Ո՛Չ ԱՌԱՋԻՆԸ, ՈՉ ԱԼ ՎԵՐՋԻՆԸ

Երուսաղէմի «Կովերու պարտէզ» ազգապատկան կալուածի ապօրինի ու աղմկարար վարձակալութեան հարցին արձագանգները կը շարունակուին։ Երեւանի «Ազգ» թերթին մէջ վերջերս «Օրերու հետ» սիւնակին մէջ այս հարցին վերաբերեալ ուշագրաւ յօդուած մը ստորագրած է Յակոբ Աւետիքեան։ «Հայկական Երուսաղէմ. Խնդիրը աւելի մեծ է, քան «Կովերու պարտէզ»ի պարագան» խորագրեալ այս յօդուարը արեւմտահայերէնի փոխադրելով կը ներկայացնենք ստորեւ։

*

Հոկտեմբերի 27-ին, Երուսաղէմի Սրբոց Յակոբեանց միաբանութեան 12 անդամներու ստորագրութեամբ հրապարակուած յայտարարութիւնը, հայերէն եւ անգլերէն, անամպ երկինքի վրայ ճայթած ամպրոպի տպաւորութիւն թողեց «գործէն» հասկցող հանրութեան վրայ Հայաստանի, մանաւանդ սփիւռքի մէջ, թէեւ բոլորովին անյարիր է անամպ կոչել հայոց երկնակամարը այս օրերուն։

Հայերէն յայտարարութեան մէջ միաբանները անհամաձայնութիւն կը յայտնէին 2021-ի յուլիսի 8-ին Հայոց Պատրիարքութեան «Կովերու պարտէզ» անունով յայտնի տարածքը 7 աստղանի պանդոկ մը կառուցելու համար 99 տարիով աւստրալացի գործարարի մը վարձակալութեան տալու պայմանագրի կնքման դէմ։ Այդ մէկը ստորագրած են պատրիարք Տ. Նուրհան Ս. Արք. Մանուկեան, լուսարարապետ Տ. Սեւան Արք. Ղարիպեան եւ Պատրիարքարանի կալուածոց տեսուչ Տ. Պարէտ Ծ. Վրդ. Երէցեան։ Հակականոնադրական հռչակելով պայմանագիրը՝ միաբանները այդ յայտարարութեամբ կը պահանջէին յետս կոչել ստորագրութիւնները եւ առ ոչինչ համարել պայմանագիրը, քանի որ այդ մէկը չէր քննարկուած ու չէր վաւերացուած Սրբոց Յակոբեանց միաբանութեան տնօրէն ժողովին կողմէ, ինչպէս կը պահանջէ կանոնադրութեան 67-րդ յօդուածը կարճաժամկէտ եւ յատկապէս երկարաժամկէտ վարձակալութեան դէպքերուն։ Մինչդեռ նոյն յայտարարութեան անգլերէն տարբերակը, որ, ըստ էութեան, առաւելապէս ուղղուած է միջազգային հանրութեան, մասնաւորաբար՝ Յորդանանի թագաւորին, Պաղեստինի ինքնավարութեան նախագահին, Հայաստանի կառավարութեան եւ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսին, կը պահանջէ պայմանագիրը ստորագրած երեք հոգեւորականներու հրաժարականը, նոյնիսկ մատնացոյց ընելով անոնցմէ երկուքի հեռանալու վայրը՝ Ամերիկա…

Յայտարարութիւններու հրապարակումէն վերջ, սակայն պաշտօնական մարմիններէն տակաւին չկայ որեւէ արձագանգ, չհաշուած պաղեստինեան կողմէն տարտամ յայտարարութիւն մը։ Ակնկալուածէն շատ աւելի թոյլ, փաստի արձանագրումէն աւելին չեղաւ նաեւ հայկական մամուլի արձագանգը, հակառակ այն կոչին, որով 12 միաբանները կ՚ակնկալէին իրենց նախաձեռնութեան համաժողովրդային աջակցութիւն։ Սփիւռքահայ մամուլը եղաւ զգուշաւոր, իսկ Հայաստանի մամուլը, որ այս օրերուն գերզբաղուած է բոլորիս ծանօթ ու հրատապ այլ հարցերով, գոհացաւ զոյգ յայտարարութիւններու հրապարակմամբ եւ ասպարէզը թողեց «Ֆէյսպուք»ին, ուր առիթը բաց չթողեցին յարձակելու համար Ամենայն Հայոց Հայրապետին վրայ՝ անտեսելով փաստօրէն այն իրողութիւնը, որ Մայր Աթոռը Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարքութեան պարագային ունի ընդամէնը հոգեւոր գերակայութիւն եւ ո՛չ վարչական կամ քաղաքական։ Յառաջիկայ օրերուն կը սպասուի Ռամկավար մամուլի համակարգուած ու միասնական խօսքին։

