ՇԻՇԼԻԻ ՔԱՂԱՔԱՊԵՏԱՐԱՆԻ ԽՐԱԽՈՒՍԱՆՔՈՎ ՆՇԱՆԹԱՇԸԻ ՄԷՋ ԱՄԱՆՈՐԵԱՆ ԲԱՑՕԹԵԱՅ ԽԱՆԴԱՎԱՌ ՔԷՐՄԷՍ
Նշանթաշըի Աքքաւաք փողոցի «Մըսթըք» ճեմապարտէզին մէջ շաբաթավերջին տեղի ունեցաւ բացօթեայ քէրմէս մը, որուն մասնակցութիւն բերին մեր շարք մը համայնքային վարժարանները, ինչպէս նաեւ «Քարիթաս» միջազգային օժանդակութեան հաստատութիւնը։ Շիշլիի քաղաքապետ Մուամմէր Քեսքինի եւ քաղաքապետական խորհուրդի անդամներէն Սելինա Տողանի կողմէ խրախուսուած ծրագիր մըն էր այս մէկը, որուն մասնակցեցան Կեդրոնական վարժարանը, Մխիթարեան վարժարանը, Գարակէօզեան Տունը, Պոմոնթիի Մխիթարեան վարժարանը եւ Շիշլի մարզակումբը։ Մեր գրեթէ բոլոր վարժարանները վաղուց կը կազմակերպեն քէրմէսներ եւ այս ուղղութեամբ ունին հարուստ փորձառութիւն։ Յամենայնդէպս, շաբաթավերջի այս ծրագիրը ունէր եզակի բնոյթ մը, որովհետեւ սա տուեալ դպրոցէ մը դուրս կազմակերպուած հաւաքական քէրմէս մըն էր։
Բացօթեայ տաղաւարներուն վրայ այցելուներու տրամադրութեան տակ դրուած էին Ամանորի շրջանին բնորոշ զանազան իրեղէններ եւ ուտեստեղէններ։ Բոլոր այցելուներուն եւ անցորդներուն մօտիկ հետաքրքրութեան առարկայ դարձաւ քէրմէսի ճոխ տեսականին, որ մատուցուած էր տասներկու բացօթեայ տաղաւարներու վրայ։