ՍՈՒՐԻՈՅ ԲԱՆԱԿԸ ԿԸ ՄՏՆԷ ՀԱԼԷՊԻ ԱՐԵՒԵԼՔԸ

Սու­րիոյ բա­նա­կը մուտք գոր­ծեց Հա­լէ­պի ա­րե­ւե­լեան շրջան­նե­րը, ո­րոնք ընդ­դի­մա­դիր ու­ժե­րու հա­կակշ­ռին տակ կը գտնուէին։ Ծա­նօթ է, որ վեր­ջին շրջա­նին Հա­լէ­պի մեր­ձա­կայ­քին մար­տե­րը սաստ­կա­ցած էին՝ կա­ռա­վա­րա­կան զօր­քե­րուն եւ ընդ­դի­մա­դիր մար­տիկ­նե­րուն մի­ջեւ։ Կը հա­ղոր­դը-ւի, որ Սու­րիոյ բա­նա­կը սկսած է ա­րա­գաց­նել Հա­լէ­պի ա­րե­ւե­լեան շրջան­ներն ու ա­րուար­ձան­նե­րը ա­զա­տագ­րե­լու ուղ­ղեալ գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րը։ Զօր­քե­րը Ճան­տու­լի շրջա­նա­ձեւ ու­ղե­բա­ժան­քէն շարժ­ման ան­ցած են դէ­պի Պա­յի­տի հրա­պա­րա­կը։ Ճա­կա­տի այս հա­տուա­ծին մէջ Սու­րիոյ բա­նա­կը կը վա­յե­լէ օգ­նու­թիւ­նը Պա­ղես­տի­նէն մեկ­նած զօր­քե­րու։ «Լի­վա Էլ Քուտս» պա­ղես­տի­նեան այդ զօր­քե­րը տե­ղա­կա­յուած են Ին­զա­րէթ ճամ­բա­րին մօտ։

Ա­հա­բեկ­չա­կան խմբա­ւո­րում­նե­րու զի­նեալ­ներ ալ պայ­քար կը մղեն ի­րենց վե­րահս­կո­ղու­թեան տակ պա­հե­լու հա­մար զա­նա­զան շրջան­ներ եւ այն­տեղ կ՚ա­ռա­քեն օգ­նա­կան զօր­քեր։

Այս սաս­տիկ մար­տե­րու մթնոլ­նոր­տին մէջ, բնա­կա­նա­բար, Հա­լէ­պի բնակ­չու­թիւ­նը մար­դա­սի­րա­կան ա­ռու­մով դար­ձեալ կը դի­մագ­րա­ւէ շատ ծանր մար­տահ­րա­ւէր­ներ։

Չորեքշաբթի, Նոյեմբեր 23, 2016