ԱՏՐՊԷՅՃԱՆ ՈՒՂԱՐԿՈՒԵԼԻՔ ԹՐՔԱԿԱՆ ԶՕՐՔԸ ՊԱՏՐԱՍՏ

Ազգային պաշտպանութեան նախարար Հուլուսի Աքար յայտարարեց, որ թուրք զինուորականները Ատրպէյճան պիտի գործուղղուին հնարաւորինս արագ։ Համապատասխան հրամանագրի վերաբերեալ ընթացակարգի աւարտելուն զուգահեռ՝ Ատրպէյճանի մէջ թուրք զինուորներու տեղակայման համար ալ ամէն ինչ պատրաստ է։

Նախարար Աքարի կողմէ կատարուած այս յայտարարութեան առընթեր, Ազգային պաշտպանութեան նախարարութիւնն ալ շաբաթավերջին այս կապակցութեամբ հաղորդեց մանրամասնութիւններ։ Այսպէս, Ատրպէյճան մեկնելիք թուրք զինուորականներու համար կը նախատեսուի մէկ տարուան պաշտօնավարութեան շրջան մը։ «Անատոլու» գործակալութիւնն ալ հաղորդեց, որ Թուրքիոյ ռազմական մասնագէտները Ռուսաստանի հետ Լեռնային Ղարաբաղի շուրջ իրավիճակի դիտարկման կեդրոնէն ներս պիտի ծառայեն տարի մը։ Նախարարութեան բացատրութիւններուն մէջ նշուեցաւ, որ Ռուսաստանի հետ ստեղծուելիք համատեղ դիտարկման կեդրոնի հիմնադրութեան եւ գործունէութեան առանցքներուն վերաբերեալ թեքնիկ մանրամասնութիւններուն շուրջ քննարկումները տակաւին կը շարունակուին։ Թուրք զինուորները Ռուսաստանի հետ ստեղծուելիք համատեղ կեդրոնէն ներս եւ այդ կեդրոնի ծաւալելիք ամբողջ գործունէութեան մէջ տարուան մը ժամկէտով պաշտօն պիտի ստանձնեն։ Տարածքաշրջան ուղարկուելիք զօրամիաւորումներու պատրաստութիւնները արդէն աւարտած են։ Նախարարութիւնը շեշտեց, որ Թուրքիա պիտի շարունակէ իր բոլոր հնարաւորութիւններով Ատրպէյճանի կողքին դիրք գրաւել։

Իր կարգին, Հանրապետութեան նախագահ Էրտողանի բանբերը՝ Իպրահիմ Քալընն ալ նշեց, որ ռուս-թրքական համատեղ դիտարկման կեդրոնին շուրջ բանակցութիւնները կը շարունակուին։ Ըստ Քալընի, երկխօսութեան առաջին փուլը աւարտած է։ Ռուսական կողմը տեղեակ է Անգարայի մօտեցումներէն։ Բանակցութիւններուն կը մասնակցին Արտաքին գործոց նախարարութեան, Ազգային պաշտպանութեան նախարարութեան եւ ՄԻԹ-ի ներկայացուցիչները։ «Յառաջիկայ օրերուն պիտի յստակեցուին կեդրոնի տեղակայման վայրը եւ անոր գործունէութեան սկզբունքները։ Պիտի յստակեցուի նաեւ, թէ ո՛վ, ի՛նչ բանի համար պատասխանատու պիտի ըլլայ։ Այսպէս թէ այնպէս թուրք զինուորականները ներկայացուած պիտի ըլլան Լեռնային Ղարաբաղի մէջ գործելիք այդ կեդրոնէն ներս», ըսաւ Իպրահիմ Քալըն։ Բաց աստի, նախագահի բանբերը անդրադարձաւ վերջին շաբաթներու իրադարձութիւններուն եւ աւելցուց. «Ո՛չ ՆԱԹՕ-ն, ո՛չ ալ Եւրոմիութիւնը այդպէս  չկարողացան հանդէս գալ ղարաբաղեան հիմնախնդրի լուծման որեւէ իրատես առաջարկով։ Ասոր փոխարէն Անգարա եւ Մոսկուա յաջողեցան համաձայնութեան գալ երեսնամեայ հակամարտութեան լուծման շուրջ»։

Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւն ալ շաբաթավերջին գոհունակութիւն յայտնեց Թուրքիա-Ռուսաստան բանակցութիւններուն կապակցութեամբ՝ համատեղ դիտարկման կեդրոնի ստեղծման ուղղութեամբ։ Ըստ իրեն, սա շատ կարեւոր տարր մըն է տարածքաշրջանէ ներս անվտանգութեան եւ կայունութեան ամրապնդման տեսակէտէ։ Ալիեւ գոհունակութիւն յայտնեց նաեւ տարածքաշրջանէ ներս ռուս զինուորականներու գոյութեան կապակցութեամբ՝ անոնց պաշտօնավարութիւնը որակելով ժամանակաւոր։ Ըստ Ալիեւի, Ատրպէյճանի տեսակէտէ բարեկամ երկու երկիրներ՝ Ռուսաստան եւ Թուրքիա պիտի իրականացնեն հրադադարի վերահսկողութիւնն ու հակակշռումը։ «Սա ցոյց կու տայ, որ մեզի հարեւան այդ երկու երկիրներուն միջեւ համագործակցութիւնը կ՚ամրապնդուի», ըսաւ Ալիեւ։

Հարկ է նշել, որ Իլհամ Ալիեւ այս յայտարարութիւնները ըրաւ շաբաթավերջին Պաքուի մէջ Ռուսաստանի Պաշտպանութեան նախարար Սերկէյ Շոյկուն հիւրընկալելու ժամանակ։

Երկուշաբթի, Նոյեմբեր 23, 2020