ՎԼԱՏԻՄԻՐ ՓՈՒԹԻՆ ԽՕՍԵՑԱՒ ՀՐԱԴԱԴԱՐԻ ՀԱՄԱՁԱՅՆՈՒԹԵԱՆ ՀԵՂԻՆԱԿՆԵՐՈՒ ՄԱՍԻՆ

Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութին յայտարարեց, որ Լեռնային Ղարաբաղի պատերազմը աւարտին հասցուցած հրադադարի յայտարարութեան բնագրին վրայ աշխատած են այդ մէկը ստորագրած երեք կողմերը։ Ուստի, յայտարարութեան հեղինակները կը համարուին ստորագրադիր երեք կողմերը։

Ռուսաստանի պետական հեռուստակայանէն հեռարձակուած հարցազրոյցին մէջ Փութին ըսաւ. «Բնագրին վրայ կ՚աշխատէինք երեքով՝ բնականաբար ես, Փաշինեանը եւ Ալիեւը։ Այլ ձեւով հնարաւոր ալ չէր։ Ըստ էութեան, սա երկու կողմերու միջեւ համաձայնութիւն մըն էր, իսկ Ռուսաստան միայն միջնորդի դեր կը կատարէր, ինչպէս նաեւ, ըստ այդ փաստաթուղթի իր վրայ կը վերցնէր ուժերու խաղաղ տարանջատման պարտաւորութիւնը։ Մենք հիմա այդ իսկ բանով զբաղած ենք եւ այս պատճառով փաստաթուղթի հեղինակ կը հանդիսանան զայն ստորագրած բոլոր երեք կողմերը»։

Երկուշաբթի, Նոյեմբեր 23, 2020