ՖՐԱՆՍԱՅԻ ԿՈՂՄԷ ՄԱՐԴԱՍԻՐԱԿԱՆ ՕԺԱՆԴԱԿՈՒԹԵԱՆ ՇԱՐԺՈՒՄ

Լեռնային Ղարաբաղի պատերազմին վերջ տուած հրադադարի համաձայնութեան պայմանները կը շարունակեն Հայաստանը ցնցել իրենց ծանր բնոյթով։ Այս մեծ ձախողումին զուգահեռ՝ հայկական կողմը կը դիմագրաւէ նաեւ աննկարագրելի փլուզում մը, աղէտի համազօր մարդասիրական տագնապ մը։ Ստեղծուած իրավիճակին մէջ անհրաժեշտ դարձած են օժանդակութիւններու ներգրաւման ուղղեալ ջանքեր։ Այս ամբողջին մէջ Ֆրանսա շարժման անցած է Հայաստանին եւ Արցախին օգնութիւն փութացնելու համար։

Ֆրանսայի Հանրապետութեան նախագահ Էմմանիւէլ Մաքրոն շաբաթավերջին Փարիզի մէջ այցելեց «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի Ֆրանսայի մասնաճիւղի կեդրոնը։ Ան մասնակցեցաւ Արցախէ տեղահանուած բնակչութեան օգնութեան հասնելու համար ձեռնարկուած դրամահաւաքին։ Մաքրոնի այդ այցելութեան զուգահեռ՝ երէկ երեկոյեան Ֆրանսայէն առաջին օժանդակութիւնը հասաւ Հայաստան։ Այսպէս, Երեւանի Զուարթնոց օդակայանը վայրէջք կատարեց առաջին ֆրանսական օդանաւը, իսկ երկրորդին հասնիլը նախատեսուած է 27 նոյեմբերին։ Ֆրանսայի Արտաքին գործոց նախարարութեան Տագնապներու կեդրոնի կողմէ վարձակալուած այդ օդանաւը Հայաստան փոխադրեց բժշկական սարքաւորումներ եւ դեղօրայք՝ առողջապահական համակարգի կարողութիւնները ուժեղացնելու համար։ Օդանաւին մէջ էին նաեւ առաջին անհրաժեշտութեան պարագաներ, որոնք պիտի տրամադրուին Արցախէն տեղահանուած ըլլալով Հայաստանի մէջ կայք հաստատած անձերուն։

Ֆրանսայի մարդասիրական օժանդակութեան շարժումը ունի լայնածաւալ բնոյթ։ Նախագահ Մաքրոնի եւ Ֆրանսայի Արտաքին գործոց նախարար Ժան-Իվ լը Տրիանի հրամանագրով կեանքի կը կոչուին այդ ջանքերը։ Օգնութիւնները կը ղեկավարուին յատուկ յանձնաժողովի մը եւ Ֆրանսայի Արտաքին գործոց նախարարութեան Տագնապներու կեդրոնին կողմէ։ Այս նպատակով շարժման անցած են պետական կառոյցներ, Հայաստանի հետ համերաշխութեան կազմակերպութեան կեդրոններ, մարդասիրական ընկերակցութիւններ, որոնք ընդգրկուած են «Coordination Sud» կազմակերպութեան կազմէն ներս։ Օգնութիւնը նախատեսուած է երեք ուղղութիւնով։ Առաջին ոլորտը կը վերաբերի բժշկական օգնութեան։ Վիրաբոյժներու եւ բժշկական սարքաւորումներու տեսքով առաջին հրատապ օժանդակութեան ուղարկումէն վերջ, այժմ նոր թռիչքներ կը նախատեսուին։ Երէկ, Երեւան հասած օդանաւը փոխադրեց բժշկական իրեր, մասնաւորապէս՝ 500 հոգիի տարողութեամբ դաշտային շարժական հիւանդանոց մը, անհրաժեշտ բոլոր պարագաներով։ 27 նոյեմբերին նախատեսուած երկրորդ թռիչքով պիտի ուղարկուին ընկերային նշանակութեամբ իրեր, ներառեալ՝ «Ազնաւուր»ի եւ Հայերու աջակցութեան հիմնադրամներուն կողմէ կատարուած օժանդակութիւնները։ Աջակցութեան երկրորդ ոլորտը ուղղուած պիտի ըլլայ նաեւ երկու երկիրներու միջեւ հիւանդանոցային համագործակցութեան ուժեղացման՝ Ֆրանսայի Արտաքին գործոց նախարարութեան գանձատրումով։ Ֆրանսական աջակցութեան երրորդ ուղղութիւնը պիտի դառնայ զօրակցութիւն Հայաստանի այն նախագծերուն համար, որոնք կ՚իրականացուին մարդասիրական կազմակերպութիւններու, ինչպէս նաեւ ՄԱԿ-ի գործակալութիւններու կողմէ։ Այսպէս, Ֆրանսա անմիջական ելմտական օգնութիւն պիտի տրամադրէ այն կառոյցներուն, որոնք կը գործեն տեղւոյն վրայ։

