ՖՐԱՆՍԱՀԱՅ ՆԿԱՐՉՈՒՀԻ ԱՍԻԼՎԱՅԻ ԳՈՐԾԵՐԸ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒԵՑԱՆ ՄԱԿ-Ի ԺԸՆԵՒԻ ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՅԱՆԷՆ ՆԵՐՍ

Ֆրան­սա­հայ յայտ­նի նկար­չու­հի Ա­սիլ­վա վեր­ջերս հա­մա­գու­մա­րի մը մաս­նակ­ցու­թիւն բե­րաւ ՄԱԿ-ի Ժը­նե­ւի կեդ­րո­նա­կա­յա­նէն ներս։

«Ա­րա­րատ» գի­տու­թիւն­նե­րու մի­ջազ­գա­յին ա­կա­դե­միոյ նա­խա­գահ Փրոֆ. Յա­կոբ Քըր­քեա­շա­րեա­նի կազ­մա­կեր­պու­թեամբ՝ Աս­լի­վա մաս­նակ­ցե­ցաւ ՄԱԿ-ի Ժը­նե­ւի կեդ­րո­նէն ներս կազ­մա­կեր­պուած Հա­մաշ­խար­հա­յին գի­տա­կան 8-րդ հա­մա­ժո­ղո­վին։ Այս հա­ւա­քոյ­թի բաց­ման եւ փակ­ման փու­լե­րուն յայտ­նի ա­րուես­տա­գի­տու­հին ար­տա­յայ­տուե­ցաւ հա­մաշ­խար­հա­յին խա­ղա­ղու­թեան նիւ­թին շուրջ։ Բաց աս­տի, հա­մա­ժո­ղո­վի օ­րե­րուն ՄԱԿ-ի Ժը­նե­ւի կեդ­րո­նա­կա­յա­նէն ներս ներ­կա­յա­ցուե­ցան Ա­սիլ­վա­յի ստեղ­ծա­գոր­ծու­թիւն­նե­րը։

Նոյն օ­րե­րուն, Սեն Փե­թերս­պուր­կի Հիմ­նա­կան ու­սում­նա­սի­րու­թիւն­նե­րու մի­ջազ­գա­յին հա­մալ­սա­րա­նի վե­րա­տե­սուչն ալ Ա­սիլ­վան պար­գե­ւատ­րեց իր հաս­տա­տու­թեան մե­տայ­լով։

Հա­մա­ժո­ղո­վի ըն­թաց­քին զա­նա­զան զե­կու­ցում­ներ ներ­կա­յա­ցուե­ցան հա­յե­րէ­նով, անգ­լե­րէ­նով եւ ֆրան­սե­րէ­նով՝ աշ­խար­հի խա­ղա­ղու­թեան, տե­ւա­կան զար­գաց­ման ա­պա­հով­ման, ա­ռող­ջա­պա­հու­թեան եւ հիմ­նա­կան գի­տու­թիւն­նե­րու բնա­գա­ւառ­նե­րուն, ինչ­պէս նաեւ լե­զուա­բա­նա­կան նիւ­թե­րու շուրջ։ 

Շաբաթ, Դեկտեմբեր 23, 2017