«ՈՒՐԲԱԹ, ՇԱԲԱԹ, ԿԻՐԱԿԻ» ԼՈՒՍԱՆԿԱՐՉԱԿԱՆ ՑՈՒՑԱՀԱՆԴԷՍԸ՝ ԱՐԴԷՆ 18-ՐԴ ԱՆԳԱՄ

Շիշլիի քաղաքապետութեան «Նազըմ Հիքմէթ» մշակոյթի եւ գեղարուեստական տան երդիքին տակ բացուած է «Ուրբաթ, շաբաթ, կիրակի» լուսանկարչական ցուցահանդէսը, որ կը ցոլացնէ Թուրքիոյ մէջ միաստուածեան կրօններու հաւատացեալներու կեանքը։ Այս ցուցահանդէսը արդէն 18-րդ անգամ կը կրկնուի, ինչ որ վառ արտայայտութիւն մըն է գեղարուեստասէրներու կողմէ անոր վայելած անմիջական ուշադրութեան տեսակէտէ։

Համակեցութեան, փոխադարձ հասկացութեան եւ յարգանքի, նոր մշակոյթներ ճանչնալու նպատակները որդեգրած լուսանկարիչներու խումբի մը կողմէ նկարահանուած դրուագներու համադրութիւնն է այս ցուցահանդէսը, որու ծիրէն ներս ներկայացուած գործերը ունին փաստավաւերագրական նշանակութիւն։

Թուրքիոյ յոյն համայնքի յառաջատար դէմքերէն Լաքի Վինկասի մտայղացումով՝ 2015 թուականին ի մի եկան լուսանկարիչներ՝ Ալպերթօ Մոնտիանօ, Պերճ Արապեան, Էմինէ Իւլքերիմ, Մկրտիչ Արծիւեան եւ Նիքոլաս Մանկինաս։ Այս վերջնոյն անժամանակ կորուստէն վերջ խումբին միացան Նաթալի Ռիցման եւ Մարթա Սէօմեք։ Փոփոխութեան ենթարկուած ձեւաչափը գործերու որակին վրայ ազդելէ անդին՝ առիթ հանդիսացաւ հոգելոյս Նիքոլաս Մանկինասի յիշատակին նկատմամբ յարգանքի թարմ պահուիլը։

«Ուրբաթ, շաբաթ, կիրակի» ցուցահանդէսը, որ ցարդ արտասահմանի մէջ ալ կրկնուած է, ներկայ տօնական շրջանին այս անգամ Շիշլիի քաղաքապետութեան հովանաւորութեան ներքեւ հերթական անգամ գեղարուեստասէր հասարակութեան ուշադրութեան կը յանձնուի։ Շաբաթավերջին կատարուեցաւ 18-րդ կրկնութեան բացման հանդիսութիւնը, որու ընթացքին ստեղծուեցաւ ոգեւոր մթնոլորտ։ Ցուցահանդէսի բացման զուգահեռ գործադրուեցաւ նաեւ գեղարուեստական յայտագիր, որու ընթացքին ներկայացուեցան պարեր եւ երաժշտական կատարումներ՝ մանաւանդ Ռըզա Քիւչիւքտողան ծափահարութիւններու արժանացաւ ժողովրդական երգերով։ Լուսանկարիչներու խումբէն Էմինէ Իւլքերիմ եւ Ալպերթօ Մոնտիանօ հակիրճ ելոյթներով ողջունեցին ներկաները՝ մանաւանդ շնորհակալութիւն յայտնելով Լաքի Վինկասին, Շիշլիի քաղաքապետ Ռեսուլ Էմրահ Շահանին, քաղաքապետարանի մշակոյթի եւ ընկերային ծրագրերու գծով պատասխանատուներէն Իւլքէր Ունճուին եւ այլն։ Ցուցահանդէսը բաց պիտի մնայ մինչեւ 10 յունուար 2025 թուականը։ 

Երկուշաբթի, Դեկտեմբեր 23, 2024