Կլէյտիս Պէրէճիքլեան դարձած է Նոր Հարաւային Ուելսի Վարչապետ

Կլէյ­տիս Պէ­րէ­ճիք­լեան դար­ձած է Նոր Հա­րա­ւա­յին Ո­ւելս նա­հան­գի 45-րդ վար­չա­պե­տը: Ան, Յու­նուար 23­ին, միա­ձայն ընտ­րուած է Լի­պե­րալ կու­սակ­ցու­թեան ղե­կա­վա­րի պաշ­տօ­նին: Այս մա­սին կը հա­ղոր­դէ «Ար­մէնփ­րէս» լրատու գոր­ծա­կա­լու­թիւ­նը՝ վկա­յա­կո­չե­լով բրի­տա­նա­կան The Guardian պար­բե­րա­կա­նը:

Լի­պե­րալ կու­սակ­ցու­թեան կող­մէ հրա­ւի­րած հան­դի­պու­մը տե­ւած է ա­ռա­ւե­լա­գոյ­նը 15 վայր­կեան: Պէ­րէ­ճիք­լեան, իբ­րեւ կու­սակ­ցու­թեան ա­ռաջ­նորդ ընտ­րե­լուե­լէն զատ, ա­նոր փո­խը ընտ­րուած է ե­լեւմ­տա­կան նա­խա­րար Տո­մի­նիք Փե­րո­տե­տը:

Կ՚ակն­կա­լուի, որ Պէ­րէ­ճիք­լեա­նի երդմ­նա­կա­լու­թեան ա­րա­րո­ղու­թիւ­նը տե­ղի ու­նե­նայ Կա­ռա­վա­րու­թեան տան մէջ կա­յա­նա­լիք ձեռ­նար­կին:

Նոր Հա­րա­ւա­յին Ո­ւել­սի նո­րըն­տիր վար­չա­պե­տը տե­ղե­կա­ցու­ցած է, որ իր նոր գրա­սե­նեա­կը ո­րո­շե­լու հա­մար կը պա­հան­ջուի շուրջ մէկ շա­բաթ ժա­մա­նակ:

Երեքշաբթի, Յունուար 24, 2017