ՀԱՄԱԳՈՐԾԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ՕՐԱԿԱՐԳ
Երեւանի մէջ յառաջիկային պիտի բացուի Հոլանտայի դեսպանատուն։ Համապատասխան անհրաժեշտ նամակը երէկ յանձնեց Հոլանտայի Արտաքին գործոց նախարար Սթեֆ Պրուք, որ պաշտօնական այցելութիւն մը տուաւ Երեւան։ Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Զօհրապ Մնացականեան բարձր մակարդակի վրայ հիւրընկալեց իր պաշտօնակիցը, որ յարգանքի այցելութիւն մըն ալ տուաւ Ծիծեռնակաբերդ։ Սթեֆ Պրուք օրուան տեւողութեան հիւրընկալւեցաւ նաեւ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի կողմէ։ Մնացականեան եւ Պրուք Երեւանի մէջ նախ ունեցան առանձնազրոյց մը, որմէ վերջ գլխաւորեցին պատուիրակութիւններու բանակցութիւնները։ Նախարարները սարքեցին նաեւ համատեղ մամլոյ ասուլիս մը։ Հանդիպումներու ընթացքին անդրադարձ կատարուեցաւ միջազգային եւ տարածքաշրջանային օրակարգի շարք մը հրատապ հարցերու։ Մնացականեան ներկայացուց Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրի վերաբերեալ վերջին զարգացումները եւ հակամարտութեան բացառապէս խաղաղ կարգաւորման ուղղեալ բանակցային գործընթացէն ներս Երեւանի որդեգրած սկզբունքային դիրքորոշումն ու մօտեցումները։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, այս նիւթերը արծարծուեցան նաեւ Նիկոլ Փաշինեանի եւ Սթեֆ Պրուքի հանդիպման ժամանակ։
Նախարարները կանգ առին թէ՛ երկկողմանի յարաբերութիւններու եւ համագործակցութեան զարգացման հեռանկարներուն եւ թէ Հայաստան-Եւրոմիութիւն համագործակցութեան զարգացման վրայ։
«Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, Հայաստան եւ Հոլանտա կը ծրագրեն յառաջիկայ շրջանին մասնաւորապէս ընդլայնել իրենց համագործակցութիւնը բարձր փորձագիտութիւններու եւ գիւղատնտեսութեան բնագաւառներէն ներս։