Մինչ այդ, հարկ կը համարենք յատկապէս մեր հայրենի ընթերցողներուն բացատրել, որ Հայկական Երուսաղէմի մէջ եւ անոր շուրջը ստեղծուած տագնապը շատ աւելի խորքային պատճառներ ունի եւ շատ ցաւոտ հետեւանքներ կրնայ ունենալ, քան որեւէ կալուածի, այս պարագային «Կովերու պարտէզ»ի վարձակալութիւնը, իրականութեան մէջ՝ մեզի համար անոր ընդմիշտ կորուստի հարցը։

Սովորական հայ մարդը կրնայ առարկել, ծանրածանր այս օրերուն, թէ մենք չենք կրնար մեր անմիջական հայրենի հողը պաշտպանել, ալ ո՛ւր մնաց հեռու Երուսաղէմինը ապահովենք։ Սխա՛լ մօտեցում։ Նախ՝ «Կովերու պարտէզ»ը, դժբախտաբար, առաջին դէպքը չէ եւ մի գուցէ վերջինը պիտի չըլլայ։ Անցեալ տասնամեակներուն ու անոնցմէ ալ առաջ, նմանօրինակ գործարքներ շատ եղած են եւ ոչ միայն Երուսաղէմի քաղաքապետարանի, հրէական տարբեր կազմակերպութիւններու եւ անհատներու գցած խայծերով եւ մեր որոշ հոգեւորականներու ընչաքաղցութեան կամ անհեռատեսութեան պատճառով։ Հայապատկան շատ կալուածներ կորսնցուցած ենք ոչ միայն Սուրբ քաղաքի մէջ, այլեւ յարակից՝ Համբարձման լերան վրայ եւ այլ վայրերու մէջ, ո՛չ միայն յօգուտ հրեաներու, այլեւ՝ մահմետական արաբներու։

Երկրորդ՝ ամենաուղիղ կապ կայ Սուրբ վայրերու մէջ մեր երկհազարամեայ իրաւունքները պահել-պաշտպանելու եւ Հայաստանի՝ ներառեալ Արցախը, սահմանները ապահովելու կարողականութեան միջեւ։ Երուսաղէմը աշխարհաքաղաքական հակամարտութիւններու եւ քաղաքական առեւտուրի ամենաթէժ հանգոյցներէն մէկն է երկրագունդի վրայ։ Այդ հանգոյցին մէջ ուժեղ ներկայութիւն ունենալը, ազգային, հոգեւոր եւ մշակութային իրաւունքներ պաշտպանելը մեր կարեւորագոյն եւ հազուագիւտ լծակներէն մէկը կրնար ըլլալ, որու գիտակցումը, ինչպէս կը տեսնենք, կը բացակայի առաջին հերթին Հայոց Պատրիարքութեան մօտ։ Այս վերջնոյն կը թուի, -նկատի ունիմ ոչ միայն Նուրհան Պատրիարքը,- թէ ինք տէրն է 1600 տարի Հայոց թագաւորներու, իշխաններու, հոգեւորականներու, հասարակ ուխտաւորներու նուիրատուութիւններով գոյացած կալուածներու, գանձերու, ինչքերու ու մանաւանդ՝ իրաւունքներու։ Այն ինչ Պատրիարքութիւնը եւ բոլոր միաբանները՝ ներառեալ բողոքաւոր հոգեւորականները, պէտք է գիտակցին, թէ իրենք ընդամէնը խնամակալ-պահակն են (custodian) այդ բոլորի, որու համար պէտք է հաշուետու ըլլան հոգեւոր վերին իշխանութեան, ազգին ու պետութեան։ Պատրիարքն ու Սրբոց Յակոբեանց ողջ միաբանութիւնը պէտք է դուրս գան հաշուետուողականութեան տեսակէտէ իրենց ձեռնտու ինքնամեկուսացումէն։ Թափանցիկ ու կանխատեսելի դարձնեն իրենց գործունէութիւնը, ինչ որ միակ ճանապարհն է վստահութեան դրամագլուխ ունենալու։

Երեքշաբթի, Նոյեմբեր 23, 2021