ՆՈՐ ԵԼՔԻ ՄԸ ՀԱՄԱՐ ՈՐՈՆՈՒՄ

Կիպ­րա­կան հիմ­նախնդ­րի կար­գա­ւոր­ման ուղ­ղեալ Ժը­նե­ւի մէջ սկսած բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րը վեր­ջին պա­հուն ձա­խո­ղե­ցան։ ՄԱԿ-ի աղ­բիւր­նե­րը տե­ղե­կա­ցու­ցին, որ այդ բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րը սա­ռե­ցուած են։ Ծա­նօթ է, որ Հիւ­սի­սա­յին Կիպ­րո­սի Թուրք Հան­րա­պե­տու­թեան եւ Յու­նա­կան Կիպ­րո­սի ղե­կա­վար­նե­րը վեր­ջին շրջա­նին բա­ւա­կան ար­դիւ­նա­ւէտ բա­նակ­ցու­թիւն­ներ վա­րած էին, սա­կայն ա­նոնց առ­թած լա­ւա­տե­սու­թիւ­նը վեր­ջին պա­հուն չէր ար­դա­րա­ցած։

Առ­կայ ձա­խող­ման պայ­ման­նե­րուն ներ­քեւ հա­ւա­նա­կան կը հա­մա­րուի, որ Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գահ Րէ­ճէպ Թայ­յիպ Էր­տո­ղան եւ Յու­նաս­տա­նի Վար­չա­պետ Ա­լեք­սիս Ցիփ­րաս մէկ­տե­ղուե­լով փոր­ձեն գտնել ելք մը։

Չորեքշաբթի, Նոյեմբեր 23, 2016