ՔՐԵՄԼԻՆԻ ՄԷՋ ԶՐՈՅՑ

Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան երէկ Մոսկուայի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ Ռուսաստանի  նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ։ Քրեմլինի պալատէն ներս նախագահները տեսակցեցան շուրջ երկու ժամ։ Երէկուան քննարկումներու արդիւնքով յայտնի դարձաւ, որ Թուրքիա եւ Ռուսաստան կը շարունակեն լիարժէք փոխըմբռնումով ընկալել Սուրիոյ արիւնալի տագնապի կարգաւորման հեռանկարները՝ ներառեալ  երկրի հիւսիսին անվտանգ գօտիի մը ստեղծման հարցը։ Էրտողան եւ Փութին Քրեմլինի պալատէն ներս նախ ունեցան առանձնազրոյց մը, որմէ վերջ գլխաւորեցին պատուիրակութիւններու բանակցութիւնը։ Երկու ղեկավարներու կողքին էին բարձրաստիճան պաշտօնատարներ։ Էրտողանի ուղեկիցներու շարքին գտնուեցան Արտաքին գործոց նախարար Մեւլիւտ Չավուշօղլու, Ազգային պաշտպանութեան նախարար Հուլուսի Աքար, Ուժանիւթի նախարար Ֆաթիհ Տէօնմէզ, Գիւղատնտեսութեան եւ անտառներու նախարար Պեքիր Փաքտեմիրլի, ՄԻԹ-ի խորհրդական Հաքան Ֆիտան, նախագահականի հաղորդակցութեան բաժանմունքի պետ Ֆահրետտին Ալթուն, բանբեր Իպրահիմ Քալըն եւ այլ բարձրաստիճան պաշտօնատարներ։

Միացեալ Նահանգներու կողմէ զօրքերը Սուրիայէն ետ քաշելու վերաբերեալ առնուած որոշումի լոյսին տակ, Էրտողան եւ Փութին քննարկեցին նոր իրադրութիւնով պայմանաւորուած հեռանկարները։ Անոնք մասնաւորապէս կանգ առին Սուրիոյ ճգնաժամի քաղաքական կարգաւորման, անվտանգ գօտիի ստեղծման եւ Իտլիպի իրադարձութիւններուն վրայ։ Էրտողան Մոսկուայի մէջ յայտնեց, որ ամերիկեան զօրքերու դուրսբերման փուլին պէտք չէ ստեղծուի պարապութիւն մը, որ կրնայ չարաշահուիլ ահաբեկիչներու կողմէ։ Նախագահ Էրտողան յայտնեց, որ Թուրքիոյ եւ Ռուսաստանի համագործակցութիւնը երաշխիք մըն է Սուրիոյ խաղաղութեան, անվտանգութեան եւ կայունութեան տեսակէտէ։ Երկու երկիրները միասնաբար պիտի պայքարին ահաբեկչական կազմակերպութիւններուն դէմ, որոնք կը ձգտին թիրախաւորել անոնց համագործակցութիւնը։ Նախագահ Էրտողան ընդգծեց, որ Սուրիայէ ներս անվտանգ գօտիի մը ստեղծման խնդրին շուրջ որեւէ նեղութիւն խնդրոյ առարկայ չէ Ռուսաստանին հետ։

Իր կարգին, Վլատիմիր Փութինն ալ յայտնեց, որ ռուսական կողմը կը յարգէ Թուրքիոյ շահերը՝ անվտանգութեան երաշխաւորման կէտին վրայ։ Իր խօսքով՝ երկու երկիրները Սուրիայէ ներս համագործակցութիւն պէտք է ծաւալեն բախումներու աւարտին եւս։ Փութին դրական համարեց ԱՄՆ-ի զօրքերը Սուրիայէն դուրս բերելու վերաբերեալ որոշումը։ Ան աւելցուց, որ ռուսական կողմը կը խրախուսէ Դամասկոսի ղեկավարութեան քիւրտերու հետ երկխօսութեան մէջ ըլլալը։ Ռուս ղեկավարը աւելցուց, որ այդ երկխօսութիւնը թէ՛ Սուրիոյ հասարակութեան մէջ միասնականութիւնը պիտի ամ-րապնդէ եւ թէ հարեւան երկիրներու շահերուն տեսակէտէ նպաստաւոր պիտի ըլլայ։

Մոսկուայի երէկուան յայտարարութիւններուն մէջ Փութին տեղեկացուց, որ Թուրքիա-Ռուսաստան-Իրան եռակողմանի հերթական գագաթաժողովն ալ յաջորդ ամիս տեղի պիտի ունենայ իր երկրի հիւրընկալութեամբ։ Այս երեք երկիրներու ղեկավարները Մոսկուայի մէջ պիտի քննարկեն Սուրիոյ տագնապի ներկայ փուլին շուրջ խնդիրներ։

Էրտողան եւ Փութին երէկ կանգ առին նաեւ երկկողմանի համագործակցութեան վրայ։ Հանրապետութեան նախագահը յիշեցուց, որ կողմերը որդեգրած են իրենց առեւտուրի ծաւալը 100 միլիոն տոլարի մակարդակին բարձրացնելու նպատակը։

Հինգշաբթի, Յունուար 24, 2019