ԱՄԱՆՈՐԵԱՆ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ
Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեան երէկ Ամանորի առթիւ մէկտեղուեցաւ երկրի գործարար աշխարհի ներկայացուցիչներուն հետ։ Նախագահական ապարանքին մէջ սարքուած ընդունելութեան ընթացքին ան մաղթեց, որ կառավարութեան եւ ձեռներէցներու համագործակցութիւնը ամրապնդուի աւելի բարձր մակարդակի վստահութեամբ։ Ընդունելութեան ներկայ էին նաեւ Վարչապետ Կարէն Կարապետեան, պետական աւագանիէն այլ դէմքեր եւ բարձրաստիճան դիւանակալներ։
Սերժ Սարգսեան հաւաքոյթի ընթացքին նշեց, որ կառավարութիւնը հնարաւորութիւն կ՚ընձեռէ բոլորին համար արդիւնաւէտ համագործակցութեան նոր հիմքեր դնելու՝ ապագայ զարգացման համար։ «Վերջին տարիներուն իրականացուած հետեւողական աշխատանքի շնորհիւ էապէս փոխուած է Հայաստանի արտաքին տնտեսական միջավայրը։ Այդ աշխատանքի արդիւնքով փոխուած են այն գործօնները, որոնք կ՚ապահովեն տնտեսական աճ։ Ակնյայտ է, որ մեզի համար անհրաժեշտ է զարգացման արագընթաց աճ։ Իսկ սա, իր հերթին, անհրաժեշտ կը դարձնէ տնտեսական զարգացման նոր շեշտադրումներու որդեգրումը», ըսաւ ան ու մատնանշեց, որ արտածման ուղղեալ քաղաքականութեան նախաձեռնութիւնը եղած է առաջին քայլերէն մին։