«ՊԷՅՐՈՒԹԱԼՔՈՒՄ»

Գաղտնիք չէ, որ ոեւէ անհատի համար իր ծննդավայրը աշխարհի ամենէն սիրելի վայրն է։ Ծնունդ, յետոյ կենսուրախ մանկութիւն, ժիր պատանեկութիւն ու սպասուած՝ երիտասարդութիւն։

Այս բոլորէն կ՚անցնի մարդ անհատը անընդհատ որոնելով իր գոն, իր գոյութեան իմաստը, իր ներկայութիւնը հաւաքականութեան մէջ եւ ի վերջոյ գտնելու իր կեանքի իմաստը։

Մինչեւ կեանքի վարդահեղեղ գարուններու աւարտը, ինչպէս ամէն բանի համար, մարդ արարածս նոյնպէս անփոյթ կ՚ըլլայ այն արժէքներուն հանդէպ, որոնցմէ աճած է իր եսը։ Գոյաւորուած է իր անձը, կերտուած է տարբերուելու այցեքարտը եւ ի վերջոյ իր հոգեւոր հսկայ շէնքի լուսաւոր պատուհանը։ Եւ իրաւացի պիտի ըլլամ, որ հազար տեսակի կորուստներէն, տագնապներէն, երբեմն ապշող ու յաճախ ալ անգնահատելի թուացող արժէքներուն մէջ ամենէն ուրոյն տեղը, ամենէն մնայուն հարթակը եւ ամենէն գեղեցիկ խաղավայրը ծննդավայրն է։

Ծննդավայրը տօն է, ի՛նչ պատկերի մէջ ալ ըլլայ ան, ի՛նչ ձեւաչափի, ի՛նչ պրիսմակի եւ ինչ նուիրականութեան յարած ըլլայ ան։ Այս բոլորը գրեցի յիշելու համար, որ ինչպէս երէկ, այսօր եւս Պէյրութը կը շարունակէ մնալ բոլոր մակարդակներով իրական ծննդավայրը։ Բան մը, որմէ հեռանալը անկարելիութիւն կը համարէի. տեղ մը, ուրկէ հրաժարիլը այսօր իսկ կը համարեմ անկարելի։

Գուցէ ժամանակաւոր էր այդ հեռացումը, գուցէ եւ անայլայլօրէն պարտաւորեցնող էր այդ «պէյրութալքում»ը, բայց եւ այնպէս, անկէ ետք բացուող անդաստանները բնաւ չունեցան (չէին ալ կրնար ունենալ) այդ քաղաքը հիմնապէս փոխարինելու յաւակնութիւնը։

Տարիները անցան, ճիշդ երէկ էր կարծես, երբ Ելից գիրքին հետեւելով, աւելի արեւոտ օրեր որոնելու ըղձանքով, ընտանիքս առաջնորդելով ես հեռացայ Պէյրութէն։ Արդէն տասը երկա՜ր տարիներու հեռաւորութիւն մը կայ այսօր, բայց ոչ մէկ ատեն այդ «Մեծն Պէյրութ»ը չհեռացաւ ինձմէ։

Մնաց մէջս, քայլերուս, մտքիս, երազներուս, առօրեայիս, հրայրքիս, խոհագրութեանս եւ առաւելապէս՝ լրագրողութեանս մէջ։

Եւ հիմա այսօրուան այս հանդիսաւոր պահուն, երբ Լիբանանն ու Պէյրութը կը նշեն անկախութեան տօնի 79-ամեակը, հարկ համարեցի քանի մը խոհ, քանի մը մտածում բաժնեկցիլ ձեզի հետ։ Գուցէ մէջս եղող կարօտի կրակը խաղաղի, գուցէ հանդարտիմ, գուցէ թափառական հոգիս ետ դառնայ հեռաւոր ափերէն ու անգամ մը եւս, այս անգամ ուրիշ պրիսմակով նայի Պէյրութին։

Ստորեւ ներկայացուած խոհագրութիւնը առաւելաբար բաժնեկցիլ մըն է, հանդիպում մըն այն մտածումներուն հետ, որոնք միշտ հետս են, որոնք յաճախ մարմին կը ստանան ամէն անգամ, որ մտածեմ ծննդավայրիս մասին։

«Լիբանանի առեւանգուած անկախութիւնը»։ Չնայած շատ սիրելի Շահան Գանտահարեանի ստորագրած խմբագրականը տակաւին չեմ կարդացած, սակայն խորագիրը արդէն ամէն ինչ կ՚ըսէ... Այո՛ գողտրիկ Լիբանանը այսօր առեւանգուած է։

