ՅԱՏՈՒԿ ԸՄԲՌՆՈՒՄ

Երէկ, մայրաքաղաք Անգարայի մէջ տեղի ունեցաւ Թուրքիա-Եւրոմիութիւն բարձր մակարդակով քաղաքական երկխօսութեան ժողովը։ Արտաքին գործոց նախարար Մեւլիւտ Չավուշօղլու այս առթիւ հիւրընկալեց ԵՄ-ի Արտաքին յարաբերութիւններու եւ անվտանգութեան քաղաքականութեան գերագոյն յանձնակատար Ֆետերիքա Մոկերինին եւ Եւրոյանձնաժողովի ընդլայնման ու հարեւանութեան քաղաքականութեան կոմիսար Եոհհանէս Հահնը։ Քաղաքական երկխօսութեան ժողովի աւարտին Անգարայի մէջ այս երեք անունները հանդէս եկան համատեղ մամլոյ ասուլիսով մը։ Ժողովին կապակցութեամբ հրապարակուեցաւ նաեւ յայտարարութիւն մը։

«Անատոլու» գործակալութեան հաղորդումներով, Թուրքիա եւ ԵՄ երէկուան քըն-նարկումներուն ընթացքին յստակ ու լիակատար փոխըմբռնման հասան Իրանի հարցին շուրջ։ Երբ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու կողմէ Իրանի դէմ սահմանուած պատժամիջոցները միջազգային օրակարգի վրայ առաջնահերթ տեղ կը զբաղեցնեն, Թուրքիոյ եւ Եւրոմիութեան միջեւ գոյացած ըմբռնումը կը նախատեսէ, որ Իրան շարունակէ օգտուիլ տնտեսական միջոցներէն։

«Վերահաստատեցինք մեր վճռակամութիւնը, որպէսզի մեր միջեւ անկեղծ ու բաց երկխօսութիւնը շարունակուի, մեր հասարակաց փորձութիւններուն պատասխաններ գտնելու եւ մեր համատեղ շահերու կարեւոր դաշտերէն ներս համագործակցութիւն ծաւալելու համար ամենաբարձր մակարդակի վրայ քննարկենք բոլոր խնդիրները», նշուեցաւ համատեղ յայտարարութեան մէջ, միեւնոյն ժամանակ ընդգծուեցաւ նաեւ Թուրքիա-ԵՄ  համագործակցութեան ամբողջական ներուժի լիարժէքօրէն ի յայտ բերուիլը։ Այս ամբողջին մէջ ընդգծուեցան տնտեսական, առեւտուրի, մաքսի, անվտանգութեան, ելմտական, ուժանիւթի, գաղթի, ահաբեկչութեան դէմ պայքարի եւ մուտքի արտօնութիւններու ազատականացման բնագաւառները։ Համատեղ յայտարարութեան մէջ  մասնաւորապէս շեշտադրուեցաւ ահաբեկչութեան դէմ պայքարի ոլորտը։ Շեշտուեցաւ, որ Թուրքիա եւ ԵՄ շօշափելի քայլեր կ՚առնեն՝ աւելի ազդու ձեւով պայքարելու համար ահաբեկչութեան սպառնալիքին դէմ։

Յայտարարութեան մէջ ընդգծուեցաւ, որ Թուրքիա՝ աշխարհի վրայ ամենաբարձր թիւով ապաստանեալներ եւ գաղթականներ հիւրընկալող երկիրն է։

Երէկուան համատեղ մամլոյ ասուլիսին ընթացքին Ֆետերիքա Մոկերինի ընդգծեց, որ Թուրքիա-ԵՄ յարաբերութիւնները ընդհանրապէս համաշխարհային արտաքին քաղաքականութեան տեսակէտէ մեծ կարեւորութիւն կը ներկայացնեն։ Այս ամբողջին մէջ ան կանգ առաւ Սուրիոյ ճգնաժամին վրայ։ Մոկերինի կարեւորեց Սոչիի համաձայնութիւնը եւ այդ ուղղութեամբ բարձր գնահատանք արտայայտեց Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողանի նկատմամբ։ Բացի Սուրիայէն, Մոկերինի կանգ առաւ Իրաքի, Իրանի, ընդհանրապէս Մերձաւոր Արեւելքի հաշտութեան գործընթացի, Պալքաններու, Լիպիայի եւ Արաբական ծոցի լարուածութիւններու վերաբերեալ խնդիրներուն վրայ։ Ան մատնանշեց, որ այս բոլորը անհրաժեշտութիւն կը ստեղծեն՝ որպէսզի Թուրքիա եւ ԵՄ կանոնաւոր երկխօսութիւն եւ համագործակցութիւն ծաւալեն։ Ան ընդգծեց, որ ներկայիս արտաքին քաղաքականութեան եւ տարածքաշրջանային բնոյթով խնդիրներու պարագային  կողմերու դիրքորոշումները իրարու շատ աւելի մօտ են եւ կողմերու միջեւ ներդաշնակութիւն մը խնդրոյ առարկայ է եւ որոշուած է աւելի սերտ համագործակցութիւն մը ծաւալել։ «Սա ոչ միայն մեր հայրենակիցներուն, այլեւ միեւնոյն ժամանակ ամբողջ տարածքաշրջանի եւ աշխարհի շահերուն տեսակէտէ նպաստաւոր է», ըսաւ Ֆետերիքա Մոկերինի։

Ուրբաթ, Նոյեմբեր 23, 2018