ԵՐԿՐԱՇԱՐԺ ՏԻՒԶՃԷԻ ՄԷՋ
Այս առաւօտեան կանուխ ժամերուն Տիւզճէի մէջ տեղի ունեցաւ երկրաշարժ մը, որու պատճառած ցնցումը զգալի դարձաւ նաեւ Իսթանպուլէն։ Թեքիրտաղէն մինչեւ Իզմիր՝ բազմաթիւ քաղաքներու մէջ զգալի դարձաւ երկրաշարժը, որուն յաջորդեցին յետցնցումներ։
Կը հաղորդուի, որ ժամը 04.08-ին տեղի ունեցած երկրաշարժի կեդրոնը կը գտնուէր Տիւզճէի Կէօլեաքա գաւառակին մէջ։ Ռիխթերեան չափանիշով սաստկութիւնը կազմած է 5.9։ Կարգ մը աղբիւրներու հաղորդումներուն մէջ սաստկութիւնը նշուած է 6։ Երկրաշարժը պատահած է 6.81 քիլօմերթ խորութեան վրայ։
NTV-ի հաղորդումներով, Տիւզճէի մէջ դէպքին հետեւանքով յիսուն հոգի վիրաւորուեցաւ՝ մէկի պարագան ծանր է։ Քաղաքի կարգ մը բնակարաններու եւ գործարաններու պատերը փուլ եկան, շինութիւններուն վրայ յառաջացան ճաքեր։ Կարգ մը բնակարաններէն ներս ալ կարասիները փուլ եկած են։ Ստեղծուած իրավիճակին մէջ քաղաքի բնակիչները խուճապահար դուրս եկած են իրենց տուներէն։
Ներքին գործոց նախարար Սիւլէյման Սոյլու երկրաշարժէն անմիջապէս վերջ փութաց Տիւզճէ եւ տեղւոյն վրայ ըրաւ ուսումնասիրութիւններ։ Նախարար Սոյլու տեղեկացուց, որ ութ հազար բնակարանի պարագային յառաջացած են վնասներ։
Երկրաշարժի հետեւանքով Տիւզճէի, Սաքարիայի, Պոլուի եւ Զոնկուլտաքի մէջ դպրոցները մէկ օրով փակուեցան։
Իր կարգին, Տիւզճէի քաղաքապետ Ֆարուք Էօզլիւ յայտնեց, որ երկրաշարժի պատճառած ցնցումը շատ ուժգին ձեւով զգալի դարձած է քաղաքին մէջ։
Մինչ այդ, նախազգուշական միջոցներու շրջանակին մէջ, քաղաքէն ներս որոշ ժամանակ խզուեցաւ ելեկտրական հոսանքը։