Մանսուրեան ԿԸ ՍՏԵՂԾԱԳՈՐԾԷ Ապրիլեան Պատերազմի ԶՈՀԵՐՈՒՆ ՀԱՄԱՐ

Տիգ­րան Ման­սու­րեան ապ­րի­լեան պա­տե­րազ­մի հե­րոս­նե­րուն նուի­րուած ստեղ­ծա­գոր­ծու­թիւն կը գրէ: Լրագ­րող­նե­րու հետ հան­դիպ­ման ժա­մա­նակ, Հա­յաս­տա­նի Մշա­կոյ­թի նա­խա­րար Ար­մէն Ա­մի­րեան նշեց, որ ինք մաէսթ­րո­յին պա­տուի­րած է գրել նման ստեղ­ծա­գոր­ծու­թիւն մը։ «8-10 վայր­կեան­նոց պի­տի ըլ­լայ ստեղ­ծա­գոր­ծու­թիւ­նը, որ կ՚ու­զեմ հնչէ Ապ­րի­լի 24-ին կա­յա­նա­լիք հա­մեր­գին: Ապ­րի­լի 24-ին տե­ղի պի­տի ու­նե­նայ հա­մա­հայ­կա­կան սիմ­ֆո­նիք նուա­գա­խում­բի ա­ռա­ջին հա­մեր­գը։ Կը փա­փա­քիմ, որ այս հա­մեր­գը եզ­րա­փա­կուի Ման­սու­րեա­նի նոր գոր­ծով», ը­սած է Ա­մի­րեան:

Ուրբաթ, Դեկտեմբեր 23, 2016