ԿՐԹԱԿԱՆ ՄՇԱԿՆԵՐՈՒ ՀԱՒԱՔ

Երուսաղէմի Հայոց վանքէն ներս Թարգմանչաց եւ Ժառանգաւորաց վարժարաններու քննութեան շրջանը արդէն վրայ հասած է՝ 2022-2023 կրթական շրջանի առաջին կէսի եզրափակիչ փուլին ընդառաջ։ Թարգմանչացի եւ Ժառանգաւորացի ուսուցչական կազմերը երէկ հաճելի հաւաք մը իրականացուցին՝ տեսուչ հայր սուրբին գլխաւորութեամբ։ Քննութիւններու ծանր շրջանին ընդառաջ անոնք համախմբուեցան Նոր տարուան առթիւ, բարեմաղթութիւններ փոխանակեցին իրարու հետ՝ տօնական բարձր տրամադրութեամբ։

Արձակման փուլին բոլորի մաղթանքն էր, որ 2023 թուականը լաւ անակնկալներու առիթ դառնայ Հայ Երուսաղէմին եւ անոր կրթական հաստատութիւններուն տեսակէտէ։ Երէկուան հաւաքին ներկայ էր նաեւ բանասէր-գրականագէտ Սեւան Տէյիրմենճեան (առաջին շարքի վրայ, ամենաաջին նստած), որ Երուսաղէմի մէջ սպասարկութիւն կը բերէ որպէս հայերէնի ուսուցիչ։

Ուրբաթ, Դեկտեմբեր 23, 2022