ԵՆԹԱԳԵՏՆԻ ՈՐՈՆՈՒՄ

Լեռնային Ղարաբաղի պատերազմի ձախողումով պայմանաւորուած ծանր հետեւանքները աղէտի համազօր կացութիւն մը ստեղծած են Հայաստանի տեսակէտէ։ Պատերազմին վերջ տուած հրադադարի համաձայնութիւնը կը գործադրուի տագնապի, առանց չափազանցութեան աղէտի մը մթնոլորտին մէջ։ Պաշտօնական լրահոսին վրայ վիճակագրական տուեալներ կը ներկայացուին Ստեփանակերտ վերադարձողներու մասին, բայց եւ այնպէս, այդ բոլորը համոզիչ դառնալէ շատ հեռու ըլլալ կը թուին։ Լրատուամիջոցներու կայքէջերուն եւ ընկերային ցանցերու վրայ շաբաթավերջին շրջանառութեան մէջ մտան զանազան տեսանիւթեր, որոնք անհաւատալի վիճակներ կը ցոլացնէին։ Ատրպէյճանի վերահսկողութեան տակ անցած զանազան գիւղերու հայ բնակիչները իրենց տուները կը դատարկէին ու կը վերադառնային՝ Ատրպէյճանի բանակի զինուորներու ներկայութեամբ։ Քաղաքական եւ հասարակական գործիչներ ահազանգ կը հնչեցնէին այս բոլորի շուրջ, ինչ որ տարակոյս չի թողուր, թէ պետական համակարգը գրեթէ կաթուածահար դարձած է այս փուլին։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, Ռուսաստանի Պաշտպանութեան նախարարութիւնն ալ սակրաւորներ ուղարկած է Արցախ՝ ականազերծման աշխատանքներու մասնակցելու նպատակով։

Ներքին քաղաքական լարուածութիւնն ալ նոյնիսկ մեղմացնել կարելի չ՚ըլլար Հայաստանէ ներս։ Երեւանի կեդրոնին իրարու կը յաջորդեն բողոքի ցոյցերն ու երթերը. ընդդիմութիւնը յամառօրէն կը շարունակէ պահանջել Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հրաժարականը, ինչ որ կը բարձրաձայնուի բազում հարթութիւններու վրայ։ Առայժմ Նիկոլ Փաշինեան ի գին ամէն բանի կը դիմադրէ եւ զանազան առաջարկներ օրակարգի վրայ կը բերէ, ճանապարհային քարտէսներ հանրային կարծիքի նկատառման կը յանձնէ՝ առկայ կացութեան յաղթահարման հեռանկարով։ Ժողովուրդին տեսակէտէ շատ ալ համոզիչ չեն ըլլար այդ բոլորը, մանաւանդ, որ լրատուամիջոցներու մօտ հեղինակաւոր անձնաւորութիւններու վկայութիւնները կը շարունակուին բացայայտուիլ՝ պատերազմական գործողութիւններու օրերուն վարչապետին կողմէ առնուած որոշումներու թերութիւններուն առընչութեամբ։ Յամենայնդէպս, Հայաստանի ներքին քաղաքական կեանքին մէջ քոնսենսիւսի մը, բեկումնային փուլի մը հասնիլ հնարաւոր չ՚ըլլար՝ հակառակ, որ ներկայ իրավիճակին մէջ յապաղումը կը համարուի աններելի։ Երկրի արիւնահեղութեան կասեցման համար անհրաժեշտ են հրատապ միջամտութիւններ, գործնական քայլեր, լայնախարիսխ մօտեցումներ, եւ այս բոլորին համար պայմաններու ձեւաւորումը կարելի չ՚ըլլար։ Այս համայնապատկերին վրայ շաբաթավերջին տեղ գտաւ նաեւ Նիկոլ Փաշինեանի եւ Արցախի նախագահ Արայիկ Յարութիւնեանի հանդիպումը։

