ԹԵՀՐԱՆ-ՊԱՔՈՒ ՇՓՈՒՄՆԵՐ

Իրանի Արտաքին գործոց նախարար Ամիր Ապտուլլահիան երէկ շփումներ ունեցաւ Պաքուի մէջ, ուր ընդունուեցաւ Ատրպէյճանի Արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամովի կողմէ։ Համատեղ մամլոյ ասուլիսի ընթացքին Ապտուլլահիան յայտնեց, որ տարածաշրջանի երկիրները կրնան լուծել իրենց խնդիրները, դուրսի միջամտութեան կարիք չկայ։ «Պէտք չէ տարածաշրջանէ դուրս երկիրներէն խնդրել, որ որոշեն մեր ճակատագիրը ու լուծեն մեր խնդիրները։ Անոնց համար մեր տարածաշրջանէն ներս տեղ չի կրնար ըլլալ։ Տարածաշրջանի երկիրները ունին անհրաժեշտ կամք խնդիրը լուծելու համար», ըսաւ ան։

Միեւնոյն ժամանակ, Ապտուլլահիան տեղեկացուց, որ Իրանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ ձեռք բերուած են կարեւոր համաձայնութիւններ, երկկողմանի յարաբերութիւնները արագօրէն պիտի զարգանան։ Թեհրանի նոր ղեկավարութեան առաջնահերթութիւններու շարքին է Պաքուի հետ յարաբերութիւնները առաւելագոյն մակարդակով զարգացնելը։ «Մենք պիտի շարունակենք համագործակցութիւնը ռազմաքաղաքական ոլորտէ ներս», ըսաւ ան։

Ապտուլլահիան Պաքուի մէջ ընդունուեցաւ նաեւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի կողմէ։

Միւս կողմէ, Ապտուլլահիանի Թեհրան այցելութեան զուգահեռ՝ Իրանէն խորհրդարանական պատուիրակութիւն մըն ալ այս օրերուն շփումներ ունեցաւ Երեւանի մէջ։ Իրան-Հայաստան բարեկամութեան երեսփոխանական խումբի անդամներէն բաղկացած էր այդ պատուիրակութիւնը, որ երէկ հիւրընկալուեցաւ Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Արմէն Գրիգորեանի կողմէ։ Խումբին մէջ էր նաեւ Իրանի խորհրդարանի Ազգային անվտանգութեան եւ արտաքին քաղաքականութեան մշտական յանձնաժողովի անդամ Մահմուտ Պիղաշ, որ կարեւորեց Հարաւային Կովկասի նշանակութիւնը իր երկրին տեսակէտէ։ Տարածաշրջանային կայունութիւնն ու անվտանգութիւնը, սահմաններու անձեռնմխելիութիւնը կարմիր գիծեր են Թեհրանի համար, որու տեսակէտէ անհանդուրժելի է տարածաշրջանէ ներս որեւէ տարածքային փոփոխութիւն։ Իր կարգին, Արմէն Գրիգորեանն ալ զրոյցի ընթացքին կարեւորեց Երեւան-Նախիջեւան-Ջուլֆա երկաթուղիի գործարկումը՝ ընդգծելով, որ ան տնտեսական զարգացում պիտի ապահովէ տարածաշրջանի երկիրներուն համար։

Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 23, 2021