ՆԵՐԴՐՈՒՄՆԵՐՈՒ ԵՐԿԻՐ

Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան երէկ Լոնտոնի մէջ մասնակցեցաւ Վերակառուցման եւ զարգացման  եւրոպական դրամատան՝ Եւրոմիութեան Արեւելեան գործընկերութեան առաջին ներդրումային գագաթաժողովին։ ԵՄ-ի Արեւելեան գործընկերութեան նախաձեռնութեամբ 10-ամեայ յոբելեանի շրջանակին մէջ կազմակերպուած այս գագաթաժողովը միտուած էր ներդրողներու կողմէ աւելի մեծ ուշադրութիւն ապահովել Արեւելեան Եւրոպայի եւ Հարաւային Կովկասի տարածքաշրջաններուն վրայ։

Գագաթաժողովի սկիզբին ողջոյնի խօսքերով հանդէս եկան Վերակառուցման եւ զարգացման եւրոպական դրամատան նախագահ Սումա Չաքրապարտի եւ Եւրոյանձնաժողովի Հարեւանութեան քաղաքականութեան եւ ընդլայնման բանակցութիւններու գծով յանձնակատար Եոհաննէս Հան։ «Խթանելով աճը. հնարաւորութիւններ ներդրողներու համար» խորագրեալ լիագումար քննարկման ժամանակ Արմէն Սարգսեան հանդէս եկաւ ելոյթով մը։ Միւս մասնակիցներն էին Ուքրայնոյ, Սպիտակ Ռուսիոյ, Ատրպէյճանի, Մոլտովայի վարչապետներն ու Վրաստանի փոխ-վարչապետը։

Իր ելոյթին մէջ Արմէն Սարգսեան կոչ ուղղեց, որպէսզի ներդրողներ երթան Հայաստան։ «Հայաստանի մէջ ներդրումներ ընելով՝ իւրաքանչիւր ներդրող կը գտնէ իր գործընկերը», ըսաւ ան եւ աւելցուց, որ բոլորը կրնան իրենց գումարները վստահիլ Հայաստանին՝ որպէս պետութիւն եւ որպէս ելմտական կեդրոն։ «Հայաստանի դրամատնային հատուածը այն սակաւաթիւներէն է, որ կը ներկայացնէ միջազգային դրամատնային ոլորտը։ Մեր երկրին մէջ ունինք մեծ եւրոպական դրամատուներ, տարածքաշրջանային, ռուսական այլ դրամատուներ։ Եւ դրամատնային համակարգը մեր մօտ շատ կայուն է։ Հայաստան փոքր երկիր մըն է, բայց հարուստ է բնական պաշարներով՝ պղինձով, ոսկիով, գիւղատնտեսական ներուժով։ Ան հարուստ է նաեւ ջուրով։ Բնութիւնը կ՚արտադրէ շուրջ 8 միլիառ խորանարդ մեթր ջուր։ Հայաստանը կ՚օգտագործէ միայն 1 միլիառ խորանարդ մեթրը։ Մենք կրնանք մեր պաշարները բաժնել մեր հարեւաններուն հետ։ Սա փոքր, սակայն հարուստ երկիր մըն է, չունի նաւթ կամ կազ, սակայն ունի այլ հարստութիւններ։ Հայաստանը հարուստ է մարդկային պաշարներով։ Եւ վերջապէս Հայաստան կեդրոնացած է ապագայի վրայ, այս իսկ պատճառով մեր բնական պաշարներու վրայ հիմնուած արդիւնաբերութեան առընթեր մենք կը կեդրոնանանք նոր փորձագիտութիւններու, արհեստական բանականութեան, մաթեմաթիկական ձեւաւորման, մեծ տեղեկատուական կառավարման վրայ», ըսաւ Արմէն Սարգսեան։

Հայաստանի փոխ-վարչապետ Տիգրան Աւինեանն ալ մասնակցութիւն բերաւ Լոնտոնի այս գագաթաժողովին, որու ընթացքին Արմէն Սարգսեան վերահաստատեց 2021 թուականին Վերակառուցման եւ զարգացման եւրոպական դրամատան տարեկան ժողովը հիւրընկալելու Երեւանի առաջարկը։ Հայաստանի նախագահ Արմէն Սարգսեան Լոնտոնի մէջ ունեցաւ նաեւ երկկողմանի հանդիպումներ գագաթաժողովի շարք մը մասնակիցներու հետ։

Շաբաթ, Նոյեմբեր 23, 2019