ԵՒՐՈՊԱՅԻ ԱՄԵՆԱՀԻՆ ՍՐՃԱՐԱՆՆԵՐԸ

Եւրոպայի ամենահին սրճարանը կը պատրաստուի նշել իր 300-ամեայ յոբելեանը։ Այսպէս, Վենետիկիի մէջ գտնուող, Իտալիա, «Ֆլորիան» սրճարանը, որ ամենահինը կը համարուի Եւրոպայի տարածքին, կը պատրաստուի նշել իր 300-ամեայ յոբելեանը: Սուրբ Մարկոսի (Սան Մարքօ) հրապարակին վրայ գտնուող այս հաստատութիւնը բացուած է 1720 թուականի դեկտեմբերի 29-ին՝ դեռ Վենետիկի սրբազան հանրապետութեան գոյութեան ժամանակ։

Սկզբնական շրջանին սրճարանը կոչուած է «Յաղթական Վենետիկ»: Սակայն շուտով ան սեփականատիրոջ՝ Ֆլորիանօ Ֆրանչեսքոնիի անունով վերանուանած են «Ֆլորիան»: 19-րդ դարու կէսերուն սրճարանը զգալիօրէն ընդլայնուած եւ ամբողջովին վերափոխուած է: Այդ ժամանակէն ի վեր ներքին յարդարանքն ու իրեղէնները յատուկ փոփոխութիւններու չեն ենթարկուած։ «Ֆլորիան»ի մշտական յաճախորդները եղած են Ճաքոմօ Քազանովան, որ ծնած է սրճարանի բացուելէն հինգ տարի վերջ, լորտ Պայրընը եւ անոր ընկերը՝ Փերսի Շելլին, ինչպէս նաեւ Չարլզ Տիքընսընը եւ Կոտէնը։ 20-րդ դարուն անոր սեղաններու շուրջը նստած են Էրնեստ Հեմինկուէյ, Չարլի Չափլին եւ Էնտի Ուորհըլ։ Յոբելեանի առթիւ հանդիսութիւնները ծրագրուած են սեպտեմբերին եւ դեկտեմբերի վերջաւորութեան: Իսկ առայժմ «Ֆլորիան»ի մէջ կը սպասուի բարեկենդանին, որ պիտի սկսի փետրուարի 8-ին։ «Մեր մօտ աւանդաբար կը հաւաքուին ամենագեղեցիկ ու շքեղ դիմակներ կրող մարդիկ: Նստելով մեր սեղաններու շուրջը՝ հանրութիւնը կը դիտէ բարեկենդանի գլխաւոր խրախճանքները», ըսած են սրճարանին պատասխանատուները:

Իտալիայի երկրորդ ամենահին սրճարանը կը գտնուի մայրաքաղաք Հռոմի մէջ: Ան նշանաւոր «Քաֆէ Կրեքօ»ն է, որ բացուած է 1760 թուականին (Իտալիայի միաւորուած թագաւորութեան կազմաւորումէն գրեթէ մէկ դար առաջ)՝ յոյն վտարանդիի մը կողմէ։ Այդ սրճարանը կը սիրէր այցելել նաեւ Նիքոլայ Կոկոլ (1809-1852), որ Հռոմի մէջ ապրած էր մի քանի տարի։

Պատմական սրճարաններ են նաեւ «Քուաթրի»ն, որ բացուած է 1775 թուականին, եւ «Լեւանա»ն, որ կը գտնուի Սուրբ Մարկոսի տաճարի դիմաց. ան բացած են 1750 թուականին: Անոնք այսօր բաց են ու կը սպասարկեն այցելուներուն։ Վենետիկեան սրճարանները ամենահիներն են ներկայիս գործողներէն։

Իսկ առաջին սրճարանները Եւրոպայի տարածքին յայտնուած են տակաւին 17-րդ դարու վերջին՝ առաջին անգամ Աւստրիոյ մայրաքաղաքը՝ Վիեննայի եւ Ֆրանսայի մայրաքաղաքը՝ Փարիզի մէջ, իսկ այնուհետեւ Վենետիկի մէջ։

Սրճարաններուն բացումը կապուած է Հին աշխարհի մէջ սուրճի յայտնուելուն հետ: Կ՚ենթադրուի, որ սուրճը բերած են Օսմանեան կայսրութեան զինուորները, որոնք 1683 թուականին երկու ամիս պաշարած էին Վիեննան: Կ՚ենթադրուի նաեւ, որ ամենաառաջին սրճարանը Վիեննայի մէջ բացուած է 1685 թուականին:

Ուրբաթ, Յունուար 24, 2020