ԱՏՐՊԷՅՃԱՆԻ ԲԱՆԱԿԻՆ ԿՈՂՄԷ ՍԱՀՄԱՆԻ ՎՐԱՅ ԲԱՑՈՒԱԾ ԿՐԱԿԻՆ ՀԵՏԵՒԱՆՔՈՎ ԵՐԷԿ ՆԱՀԱՏԱԿՈՒԵՑԱՒ ՀԱՅ ԶԻՆՈՒՈՐ ՄԸ ԵՒՍ

Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանին վրայ երէկ երեկոյեան ժամերուն դարձեալ տեղի ունեցաւ դէպք մը։ Այսպէս, Ատրպէյճանի զինեալ ուժերու ստորաբաժանումները թիրախաւորեցին Գեղարքունիքի մարզի Նորաբակ գիւղի հատուածէն ներս տեղակայուած հայկական դիրքերը։ Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարարութեան աղբիւրները տեղեկացուցին, որ գիւղի ուղղութեամբ հրաձգութիւն սկսած է։

Աւելի ուշ, նախարարութեան աղբիւրները հաղորդեցին, որ Ատրպէյճանի բանակին կողմէ բացուած կրակին հետեւանքով նահատակուած է հայկական բանակէն զինուոր մը։ Այսպէս, երէկուան դէպքին զոհ գացած է Սուրէն Սաֆարեան (2002), որ ժամկէտային զինուորական ծառայող մըն էր։

Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարարութիւնը այս դառն առթիւ ցաւակցութիւն յայտնած է Սուրէն Սաֆարեանի ընտանիքին, հարազատներուն եւ ծառայակից ընկերներուն։

Բախումները տեւած են շուրջ մէկուկէս ժամ եւ աւելի վերջ փոխադարձ հրաձգութիւնը դադրած է։

Երեքշաբթի, Նոյեմբեր 23, 2021