ՄԱՆՈՒԿԵԱՆ ԱՄՈԼԷՆ ՏԱՐԵՄՈՒՏԻ ԽՐԱԽՈՒՍԱՆՔ

Ազգային բարերար Վաչէ եւ Թամար Մանուկեան ամոլը տարեվերջի առթիւ նուիրատուութիւն մը ըրաւ Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութեան (ՀԲԸՄ)։ Վաչէ Մանուկեան, որ ՀԲԸՄ-ի Հոգաբարձուներու խորհուրդի նախագահն է, իր կողակցին հետ 1 միլիոն տոլար յատկացուց աշխարհատարած այս բարենպատակ կառոյցին, որպէսզի անոր ծրագրերը յաջողութեամբ պսակուին եւ գործունէութիւնը ընդլայնի։

ՀԲԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան նախագահ Պերճ Սեդրակեան այս առթիւ ըսաւ. «Գաղտնիք չէ, որ Մանուկեանի առատաձեռնութիւնը կը բխի ո՛չ միայն անոնց՝ որպէս հպարտ հայ ու նուիրեալ մարդասէր սրտի խորքէն, այլեւ՝ ռազմավարական նկատառումներէն։ Անոնց ձեռքը մշտապէս ժամանակի զարկերակին վրայ է՝ անոնք կը կարողանան ճիշդ գնահատել կարիքները, որսալ պահը եւ ապահովել ապագան։ Մենք երախտապարտ ենք Մանուկեաններուն ու բոլոր նուիրատուներուն։ Առանց որոնց աջակցութեան ՀԲԸՄ չէր կրնար բարեյաջող իրականացնել իր առաքելութիւնը»։

Լիբանանի մէջ ծնած Վաչէ Մանուկեան աշխարհի բազմաթիւ երկիրներու մէջ գործարարութիւն հաստատած է։ Բարեսիրութեան անկեղծ մղումը ժառանգած ըլլալով իր ընտանիքէն՝ ան ստեղծած է բարենպատակ նախաձեռնութիւններու կայացած աւանդութիւն մը ամբողջ աշխարհէ ներս։ Իր տիկնոջ հետ միասին ան երկար տարիներ աջակցած է Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ գործունէութեան եւ ընդհանրապէս հայկական շահերու խթանման։ Անոնց բարեգործութեան ոգին դրսեւորուած է բազմաթիւ նախաձեռնութիւններով՝ ի շահ ո՛չ միայն հայութեան, այլեւ՝ միջազգային աւելի լայն հանրութեան։ Մանուկեաններու աջակցութեամբ կեանքի կոչուած են մարդասիրական, կրթական, մշակութային ու կրօնական մեծ ծրագրեր։

Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 23, 2021