Մարդասիրական օժանդակութեան շարժման առընթեր, Փարիզ քաղաքական եւ դիւանագիտական գետնի վրայ ալ հանդէս կու գայ նախաձեռնութիւններով։ Ֆրանսայի Ծերակոյտը այս չորեքշաբթի՝ 25 նոյեմբերին պիտի քննարկէ նախագիծ մը, որով կը նախատեսուի Լեռնային Ղարաբաղի ճանաչումը։ Այս քննարկման ընդառաջ Ժան-Իվ լը Տրիան երէկ յայտնեց. «Ֆրանսայի, Ռուսաստանի եւ Միացեալ Նահանգներու վրայ յատուկ պատասխանատուութիւն դրուած է։ ՄԱԿ անոնց յանձնարարած է հետեւիլ հակամարտ կողմերու ստանձնած պարտականութիւններու կատարման։ Որպէս ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահներ՝ մենք քիչ ջանք չենք գործադրած հրադադարի հասնելու համար։ Մէկ շաբթուայ ընթացքին երեք անգամ նախաձեռնութիւններ եղած են՝ մասնաւորապէս, իմ ռուս եւ ամերիկացի պաշտօնակիցներուն կողմէ, որպէսզի հասնինք մարտական գործողութիւններու աւարտին, սակայն այդ պահուն անոնք արդիւնք չեն տուած։ Մեր վրայ պատասխանատուութիւն դրած է միջազգային հանրութիւնը եւ Հայաստան ինք կը փափաքի, որ մենք պահպանենք այդ պատասխանատուութիւնը։ Սա մեզմէ կը պահանջէ հաւատարիմ մնալ հաւասարակշռուած դիրքորոշման։ Սակայն, հարկ է ընդունիլ, որ ձեռք բերուած հրադադարի որոշմամբ անորոշութիւն կայ։ Մենք կը փափաքինք, որ այս առումով մեզի տրուին անհրաժեշտ պարզաբանումներ։ Անոնք կը վերաբերին տեղահանեալ անձերու, որովհետեւ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ բազմաթիւ հայեր բնակած են եւ մենք կը ձգտինք, որ այնտեղ վերադառնան այն հայերը, որոնք դուրս եկած են իրենց բնակութեան վայրէն։ Անորոշութիւն կայ նաեւ վարձկաններու հարցին շուրջ։ Պէտք է հասնիլ անոնց դուրսբերման եւ այս ուղղութեամբ համաձայն են ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահ բոլոր երկիրները։ Սա կը վերաբերի նաեւ կրօնական եւ մշակութային ժառանգութեան պահպանման հարցին»։ Ֆրանսացի նախարարը աւելցուց, որ միայն այս բոլոր հարցերու կարգաւորումէն վերջ կարելի է անցնիլ Լեռնային Ղարաբաղի կարգավիճակի վերաբերեալ քննարկումներուն։

Միւս կողմէ, շաբաթավերջին հեռախօսազրոյց մը տեղի ունեցաւ Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Արա Այվազեանի եւ Ժան-Իվ լը Տրիանի միջեւ։

Երկուշաբթի, Նոյեմբեր 23, 2020