Գողցուած է Լիբանանը՝ մեզմէ, իր սիրելիներէն խլուած է եւ այսօր այսպէս թեւաթափ ու տխուր կը նշէ իր անկախութեան 79-րդ տարեդարձը։

Երկիր՝ որ լուսատու ափ է, երկիր՝ որ գիրի եւ միտքի օրրան է եւ երկիր՝ որ սիրոյ եւ հիւրընկալութեան օրինակ է, այսօր կ՚ապրի իր ամենամութ եւ ամենադաժան օրերը։

Դեռ կը հաւատան լիբանանցիները անոր փիւնիկեան առասպելին, անոր յարութեան եւ վերյառնումին. չեմ գիտեր, սակայն ես վստահօրէն կ՚ուզեմ հաւատալ... Կ՚ուզեմ հաւատալ, որ անոր ցորենը պիտի զատուի սեւ գարիէն, լոյսը մութէն, ազատութիւնը վախէն, կրթութիւնը տգիտութեան խաւարէն եւ ամենակարեւորը՝ կը հաւատամ, որ Լիբանանիս համակեցութեան փորձը չդառնայ փորձաքար, այլ դառնայ կայուն վէմ ու բոլոր մարդիկը, բոլոր սեւ ու սպիտակ ուժերը, բոլոր չարակամները պարզապէս ապշին եւ զարմանան, թէ ինչպէս դարձեալ ոտքի կանգնեցաւ այս շէնշող երկիրը։

Յատուկ սէրս՝ Պէյրութին, որ Մերձաւոր Արեւելքի հարսն է եւ լոյսի կտորը։

Յատուկ սէր այն քաղաքին, որուն կանաչը, որուն տերեւները եւ որուն ջուրն ու զեփիւռը արհեստական չեն։

Յատուկ խոնարհում անոր բնակիչներուն եւ իմ բոլոր ընկերներուս, որոնք կը շարունակեն իրենց ու մեր պայքարը եւ հպարտօրէն վեր կը պահեն հայութեան եւ հայկականութեան դրօշակը Լիբանանի բոլոր ծագերուն...

Յատուկ սէր Պէյրութիս երգիչներուն, վայելուչներուն, բանաստեղծներուն, արհեստաւորներուն, իմ հարեւաններուս՝ մարոնիթ, շիի, ուղղափառ եւ սիւննի, յատուկ սէր մը իրենց...

Յատուկ սէր մը բոլոր պայքարողներուն, որոնք սեւ հացը սպիտակի կը վերածեն։

Սէր՝ խնամակալներուն, բարեգործներուն, բժիշկներուն, մայրապետներուն, շէյխերուն ու հեռաւոր գիւղերու մաքուր ու սպիտակ խորաններու աղօթքի կերոնները վառ պահողներուն։

Յաւերժ յիշատակ՝ Մուսա Սատըրին, Քամալ Ժոմպլաթին, Աբօ Աշճեանին, Խաչիկ Պապիկեանին, Խորէն Ա. Կաթողիկոսին, Մովսէս Տէր-Գալուստեանին, մեթր Հրաչեայ Սեդրակեանին, Գերսամ Ահարոնեանին, Ժիրայր Նայիրիին, Արթին Մատէեանին, Ֆուատ Շըհապին, Սէյիտ Հասան Ֆատլալլային, Քամէլ Ասհատին, Սուլայման Ֆրանժիյէ աւագին, Էլիաս Սարգիսին, Մուշեղ Իշխանին, Աբրահամ Ալիքեանին, Սապահին, Ուատիհ ալ Սաֆիին եւ տակաւին հարիւր հարիւրներու, որոնց երազով ու բառով ապրեցանք ու դեռ ալ կ՚ապրինք...

Յատուկ սէր Լիբանանի կապոյտին, անոր գմբէթներուն, մինարէներուն՝ «Հըրիսա»ին, Անթիլիասին եւ Պիքֆայային ու տակաւին շատ-շատ տեղերու, որոնք իմ մէջ են, երակներուս եւ շունչիս մէջ...

Յատուկ սէր Լիբանանին, որ միայն ծննդավայր մը չէ, այլ աւելին է եւ յատուկ յարգանք բոլոր անոնց, որոնք հպարտ են իրենց լիբանանցիութեամբ։

Այսօր յարգանքի օր է եւ յոյսի օր, որպէսզի ի վերջոյ բոլոր անոնք, որոնք առեւանգած են այդ երկիրը, հրաժարին այդ սեւ գործէն ու թոյլ տան, որ վերընձիւղի բոլորին համար լոյսի եւ յոյսի կտոր՝ Լիբանանը։

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Երեւան

Չորեքշաբթի, Նոյեմբեր 23, 2022