ԳԵՐՄԱՆԻԱ ԿԸ ԿԱՐԵՒՈՐԷ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՈՒԺԱՆԻՒԹԻ ԱՆԿԱԽՈՒԹԵԱՆ ԱՄՐԱՊՆԴՈՒՄԸ
Երեւանի ղեկավարութիւնը այս օրերուն հիւրընկալեց Գերմանիոյ տնտեսական զարգացման ու համագործակցութեան նախարարութեան պետական քարտուղար Միլս Աննենը։ Հայաստանի տնտեսութեան նախարար Վահան Քերովբեան բանակցութիւններ վարեց հիւր բարձրաստիճան պաշտօնատարին հետ, որ ընդունուեցաւ նաեւ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի կողմէ։
Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, Երեւան-Պերլին համագործակցութեան ուղղութեամբ ներկայիս կը բացուին նոր ճանապարհներ։ Գերմանիոյ կառավարութիւնը դրամաշնորհներու եւ վարկերու տեսքով Հայաստանին կը տրամադրէ 84.6 միլիոն եւրօ օժանդակութիւն։
Քերովբեանի եւ Աննենի գլխաւորութեամբ Երեւանի մէջ տեղի ունեցած հայ-գերմանական բանակցութիւններէն վերջ ստորագրուեցաւ նաեւ արձանագրութիւն մը։ Գերմանիոյ կողմէ յատկացուելիք միջոցները Հայաստան պիտի օգտագործէ միջին մասնագիտական թեքնիք կրթութեան, ինչպէս նաեւ վերականգնուող ուժանիւթի ոլորտէն ներս նոր ծրագրեր իրականացնելու համար։ Գերմանացի պաշտօնատարը Երեւանի մէջ յայտնեց, որ իր երկիրը անմիջական ուշադրութիւն կը ցուցաբերէ Հայաստանի ուժանիւթի անկախութեան ամրապնդման ուղղութեամբ։