ԾԱՆՐԱԲԵՌՆՈՒԱԾ ՕՐԱԿԱՐԳ

Երէկ, Երեւանի մէջ տեղի ունեցաւ Հայաստան-Ռուսաստան համագործակցութեան միջկառավարական խորհուրդի 20-րդ նիստը։ Բանակցութիւնները գլխաւորեցին Հայաստանի փոխ-վարչապետ Մհեր Գրիգորեան եւ Ռուսաստանի փոխ-վարչապետ Ալեքսէյ Օվերչուք, որ ընդունուեցաւ նաեւ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի կողմէ։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, երկու փոխ-վարչապետները յայտարարութիւններով հանդէս եկան երէկուան բանակցութիւններու արդիւնքներուն շուրջ։ Այսպէս, տեղեկացուեցաւ, որ Ռուսաստան յառաջիկայ տարի անփոփոխ պիտի պահէ Հայաստանի մատակարարած բնական կազի սակագինը։ Ըստ Մհեր Գրիգորեանի, այժմ կան հարցեր, որոնց շուրջ պէտք է համաձայնութեան հասնիլ։ Իր կարգին, Ալեքսէյ Օվերչուքն ալ մատնանշեց, որ Ռուսաստան շահագրգռուած է Հայաստանի հետ զարգացնելու համար փոխադարձ առեւտուրն ու ներդրումները։

Երէկուան բանակցութիւններուն ընթացքին քննարկուեցան առեւտրատնտեսական յարաբերութիւններու զարգացման, փոխադրութեան, ուժանիւթի, բարձր թեքնոլոժիներու, առողջապահութեան, կրթութեան ու փոխադարձ հետաքրքրութեան առարկայ այլ ոլորտներէ ներս համագործակցութեան վերաբերեալ հարցեր։ Փոխ-վարչապետները արդիւնքներուն շուրջ ստորագրեցին նաեւ արձանագրութիւն մը։

Այս միջկառավարական յանձնաժողովի ձեւաչափը ներկայիս առանձնայատուկ կարեւորութիւն կը ներկայացնէ՝ յետպատերազմեան պայմաններուն բերումով։ Երեւան-Մոսկուա-Պաքու առանցքին վրայ ստեղծուած՝ տարածաշրջանային հաղորդակցութիւններու ապաշրջափակման օրակարգի նիւթերը կը համընկնին հայ-ռուսական բանակցութիւններու առաջնահերթութիւններուն հետ։ Թէ՛ Գրիգորեան եւ թէ Օվերչուք արդէն կը գլխաւորեն՝ փոխ-վարչապետներու մակարդակով այդ եռակողմանի աշխատանքային խումբը։

Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 23, 2021