի, Նոյեմբեր 23, 2016