ՀՐԱԴԱԴԱՐ ՉԿԱՅ…

Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի ճա­կա­տին վրայ առ­կայ լա­րուա­ծու­թիւ­նը տա­կաւ կը դառ­նայ ա­հա­զան­գա­յին։ Ատր­պէյ­ճա­նի կող­մէ հրա­դա­դա­րի տե­ւա­կան ու սիս­տե­մա­թիք խախ­տում­նե­րը, իսկ վեր­ջին շրջա­նին ան­նա­խըն­թա­ցօ­րէն ծանր զի­նա­տե­սակ­նե­րու օգ­տա­գոր­ծու­մը անշր­ջա­դար­ձե­լիօ­րէն մտա­հո­գիչ ի­րադ­րու­թիւն մը յա­ռա­ջա­ցու­ցած են։ Այս մթնո­լոր­տին մէջ, Հա­յաս­տա­նի Պաշտ­պա­նու­թեան նա­խա­րա­րու­թեան բան­բեր Արծ­րուն Յով­հան­նի­սեան ե­րէկ հան­դէս ե­կաւ զգա­յա­ցունց յայ­տա­րա­րու­թիւն­նե­րով։ «Հրա­դա­դար այ­լեւս չկայ։ Պա­տե­րազ­մի մէջ ենք», յայ­տա­րա­րեց ան։

Տա­կա­ւին քա­նի մը օր ա­ռաջ Պեռ­նի մէջ հան­դի­պած էին Հա­յաս­տա­նի Նա­խա­գահ Սերժ Սարգ­սեան եւ Ատր­պէյ­ճա­նի Նա­խա­գահ Իլ­համ Ա­լիեւ՝ ԵԱՀԿ-ի Մինս­քեան խմբա­կի հա­մա­նա­խա­գահ­նե­րուն միջ­նոր­դու­թեամբ։ Ակն­յայտ է, որ ա­պար­դիւն գա­գա­թա­ժո­ղով մըն էր այս մէ­կը, սա­կայն ա­ռա­ջին ան­գամ չէ, որ նա­խա­գահ­նե­րու մա­կար­դա­կով տե­սակ­ցու­թիւն մը կը մնար անպ­տուղ։ Յա­մե­նայն­դէպս, այս ան­գա­մուան ան­նա­խըն­թաց ե­րե­ւոյ­թը ե­ղաւ այն, որ նա­խա­գահ­նե­րու թէ­կուզ ա­պար­դիւն հան­դի­պում­նե­րէն վերջ ապ­րուած յա­րա­բե­րա­կան հան­դար­տու­թիւ­նը չստեղ­ծուե­ցաւ, այլ՝ ընդ­հա­կա­ռակն։

Ե­րէկ, լրագ­րող­նե­րու հետ զրու­ցե­լու ըն­թաց­քին Արծ­րուն Յով­հան­նի­սեան յայտ­նեց, որ Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի հա­կա­մար­տու­թեան մա­սին խօ­սե­լու ժա­մա­նակ ա­նի­մաստ է օգ­տա­գոր­ծել «հրա­դար­դա­րի խախ­տում» եզ­րոյ­թը, ո­րով­հե­տեւ ըստ էու­թեան հրա­դա­դար այ­լեւս գո­յու­թիւն չու­նի։ «Մենք չու­նինք խա­ղա­ղու­թիւն, մենք ու­նինք յա­րա­բե­րա­կան հան­գիստ», ը­սաւ բան­բե­րը եւ ա­ւել­ցուց, թէ Ատր­պէյ­ճան կ՚ըն­թա­նայ իր յա­տուկ նշա­նա­կու­թեամբ ու­ժե­րու հիւծ­ման ճա­նա­պար­հով։ Ըստ ի­րեն, ա­զէ­րի կող­մը կը փա­փա­քի լուրջ վնաս հասց­նել հայ­կա­կան կող­մին, բայց չի յա­ջո­ղիր, այլ ընդ­հա­կա­ռակն ա­ւե­լի հուժ­կու հա­կա­հա­րուած­ներ կը ստա­նայ։

Ե­րէկ, Ատր­պէյ­ճա­նի Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րա­րու­թեան բան­բեր Հիք­մէթ Հա­ճիեւն ալ անդ­րա­դար­ձաւ այս նիւ­թին եւ ը­սաւ, թէ հրա­դա­դա­րը խախ­տուած է հայ­կա­կան զօր­քե­րու Ատր­պէյ­ճա­նի տա­րած­քէն ներս ա­պօ­րի­նի գո­յու­թեան հե­տե­ւան­քով։ Ըստ ի­րեն, Հա­յաս­տան պար­տա­ւոր է ետ քա­շուե­լու իր ձեռք ան­ցու­ցած տա­րածք­նե­րէն։ Միայն այս ձե­ւով տա­րած­քաշր­ջա­նէ ներս կա­րե­լի է խօ­սիլ տե­ւա­կան խա­ղա­ղու­թեան մը մա­սին։

Միւս կող­մէ, Ար­ցա­խի ղե­կա­վա­րու­թիւնն ալ ու­շադ­րու­թեամբ կը հե­տե­ւի վեր­ջին ի­րա­դար­ձու­թիւն­նե­րուն։ «Ար­մէնփ­րէս»ի հա­ղոր­դում­նե­րով, Ստե­փա­նա­կեր­տի մէջ ե­րէկ տե­ղի ու­նե­ցաւ Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի Անվ­տան­գու­թեան խոր­հուր­դին ժո­ղո­վը՝ գլխա­ւո­րու­թեամբ Նա­խա­գահ Բա­կօ Սա­հա­կեա­նի։  

 

Չորեքշաբթի, Դեկտեմբեր 23, 2015