ՄՈՍԿՈՒԱՅԻ ԼԱԶԱՐԵԱՆ ՃԵՄԱՐԱՆԻՆ ՅՈԲԵԼԵԱՆԸ
Երէկ, Մոսկուայի մէջ, Ռուսաստանի Միջազգային յարաբերութիւններու պետական կաճառէն ներս Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Եդուարդ Նալպանտեան մասնակցութիւն բերաւ յոբելենական յատկանշական ձեռնարկի մը։ Այսպէս, հանդիսաւոր ձեւով նշուեցաւ Մոսկուայի Լազարեան ճեմարանի հիմնադրութեան 200-ամեակը ու բացուեցաւ այս յոբելեանին ձօնուած ցուցահանդէս մը։ Ներկայ էր նաեւ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Ռուսաստանի Թեմի Առաջնորդ Տ. Եզրաս Արք. Ներսիսեան։
Մոսկուայի Միջազգային յարաբերութիւններու պետական կաճառի վերատեսուչ ակադեմիկոս Անաթոլի Թորքունովի գլխաւորութեամբ այս համալսարանի դասախօսները, շրջանաւարտները եւ ուսանողներն ալ մասնակցութիւն բերին ձեռնարկին։ Թորքունով ելոյթ մը ունենալով անդրադարձաւ Լազարեան ճեմարանի հարուստ գիտական եւ գրական ժառանգութեան։ Իր ուղեկցութեամբ Նալպանտեան շրջայց մը կատարեց ցուցահանդէսի սրահէն ներս, ուր ներկայացուած էին այս կաճառի գրադարանի հազուագիւտ գիրքերու մասնաբաժնին մօտ ի պահ դրուած Լազարեաններու գրադարանի նմոյշները։ Նոյն ցուցահանդէսին ընթացքին ներկայացուած են լուսանկարներ Լազարեաններու ընտանիքի, անոր անդամներուն կողմէ ծաւալուած գործունէութեան վերաբերեալ, ինչպէս նաեւ փաստաթուղթեր՝ Լազարեան ճեմարանի հիմնադրման եւ կառավարման շուրջ։ Ցուցանմոյշներուն մէջ առանձնայատուկ տեղ կը գրաւեն Լազարեան ճեմարանի շինութեան մասին տեղեկութիւնները, ճեմարանին կողմէ հրատարակուած աշխատութիւններու եզակի նմոյշներ, ուսանողներու, շրջանաւարտներու եւ դասախօսներու լուսանկարները, անոնց շնորհուած պարգեւները եւ մետայլները։
Այս առթիւ ելոյթով մըն ալ հանդէս եկաւ Եդուարդ Նալպանտեան, որ խորհրդանշական համարեց, թէ երկու ամիս առաջ Երեւանի մէջ կազմակերպուած Մուսկուայի Միջազգային յարաբերութիւններու պետական կաճառի շրջանաւարտներու երրորդ միջազգային ֆորումը տեղի ունեցած էր Լազարեան ճեմարանի 200-ամեակի խորագրին ներքեւ եւ այդ յոբելեանին ձօնուած շարք մը ձեռնարկներ կատարուած էին։ Այդ շարքին մէջ Եդուարդ Նալպանտեան վերյիշեց միջազգային ֆորումի թեմաթիք նիստերէն մին, յոբելեանին նուիրուած գիրքերու շնորհանդէսը, լուսանկարչական ցուցահանդէսը եւ նոյն առթիւ թողարկուած դրոշմաթուղթին կնքումը։ Նոյնպէս այդ ժամանակ ծնած էր նոյն ցուցահանդէսը Մոսկուայի մէջ ալ կազմակերպելու գաղափարը եւ Նալպանտեան ուրախութիւն յայտնեց, թէ այդ ծրագիրը արդէն դարձած է իրականութիւն։ Ան համոզուած է, թէ Լազարեան ճեմարանի պատմութիւնը Հայաստանի եւ Ռուսաստանի պատմութեան վառ էջերէն մին է։ Ըստ էութեան, Ռուսաստանի մէջ Լազարեան ճեմարանը հանդիսացած է այն առաջին մասնագիտական կրթօճախը, ուր պատրաստուած են դիւանագէտներ։ Ճեմարանը եղած է նաեւ հայկական մշակոյթի կարեւոր կեդրոն մը։ Այնտեղ ուսանած են բազմաթիւ ականաւոր գործիչներ՝ թէ՛ հայ, թէ՛ ռուս եւ թէ այլ ժողովուրդներու ներկայացուցիչներ։ Ըստ Նալպանտեանի, Լազարեան ճեմարանի առաքելութիւնը գուցէ լաւագոյն ձեւով ներկայացուցած է յայտնի ռուս պատմաբան Սէրկէյ Կլինքա, որ զայն բնութագրած է որպէս հոգիներու եւ մտքի մերձեցման օճախ։