Միւս կողմէ, Երեւանի կեդրոնի ցոյցերու եւ երկրի աննախընթաց ցնցումներու մթնոլորտին մէջ Հայաստան շաբաթավերջին հիւրընկալեց Ռուսաստանի բարձրաստիճան բազմանդամ պատուիրակութիւնը։ Քանի մը նախարարներէ, փոխ-վարչապետներէ եւ բարձրաստիճան դիւանակալներէ բաղկացեալ պատուիրակութիւն մըն էր այս մէկը, որու գլխաւոր դէմքերն էին Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով եւ Պաշտպանութեան նախարար Սերկէյ Շոյկու։ Ռուս պետական գործիչները Երեւանի մէջ ընդունուեցան Նիկոլ Փաշինեանի կողմէ։ Բաց աստի, հիւր պատուիրակութեան անդամներէն իւրաքանչիւրը առանձին քննարկումներ ալ վարեց իր հայ պաշտօնակցին հետ։ Ռուսական պատուիրակութեան յառաջատար դէմքերը նոյն օրը այցելեցին նաեւ Պաքու, ուր եւս հիւրընկալուեցան ամենաբարձր մակարդակի վրայ, տեսակցելով նաեւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հետ։ Անշուշտ, Երեւանի եւ Պաքուի մէջ ծաւալուած քննարկումներու մթնոլորտն ու օրակարգը բոլորովին տարբեր էր։ Հայաստանի տեսակէտէ ստեղծուած աղիտալի իրադրութենէն ելքի ճանապարհին ենթագետնի մը որոնման նշանակութիւն ունեցան քննարկումները։ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեանի եւ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հետ հանդիպումներ ունենալէ վերջ Լաւրով հանդէս եկաւ կարեւոր յայտարարութիւններով։ Ան վերահաստատեց Ռուսաստանի աջակցութիւնը եղբայրական հայ ժողովուրդին։ Ըստ Լաւրովի, Հայաստանի թէ՛ նախագահը եւ թէ վարչապետը ընդգծած են, որ հրադադարի յայտարարութիւնը նպաստած է լուրջ խնդիրներու լուծման եւ իրենց հաւատարմութիւնը յայտնած են պայմանաւորուածութիւններու կատարման ուղղութեամբ։ Երեւանի ղեկավարութիւնը հաստատած է նաեւ Մոսկուայի հետ դաշնակցային յարաբերութիւններու զարգացման ու խորացման կամքը։ Ըստ Լաւրովի, ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակը պէտք է մասնակցի Լեռնային Ղարաբաղի առկայ խնդիրներու լուծման։

Սերկէյ Լաւրով Պաքուի մէջ ալ Ալիեւի հետ տեսակցելէ վերջ հանդէս եկաւ յայտարարութիւններով։ Իր խօսքով՝ Մոսկուայի եւ Պաքուի դիրքորոշումները կը համընկնին էթնիք ու միջկրօնական համերաշխութեան վերականգնման եւ համակեցութեան համար պայմաններ ստեղծելու հարցին մէջ։

Իր կարգին, Սերկէյ Շոյկուն ալ Պաքուի մէջ յայտարարեց, որ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ ամբողջ ծաւալով կը պահպանուի հրադադարը։ Ըստ իրեն, արդէն շուրջ 7 հազար հոգի վերադարձած է Լեռնային Ղարաբաղ՝ Ռուսաստանի խաղաղապահներու ուղեկցութեամբ։

ՅԵՏԱՁԳՈՒՄ

Միւս կողմէ, Թեհրանի աղբիւրները հաղորդեցին, որ Իրանի Արտաքին գործոց նախարար Ճեւատ Զարիֆ յետաձգած է ներկայ շաբթուան սկիզբին նախատեսած այցելութիւնները՝ դէպի Մոսկուա եւ Պաքու։

Երկուշաբթի, Նոյեմբեր 23, 2020