Տ. ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ՎՐԴ. ՏԱՄԱՏԵԱՆ ՊԱՏԱՐԱԳԵՑ ՆԻՒ ԵՈՐՔԻ Ս. ՆԵՐՍԷՍ ԸՆԾԱՅԱՐԱՆԻ ՄԱՏՐԱՆ ՄԷՋ

Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւելեան թեմէն ներս Սուրբ Ներսէս ընծայարանի աշնան շրջանը հասաւ իր աւարտին։ Ծանօթ է, որ այս շրջանին Արեւելեան թեմէն ներս կը գտնուի նաեւ Պատրիարքական Աթոռի միաբաններէն Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեան, որ սեպտեմբերէն ի վեր հաստատուած է այս ընծայարանէն ներս։

Աշնան շրջանի փակման առթիւ քարոզեց Տ. Վահան Եպսկ. Թոփալեան, որ այս ընծայարանի նախկին սաներէն է։

Ընծայարանի Ս. Յակոբ մատրան մէջ աշնան շրջանի փակման առթիւ պատարագեց Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեան։ Ամէն տարի այս տօնակատարութիւնը կը զուգադիպի Ս. Յակոբ Մծբնայ Հայրապետի յիշատակութեան տօնին։ Յաւարտ Ս. Պատարագի ընծայարանի սեղանատան մէջ սարքուեցաւ սիրոյ սեղան։ Այս առթիւ սրտի խօսք մը արտասանեց ընծայարանի տեսուչը՝ Տ. Մարտիրոս Աւ. Քհնյ. Չեւեան։

Ուրբաթ, Դեկտեմբեր 23, 2022