ՆԱԽԱԳԱՀ-ՎԱՐՉԱՊԵՏ ԶՐՈՅՑ

Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան եւ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան երէկ հանդիպում մը ունեցան Երեւանի մէջ։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, զրոյցի ընթացքին անոնք քննարկեցին երկրի առջեւ ծառացած արտաքին ու ներքին մարտահրաւէրներն ու անոնց յաղթահարման եզրերը։ Արմէն Սարգսեան եւ Նիկոլ Փաշինեան անդրադարձան նաեւ կառավարութեան օրակարգի ընթացիկ ծրագրերուն եւ առաջնահերթութիւններուն։

Միւս կողմէ, Արմէն Սարգսեան հարցազրոյց մը տուաւ «Asia Times»ին։ Այս առթիւ ան յայտնեց, որ Ատրպէյճան Հայաստանի հետ սահմանազատման գործընթացէն առաջ կը փորձէ օգտագործել յաղթողի դիրքը՝ սեփական խաղը պարտադրելու եւ խաղալու համար։ «Մեր զինուորները պատանդ են Ատրպէյճանի մէջ, կան անուններ, որոնց ճակատագրերը անյայտ են», նշեց Արմէն Սարգսեան։

Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 23, 2021